Ամովս մարգարեյի գիրք

3

1Լսեցէք այս խօսքը, ով Իսրայէլի որդիներ, Զոր Տէրը ձեր վրայ կը խօսի, Այն բոլոր ազգատոհմին վրայ, Զոր Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, ըսելով, 2Երկրի բոլոր ազգատոհմներէն միայն ձեզ ճանչցայ, Այս պատճառաւ ձեր բոլոր անօրէնութիւններուն համար ձեզ պիտի պատժեմ:

Մարգարէին գործը

3Կարելի՞ է որ երկու մարդ մէկտեղ քալեն, Եթէ միաբանութիւն չունենան: 4Միթէ առիւծը անտառին մէջ կը մռնչէ՞, Եթէ որս մը չունենայ. Առոյգ առիւծը իր մորիէն իր ձայնը կու տա՞յ, Եթէ բան մը չըլլայ: 5Միթէ թռչունը երկրի վրայ վարմի մէջ կ’իյնա՞յ, Եթէ անոր համար որոգայթ լարուած չըլլայ. Ու վարմը երկրէն կը վերցուի՞, Երբ բան մը բռնած չէ: 6Եթէ քաղաքին մէջ փող հնչուի, Ժողովուրդը չը՞ վախնար. Միթէ քաղաքին մէջ չարիք մը կ’ըլլա±յ, Եթէ Տէրը զանիկա ըրած չէ: 7Յիրաւի Տէր Եհովա բան մը չըներ, Մինչև իր գաղտնիքը իր ծառաներուն, մարգարէներուն, չյայտնէ: 8Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ. Տէր Եհովա խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ:

Սամարիայի դատավճիռը

9Ազովտոսի մէջ պալատներու վրայ Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ պալատներու վրայ կանչեցէք ու ըսէք, Սամարիայի լեռներուն վրայ ժողվուեցէք, Եւ անոր մէջ շատ խռովութիւններ Ու անոր մէջ բռնութիւններ տեսէք: 10Քանզի ուղղութիւն ընել չեն գիտեր, կ’ըսէ Տէրը, Իրենց պալատներուն մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը դիզեն: 11Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Թշնամին երկրին բոլորտիքը պիտի ըլլայ, Ու քեզմէ քու ոյժդ պիտի իջեցնէ, Եւ քու պալատներդ պիտի կողոպտուին: 12Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ինչպէս հովիւը առիւծին բերնէն Երկու ազդր կամ մէկ ականջի կտոր կ’ազատէ, Այնպէս պիտի ազատին Իսրայէլի որդիները, Որոնք Սամարիայի մէջ բազմոցի անկիւնը, Ու Դամասկոսի մէջ* անկողինի վրայ կը նստին: 13Լսեցէք ու Յակոբի տանը վկայութիւն ըրէք, Կ’ըսէ զօրաց Աստուածը, Տէր Եհովա, 14Որ այն օրը ուր Իսրայէլի յանցանքներուն պատիժը անոր վրայ բերեմ, Բեթէլի սեղաններն ալ պիտի պատժեմ. Ու սեղանին եղջիւրները պիտի կոտրին ու գետինը պիտի իյնան: 15Եւ ձմեռնային տունը ու ամառնային տունը պիտի զարնեմ, Ու փղոսկրեայ տուները պիտի կորսուին, Ու մեծ տուները բնաջինջ պիտի ըլլան, կ’ըսէ Տէրը:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981