Ամովս մարգարեյի գիրք

2

զ) ՄՈՎԱԲ

1Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մովաբի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը ետ պիտի չդարձնեմ. Քանզի Եդովմի թագաւորին ոսկորները մինչև կիր դառնալը այրեց. 2Սակայն Մովաբի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Ու Կարիօթի պալատները պիտի ուտէ, Ու Մովաբ խռովութեամբ, աղաղակով ու փողի ձայնով պիտի մեռնի. 3Եւ անոր մէջէն դատաւորը բնաջինջ պիտի ընեմ. Ու անոր հետ անոր բոլոր իշխանները պիտի մեռցնեմ, կ’ըսէ Տէրը:

է) ՅՈՒԴԱՅ

4Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Յուդայի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը ետ պիտի չդարձնեմ. Քանզի Տէրոջը օրէնքը անարգեցին, Ու անոր պատուիրանքները չպահեցին. Հապա իրենց ստութիւնները զիրենք մոլորեցուցին, Որոնց հետևող եղեր էին իրենց հայրերը. 5Սակայն Յուդայի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Ու Երուսաղէմի պալատները պիտի ուտէ:

Աստուծոյ դատաստանը Իսրայէլի

6Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իսրայէլի երեք յանցանքին համար, Ու չորսին համար անոր պատիժը ետ պիտի չդարձնեմ. Քանզի անոնք արդարը ստակով Ու տնանկը զոյգ մը կօշիկով ծախեցին. 7Անոնք աղքատներուն գլխուն վրայ եղող երկրի հողին կը ցանկան*, Ու չքաւորներուն ճամբան կը ծռեն. Եւ իմ սուրբ անունս պղծելու համար Տղան ու հայրը միևնոյն աղջկան կը մտնեն. 8Ու ամէն սեղանի քով Գրաւ առնուած հանդերձներու վրայ կը պառկին, Եւ իրենց աստուածներուն տանը մէջ Զրկուածներուն գինին կը խմեն: 9Բայց ես անոնց առջևէն Ամօրհացին բնաջինջ ըրի, Որուն բարձրութիւնը եղեւիններու բարձրութեանը պէս էր, Եւ անիկա կաղնիներու պէս ամուր էր. Ու վերէն անոր պտուղը Եւ վարէն անոր արմատները բնաջինջ ըրի: 10Ու ես ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, Եւ ձեզ քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուցի, Որպէս զի Ամօրհացիին երկիրը ժառանգէք: 11Ու ձեր տղաքներէն մարգարէներ Եւ ձեր երիտասարդներէն ուխտաւորներ հանեցի. Հիմա այսպէս չէ±, ով Իսրայէլի որդիներ, կ’ըսէ Տէրը: 12Բայց դուք ուխտաւորներուն խմցուցիք, Ու մարգարէներուն պատուիրեցիք` ըսելով, Մարգարէութիւն մի ընէք: 13Ահա ես ձեր եղած տեղը ձեզ պիտի կոխեմ, Ինչպէս որաներով լեցուն սայլը իր անցած տեղը կը կոխէ*: 14Եւ արագընթացը պիտի չկրնայ փախչիլ, Եւ ուժով մարդը պիտի չկրնայ իր ոյժը գործածել, Եւ զօրաւորը պիտի չկրնայ իր անձը ազատել, 15Ու աղեղ բռնողը պիտի չկրնայ կայնիլ, Եւ շուտ վազողը պիտի չկրնայ զինք ազատել, Ու ձի հեծնողը պիտի չկրնայ իր անձը ազատել. 16Եւ զօրաւորներուն մէջ քաջասիրտ եղողը Այն օրը մերկ պիտի փախչի, կ’ըսէ Տէրը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)