Ամովս մարգարեյի գիրք

1

1Թեկուէի հովիւներուն մէջէն եղող Ամովսի խօսքերն են, որոնք Յուդայի թագաւորին Ոզիայի օրերը ու Իսրայէլի թագաւորին Յովասի որդւոյն Յերոբովամի օրերը, գետնաշարժէն երկու տարի առաջ, տեսիլքով անոր յայտնուեցան Իսրայէլի վրայով: 2Ու ըսաւ, Տէրը Սիօնէ պիտի գոչէ, Ու Երուսաղէմէ իր ձայնը պիտի տայ. Եւ հովիւներուն արօտները սուգ պիտի բռնեն, Ու Կարմեղոսի գլուխը պիտի չորնայ: ա) ՍՈՒՐԻԱ

Աստուած Իսրայէլի դրացիները կը դատէ

3Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Դամասկոսի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը ետ պիտի չդարձնեմ. Քանզի անոնք Գաղաադը երկաթէ կամնասայլերով ծեծեցին. 4Սակայն Ազայէլի տանը վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Ու Բենադադի պալատները պիտի ուտէ: 5Եւ Դամասկոսի նիգերը պիտի կօտըրտեմ, Ու Աւենի դաշտէն բնակիչը, Ու Եդեմի տունէն գաւազան բռնողը պիտի կոտրեմ. Եւ Ասորւոց ժողովուրդը Կիր գերի պիտի քշուի, կ’ըսէ Տէրը:

բ) ՊԱՂԵՍՏԻՆ

6Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Գազայի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը ետ պիտի չդարձնեմ. Քանզի անոնք գերիները բոլորովին գերի քշեցին, Որպէս զի Եդովմի ձեռքը մատնեն. 7Սակայն Գազայի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Ու անոր պալատները պիտի ուտէ. 8Եւ Ազովտոսէ բնակիչը, Ու Ասկաղոնէ գաւազան բռնողը պիտի կոտրեմ, Եւ իմ ձեռքս Ակկարոնի վրայ պիտի դարձնեմ, Ու Փղշտացւոց մնացորդը պիտի կորսուի, Կ’ըսէ Տէր Եհովա:

գ) ՏԻՒՐՈՍ

9Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Տիւրոսի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը ետ պիտի չդարձնեմ. Քանզի գերիները բոլորովին Եդովմի ձեռքը մատնեցին, Ու եղբայրական ուխտը չյիշեցին. 10Սակայն Տիւրոսի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Ու անոր պալատները պիտի ուտէ:

դ) ԵԴՈՎՄ

11Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Եդովմի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը ետ պիտի չդարձնեմ. Քանզի իր եղբայրը սրով հալածեց, Ու իր ողորմութիւնը կտրեց. Եւ իր բարկութիւնը միշտ պատռեց, Ու իր կատաղութիւնը յաւիտեան պահեց. 12Սակայն Թեմանի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Ու Բօսրայի պալատները պիտի ուտէ:

ե) ԱՄՄՈՆ

13Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ամմոնի որդիներուն երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոնց պատիժը ետ պիտի չդարձնեմ. Քանզի Գաղաադի յղի կիները ճեղքեցին, Որպէս զի իրենց սահմանները լայնցնեն: 14Սակայն Ռաբբայի պարսպին վրայ կրակ պիտի բռնկցնեմ, Ու անոր պալատները պիտի ուտէ. Ասիկա պատերազմի օրը աղաղակով Ու փոթորիկի օրը խռովութեամբ պիտի ըլլայ: 15Եւ անոնց թագաւորը* գերութեան պիտի երթայ, Ինք ու իր իշխանները մէկտեղ, կ’ըսէ Տէրը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)