Ամովս մարգարեյի գիրք
8
Կողովի մը տեսիլքը
1Տէր Եհովա ինծի այսպէս ցուցուց, Եւ ահա կողով մը ամառնային պտուղ: 2Ու ըսաւ, Ի՞նչ կը տեսնես, ով Ամովս. Ու ես ըսի, Կողով մը ամառնային պտուղ. Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ վախճանը հասած է. Ալ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ: 3Ու այն օրը տաճարին երգերը ողբեր պիտի ըլլան, Կ’ըսէ տէր Եհովա. Շատ մեռելներ պիտի ըլլան, Ու զանոնք ամէն տեղ լռութեամբ պիտի նետեն:
Իսրայէլի դատավճիռը
4Ասիկա մտիկ ըրէք, Դուք որ տնանկը կլլելու, Ու երկրին աղքատները կորսնցնելու կը ցանկաք, 5Ու կ’ըսէք, Ամսագլուխը ե՞րբ պիտի անցնի` որ ընդեղէն ծախենք, Եւ շաբաթը` որ ցորենը ծախու հանենք, Ու արդուն պզտիկցնենք ու սիկղը մեծցնենք, Եւ նենգութեամբ խարդախ կշիռքներ գործածենք. 6Որպէս զի աղքատները ստակով Ու տնանկները զոյգ մը կօշիկով ծախու առնենք, Ու ցորենին խոտանը ծախենք: 7Տէրը Յակոբի մեծվայելչութեանը վրայ երդում ըրաւ` ըսելով, Անոնց բոլոր գործերը յաւիտեան պիտի չմոռնամ: 8Չէ՞ որ այս բանին համար երկիրը պիտի դողայ, Ու ամէն անոր մէջ բնակողը սուգ պիտի բռնէ, Եւ բոլոր երկիրը գետի պէս վեր պիտի ելլէ, Ու պիտի քշուի ու պիտի ընկղմի որպէս թէ Եգիպտոսի գետով: 9Եւ պիտի ըլլայ որ այն օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովա, Արևը կէսօրուան ատենը մարը պիտի մտցնեմ, Ու ցորեկուան լոյսին ատենը երկիրը պիտի խաւարեցնեմ: 10Եւ ձեր տուները սուգի Ու ձեր բոլոր երգերը ողբի պիտի դարձնեմ. Ու ամէն մէջքերու վրայ քուրձ, Եւ ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի բերեմ. Ու երկրին վրայ սուգ պիտի բերեմ` մէկ հատիկ զաւակի համար եղած սուգին պէս, Եւ անոր վախճանը դառնութեան օրուան պէս: 11Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէր Եհովա, Որ երկրին վրայ սով մը պիտի ղրկեմ, Ոչ թէ հացի սով և ոչ թէ ջուրի ծարաւ, Հապա Տէրոջը խօսքերը լսելուն սովը: 12Ու մէկ ծովէն միւս ծովը, Եւ հիւսիսէն մինչև արևելք պիտի թափառին. Տէրոջը խօսքը փնտռելու համար հոս հոն պիտի պտըտին, Բայց պիտի չգտնեն: 13Այն օրը գեղեցիկ կոյսերը Ու երիտասարդները ծարաւով պիտի մարին, 14Որոնք Սամարիայի յանցանքովը երդում կ’ընեն ու կ’ըսեն, Կենդանի է քու աստուածդ, ով Դան, Ու Կենդանի է Բերսաբէէի ճամբան. Անոնք պիտի իյնան ու մէյմըն ալ պիտի չելլեն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981