Ամովս մարգարեյի գիրք

4

1Լսեցէք այս խօսքը, ով Սամարիայի լեռանը վրայ եղող Բասանի կովեր, Որ աղքատներուն զրկանք կ’ընէք, Ու տնանկները ոտքի տակ կ’առնէք, Եւ ձեր տէրերուն` Բեր որ խմենք` կ’ըսէք: 2Տէր Եհովա իր սրբութիւնովը ըրաւ, Թէ ահա ձեր վրայ օրեր կու գան, Որ ձեզ կարթերով պիտի վերցնէ, Ու ձեր սերունդը` ձուկի կարթերով: 3Եւ փլած տեղերէն պիտի ելլէք ամէն մէկդ իր երեսին դարձած կողմէն, Ու բերդը պիտի նետուիք, կ’ըսէ Տէրը:

Իսրայէլի զանցառութիւնը

4 եկէք ու յանցանք գործեցէք. Գաղգաղայի մէջ յանցանք ընելը շատցուցէք. Եւ ամէն առտու ձեր զոհերը Ու ամէն երեք օրը ձեր տասանորդները բերէք: 5Եւ շնորհակալութեան զոհը խմորեալ մատուցէք, Ու կամաւոր ընծաներ քարոզեցէք ու հրատարակեցէք, Քանզի այսպէս սիրեցիք, ով Իսրայէլի որդիներ, Կ’ըսէ Տէր Եհովա: 6Եւ ես ալ ձեզի ձեր ամէն քաղաքներուն մէջ ակռայի մաքրութիւն, Ու ձեր ամէն տեղերը հացի կարօտութիւն տուի, Սակայն ինծի չդարձաք, կ’ըսէ Տէրը: 7Ու նաև հունձքէն երեք ամիս առաջ անձրևը ձեզմէ արգիլեցի. Ու մէկ քաղաքին վրայ անձրև իջեցուցի, Եւ միւս քաղաքին վրայ անձրև չիջեցուցի. Մէկ վիճակին վրայ անձրև եկաւ, Ու միւս վիճակը, որուն վրայ անձրև չեկաւ, չորցաւ: 8Ու երկու երեք խմելու համար Մէկ քաղաքի մէջ ժողվուեցան, Բայց բաւական չգտան. Սակայն ինծի չդարձաք, կ’ըսէ Տէրը: 9Ձեզ խորշակահարութեամբ ու դալուկով զարկի. Խառնիճը կերաւ ձեր բազմաթիւ պարտէզները Ու այգիները և թզենիները ու ձիթենիները, Սակայն ինծի չդարձաք, կ’ըսէ Տէրը: 10Եգիպտոսի ճամբուն մէջ* ձեր վրայ ժանտախտ ղրկեցի, Ձեր երիտասարդները սրով մեռցուցի, Ու ձեր ձիերը գերի ըրի, Եւ ձեր բանակներուն գարշահոտութիւնը մինչև ձեր քիթը հանեցի, Սակայն ինծի չդարձաք, կ’ըսէ Տէրը: 11Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին պէս ձեզ ալ կործանեցի, Ու կրակէ հանուած խանձողի պէս եղաք, Սակայն ինծի չդարձաք, կ’ըսէ Տէրը: 12Անոր համար քեզի այսպէս պիտի ընեմ, ով , Եւ որովհետև քեզի այս բանը պիտի ընեմ, Քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ, ով Իսրայէլ: 13Քանզի ահա ան որ լեռները հաստատեց ու հովը ստեղծեց, Եւ կը յայտնէ մարդուն` թէ ի°նչ է անոր խորհուրդը, Արշալոյսը խաւար կ’ընէ, Ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ կը քալէ, Անոր անունը Եհովա, զօրաց է:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981