Կողոսացիս

2

1Քանզի կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ի°նչպէս մեծ անձկութիւն ունիմ ձեզի համար ու Լաւոդիկեցւոց համար, ու ամէն անոնց համար` որոնք իմ երեսս մարմինով չեն տեսեր. 2Որպէս զի անոնց սիրտերը մխիթարուին` սիրով միացած, ու կատարեալ իմացողութեան բոլոր ճոխութեանը հասնին, այսինքն Հօր Աստուծոյ և Քրիստոսի խորհուրդին գիտութեանը. 3Որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են: 4Եւ զայս կ’ըսեմ, որ չըլլայ թէ մէկը հրապուրական խօսքերով ձեզ մոլորեցնէ: 5Որ թէպէտ մարմնով հեռու եմ, բայց հոգւով ձեզի հետ եմ, և կ’ուրախանամ երբ ձեր բարեկարգութիւնը կը տեսնեմ, ու ձեր հաւատքին հաստատութիւնը` Քրիստոսի վրայ.

Կեանքի լիութիւնը Քրիստոսով

6Ուստի ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, անով քալեցէք, 7Արմատ կապած ու անոր վրայ շինուած, ու հաւատքին մէջ հաստատուած` ինչպէս սորվեցաք, և անոր մէջ աճեցէք գոհութիւնով: 8Զգուշացէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ գերի վարէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս, և ոչ թէ Քրիստոսի վարդապետութեանը պէս. 9Վասն զի անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը մարմնապէս: 10Եւ դուք ալ անով լցուած էք, որ գլուխ է բոլոր իշխանութեան ու պետութեան. 11Որով դուք անձեռագործ թլփատութիւնով թլփատուեցաք մեղաց մարմինը մերկանալով, Քրիստոսի թլփատութիւնովը. 12Թաղուելով անոր հետ մկրտութիւնով, որով նաև անոր հետ յարութիւն առիք Աստուծոյ զօրութեանը հաւատալով, որ զանիկա մեռելներէն յարուց: 13Եւ ձեզ, որ ատեն մը յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմինին անթլփատութեանը մէջ մեռած էիք, կենդանացուց անոր հետ. մեր ամէն յանցանքները ներեց մեզի, 14Ու հրամաններով եղած մեզի հակառակ եղող ձեռագիրը, որ մեզի դէմ կը կենար, ջնջեց, զանիկա մէջտեղէն վերցուց, ու խաչափայտին վրայ գամեց, 15Եւ իշխանութիւնները ու պետութիւնները մերկացուց, ու յայտնապէս խայտառակեց` յաղթելով անոնց անով: 16Ուստի ալ մէկը թող չդատէ ձեզ ուտելու կամ խմելու, կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ շաբաթներու կողմանէ, 17Որոնք գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսին է: 18չըլլայ որ մէկը զրկէ ձեզ մրցանակէն, որ ուզէ խոնարհութիւնով ու հրեշտակներու կրօնքով չտեսած բաներուն միջամուխ ըլլալ, իր մարմնին միտքովը փուճ տեղ հպարտանալով. 19Եւ չբռնէ գլուխը` ուրկէ բոլոր մարմինը յօդուածներով ու խաղերով հաղորդուած ու մէկտեղ կցուած` Աստուծոյ աճումովը կ’աճի:

Մեռնիլ և ապրիլ Քրիստոսին հետ

20Իսկ եթէ դուք Քրիստոսի հետ այս աշխարհին սկզբունքներէն մեռաք, ալ ինչո՞ւ համար աշխարհի մէջ կենդանի եղողներու պէս այսպիսի կանոններու կը հնազանդիք, ըսելով, 21Մի մօտենար, համը մի առներ, մի դպչիր, 22(Որոնց ամէնը ապականութեան համար են գործածութեամբ,) մարդոց պատուիրանքներուն ու սորվեցուցածներուն համեմատ, 23Որոնք իմաստութեան կերպարանք մը ունին ինքնակամ կրօնքով ու խոնարհութիւնով և մարմինի չխնայելով, բայց ոչ թէ պատիւի մը արժանի են, հապա մարմինը յագեցնելու կը ծառայեն:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)