Ամովս մարգարեյի գիրք
9
Տէրոջը դատաստանը
1Տէրը տեսայ որ սեղանին վրայ կայներ էր ու ըսաւ, Խոյակին զարկ որպէս զի սեմերը դողան, Եւ զանոնք կտոր կտոր ըրէ անոնց ամէնուն գլխուն վրայ, Ու անոնց մնացորդը սրով պիտի մեռցընեմ. Անոնց փախստականը պիտի չկարենայ փախչիլ, Ու անոնց ազատուածը պիտի չկարենայ ազատիլ: 2Թէև անոնք մինչև դժոխք փորեն, Իմ ձեռքս անկէ պիտի առնէ զանոնք, Ու թէև երկինք ելլեն, Զանոնք անկէ պիտի իջեցնեմ. 3Ու թէև Կարմեղոսի գլուխը պահուըտին, Զանոնք պիտի փնտռեմ, անկէ պիտի առնեմ. Ու թէև իմ աչքերուս առջևէն ծովուն խորութեանը մէջ ծածկուին, Հոն օձին պիտի հրամայեմ ու զանոնք պիտի խածնէ. 4Ու թէև անոնք իրենց թշնամիներուն առջևէն գերութեան երթան, Հոն սուրին պիտի հրամայեմ ու զանոնք պիտի մեռցնէ. Եւ իմ աչքս անոնց վրայ պիտի դնեմ չարիքի համար Եւ ոչ թէ բարիքի համար: 5Քանզի զօրաց Տէր Եհովա ինքն է Որ երկրիս կը դպչի, ու անիկա կը հալի, Ու անոր բոլոր բնակիչները սուգ կը բռնեն, Եւ բոլոր երկիրը գետի պէս վեր կ’ելլէ, Ու կ’ընկղմի որպէս թէ Եգիպտոսի գետով: 6Ինքն է որ երկինքի մէջ իր վերնատունները կը շինէ, Ու անոր կամարը երկրի վրայ կը հիմնէ, Ծովուն ջուրերը կը կանչէ, Ու զանոնք երկրի երեսին վրայ կը թափէ. Անոր անունը Եհովա է: 7Միթէ դուք ինծի Եթէովպացւոց որդիներուն պէս չէ՞ք, Ով Իսրայէլի որդիներ, կ’ըսէ Տէրը. Չէ՞ որ Իսրայէլը Եգիպտոսի երկրէն, Ու Փղշտացիները Կափթորէ, Եւ Ասորիները Կիրէ հանեցի: 8Ահա Տէր Եհովայի աչքերը այդ մեղաւոր թագաւորութեանը վրայ են, Ու զանիկա երկրի երեսին վրայէն պիտի կորսնցնեմ. Սակայն Յակոբի տունը բոլորովին պիտի չկորսնցնեմ, կ’ըսէ Տէրը: 9Քանզի ահա ես կը հրամայեմ, Ու Իսրայէլի տունը բոլոր ազգերուն մէջ պիտի խարբալեմ, Ինչպէս ցորենը մաղով կը խարբալեն, Բայց հատ մը գետինը պիտի չիյնայ: 10Իմ ժողովուրդիս բոլոր մեղաւորները սրով պիտի մեռնին, Որոնք կ’ըսեն թէ Չարիքը մեր վրայ պիտի չհասնի, Ու մեր առջև պիտի չառնէ:
Իսրայէլի ապագայ վերահաստատումը
11Այն օրը Դաւիթի ինկած խորանը պիտի կանգնեմ. Եւ անոր փլածները պիտի նորոգեմ, Ու աւրածները պիտի կանգնեմ, Եւ զանիկա հին օրերուն պէս պիտի շինեմ. 12Որպէս զի անոնք Եդովմի մնացորդը Ու բոլոր ազգերը ժառանգեն, Որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է, Կ’ըսէ Տէրը` որ այս բանը կ’ընէ: 13Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ հերկողը հնձողին` Եւ խաղող կոխողը սերմնացանին պիտի հասնի. Ու լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն, Եւ ամէն բլուրները պիտի հալին: 14Եւ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի գերութիւնը պիտի դարձնեմ, Ու աւրուած քաղաքները պիտի շինեն ու անոնց մէջ բնակին, Եւ այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց գինին խմեն, Եւ պարտէզներ պիտի շինեն ու անոնց պտուղները ուտեն: 15Եւ զանոնք իրենց երկրին վրայ պիտի տնկեմ, Ու մէյմըն ալ պիտի չխլուին իրենց երկրէն` զոր իրենց տուի, Կ’ըսէ քու Տէր Աստուածդ: