Դանիէլ մարգարեյի գիրք

1

Երիտասարդներ Նաբուգոդոնոսորի պալատին մէջ

1Յուդայի թագաւորին Յովակիմի թագաւորութեան երրորդ տարին Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը եկաւ, ու զանիկա պաշարեց։ 2Եւ Տէրը անոր ձեռքը տուաւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորը, ու Աստուծոյ տանը անօթներուն մէկ մասը. և անիկա զանոնք Սենաար երկիրը, իր աստուծոյն տունը, տարաւ, ու անօթները իր աստուծոյն գանձատունը դրաւ։ 3Եւ թագաւորը իր ներքինապետին Ասփանէզի ըսաւ որ Իսրայէլի որդիներէն ու թագաւորական սերունդէն և իշխաններէն՝ 4Բնաւ արատ չունեցող, գեղեցիկ դէմքով ու ամէն իմաստութեան հմուտ, ու գիտութեան տեղեակ՝ հանճարեղ, և թագաւորին պալատին մէջ կայնելու կարողութիւն ունեցող տղաքներ բերէ, և անոնց՝ Քաղդէացւոց գիրը ու լեզուն սորվեցնէ։ 5Ու թագաւորը անոնց օրական ռոճիկ սահմանեց՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրէն ու իր խմած գինիէն, որպէս զի զանոնք երեք տարի այսպէս սնուցանէ, ու ետքը թագաւորին առջև կայնին։ 6Եւ անոնց մէջ էին Յուդայի որդիներէն Դանիէլ, Անանիա,Միսայէլ ու Ազարիա։ 7Ու ներքինապետը անոնց անուններ դրաւ, Դանիէլի Բաղտասասար, Անանիայի Սեդրաք, Միսայէլի Միսաք, ու Ազարիայի Աբեդնագով դրաւ։ 8Եւ Դանիէլ միտքը դրաւ որ թագաւորին ազնիւ կերակուրովը ու անոր խմած գինիովը չպղծուի, և ներքինապետէն թոյլտուութիւն խնդրեց որ ասոնցմով ինքզինք չպղծէ։ 9Ու ներքինապետին առջև շնորհք ու գթութիւն գտնել տուաւ Դանիէլի։ 10Եւ ներքինապետը Դանիէլի ըսաւ, Ես կը վախնամ իմ թագաւոր տէրոջմէս որ ձեր ուտելիքը ու խմելիքը սահմանեց վասն զի ինչո՛ւ համար անիկա ձեր երեսները ձեզի հասակակից եղող տղոց երեսներէն աւրուած տեսնէ, ու զիս թագաւորին առջև գլխապարտ ընէք։ 11Եւ Դանիէլ ըսաւ տնտեսին, զոր ներքինապետը Դանիէլի, Անանիայի, Միսայէլի ու Ազարիայի վրայ դրեր էր, 12Շնորհք ըրէ, քու ծառաներդ տասը օր փորձէ, ու մեզի ուտելու համար ընդեղէն,ու խմելու համար տրուի, 13Եւ քու առջևդ մեր դէմքը, ու թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող տղոց դէմքը երևնան. և ինչպէս տեսնես՝ անոր համեմատ ըրէ քու ծառաներուդ։ 14Ու անիկա այս բանին համար անոնց մտիկ ըրաւ, ու զանոնք տասը օր փորձեց, 15Եւ տասը օրէն ետքը անոնց դէմքը՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող ամէն տղոց դէմքէն աւելի աղէկ ու գէր երևցաւ։ 16Ուստի տնտեսը անոնց ազնիւ կերակուրը ու խմելու գինին կը վերցնէր, ու անոնց ընդեղէն կու տար։ 17Եւ Աստուած այս չորս տղոց՝ ամէն դպրութեան ու իմաստութեան մէջ գիտութիւն ու հանճար տուաւ. ու Դանիէլ ամէն տեսիլքը ու երազը կը հասկնար։ 18Եւ այն օրերուն լմննալէն ետքը որ թագաւորը հրաման ըրեր էր որ զանոնք բերեն, ներքինապետը զանոնք Նաբուգոդոնոսորի առջև տարաւ։ 19Ու թագաւորը անոնց հետ խօսեցաւ, և անոնց ամէնուն մէջ Դանիէլի, Անանիայի, Միսայէլի ու Ազարիայի պէս չգտնուեցաւ. ու անոնք թագաւորին առջև կը կայնէին։ 20Եւ թագաւորը անոնց հարցուցած ամէն իմաստութեան ու գիտութեան վերաբերեալ բաներուն մէջ՝ զանոնք իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր մոգերէն ու հմայողներէն տասնապատիկ գերազանց գտաւ։ 21Եւ Դանիէլ մինչև Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին մնաց։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)