Ամովս մարգարեյի գիրք
7
Մարախներու տեսիլք մը
1Տէր Եհովա ինծի այսպէս ցուցուց, Որ ահա վերջին խոտին բուսնելուն սկիզբը մարախներ ստեղծեց. Եւ ահա վերջին խոտը թագաւորին հունձքէն ետքն էր: 2Ու եղաւ որ անոնց` երկրին խոտը բոլորովին ուտելէն ետքը Ես ըսի, Ով Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, ներէ. Յակոբ ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է. 3Տէրը ասոր համար զղջաց, Ասիկա չըլլայ` ըսաւ Տէրը:
Կրակի տեսիլք մը
4Տէր Եհովա ինծի այսպէս ցուցուց, Որ ահա Տէր Եհովա կրակը կը կանչէր որպէս զի անով դատաստան ընէ, Եւ անիկա մեծ անդունդը կերաւ, Ու արտերը սպառեց: 5Ու ես ըսի, Ով Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, դադարէ. Յակոբ ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է: 6Տէրը ասոր համար զղջաց, Ասիկա ալ չըլլայ` ըսաւ Տէր Եհովա:
Կապարալարի տեսիլք մը
7Ինծի այսպէս ցուցուց, Որ ահա Տէրը գնտակի լարով շինուած պարսպի մը վրայ կայներ էր, Ու ձեռքը գնտակ մը կար: 8Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. Ի՞նչ կը տեսնես, ով Ամովս. Ու ես ըսի, Գնտակ մը. Եւ Տէրը ըսաւ, Ահա ես իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ գնտակ մը կը դնեմ. Ալ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ: 9Եւ Իսահակի բարձր տեղերը աւերակ պիտի ըլլան. Ու Իսրայէլի սրբարանները պիտի աւրին, Ու Յերոբովամի տանը վրայ սրով պիտի ելլեմ:
Ամովս և Ամասիա
10Եւ Բեթէլի քուրմը Ամասիա Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին լուր ղրկեց` ըսելով, Իսրայէլի տանը մէջ Ամովս քեզի դէմ դաւաճանութիւն կ’ընէ. Երկիրը չկրնար անոր բոլոր խօսքերը տանիլ. 11Քանզի Ամովս այսպէս կ’ըսէ. Յերոբովամ սրով պիտի մեռնի, Ու Իսրայէլ իր երկրին վրայէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ: 12Եւ Ամասիա ըսաւ Ամովսի, Ով տեսանող, գնա Յուդայի երկիրը փախիր, Ու հոն հաց կեր, և հոն մարգարէութիւն ըրէ, 13Ու մէյմըն ալ Բեթէլի մէջ մարգարէութիւն մի ըներ, Քանզի անիկա թագաւորին սրբարանն է, Ու թագաւորութեանը տունն է: 14Եւ Ամովս պատասխան տուաւ ու Ամասիայի ըսաւ, Ես ոչ մարգարէ էի` ոչ ալ մարգարէի որդի, Հապա ես արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող էի. 15Եւ Տէրը զիս հօտին ետևէն առաւ, Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Գնա, իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մարգարէութիւն ըրէ: 16Եւ հիմա Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ. Դուն կ’ըսես որ Իսրայէլի համար մարգարէութիւն մի ըներ, Ու Իսահակի տանը վրայով խօսք մի խօսիր: 17Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Քու կինդ քաղաքին մէջ պոռնկութիւն պիտի ընէ, Եւ քու տղաքներդ ու աղջիկներդ սրով պիտի իյնան, Ու քու երկիրդ լարով պիտի բաժնուի, Եւ դուն պիղծ երկրի վրայ պիտի մեռնիս. Ու Իսրայէլ իր երկրին վրայէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981