Դանիէլ մարգարեյի գիրք
10
Դանիէլի տեսիլքը Տիգրիս գետին քով
1Պարսից Կիւրոս թագաւորին երրորդ տարին խօսք մը յայտնուեցաւ Դանիէլի, որուն անունը Բաղտասասար կոչուած էր. ու այն խօսքը ճշմարիտ էր, ու մեծ տառապանքի վրայով էր, ու անիկա խօսքը հասկցաւ ու տեսիլքին տեղեակ եղաւ։ 2Այն օրերը ես Դանիէլ լման երեք շաբաթ սուգի մէջ էի. 3Ախորժելի կերակուր չկերայ ու բերանս միս կամ գինի չմտաւ, ու ամենևին իւղով չօծուեցայ՝ մինչև որ երեք շաբաթը լմնցաւ։ 4Եւ առաջին ամսուն քսանըչորսերորդ օրը ես Տիգրիս կոչուած մեծ գետին եզերքն էի. 5Ու աչքերս վերցուցի ու նայեցայ, և ահա կտաւ հագած ու մէջքը Ոփազի ոսկիէ գօտի կապած մարդ մը կար. 6Եւ անոր մարմինը ոսկեքարի պէս, ու երեսը փայլակի երևույթի պէս, և աչքերը կրակի բոցերու պէս, ու թևերը ու ոտքերը փայլուն պղնձի գոյնին պէս, և իր խօսքերուն ձայնը բազմութեան ձայնին պէս էր։ 7Ու այս տեսիլքը միայն ես Դանիէլ տեսայ, ու ինծի հետ եղող մարդիկը տեսիլքը չտեսան, հապա անոնց վրայ մեծ վախ ինկաւ, ու փախան որպէս զի պահուըտին։ 8Եւ ես մինակ մնացի, ու այս մեծ տեսիլքը տեսայ, ու իմ վրաս ոյժ չմնաց, և իմ վայելչութիւնս ապականութեան դարձաւ, ու ալ ոյժ չունեցայ, 9Եւ անոր խօսքերուն ձայնը լսեցի, ու անոր խօսքերուն ձայնը լսածիս պէս, թմրած՝ երեսիս վրայ գետինը ինկայ։ 10Եւ ահա ինծի ձեռք մը դպաւ, ու զիս ծունկերուս ու ձեռքերուս թաթերուն վրայ վերցուց. 11Եւ ինծի ըսաւ, Ով Դանիէլ, սիրելի մարդ, քեզի ըսելու խօսքերս հասկցիր, ու եղած տեղդ կայնէ, քանզի հիմա քեզի ղրկուեցայ. ու երբ անիկա այս խօսքը ինծի ըսաւ, դողալով կայնեցայ։ 12Եւ ինծի ըսաւ, Մի վախնար, ով Դանիէլ, քանզի այն առաջին օրէն ի վեր որ քու սիրտդ տուիր հասկնալու և քու Աստուծոյդ առջև քու անձդ խոնարհեցնելու, քու խօսքերդ լսուեցան, ու ես քու խօսքերուդ համար եկայ։ 13Բայց Պարսից թագաւորութեան իշխանը քսանըմէկ օր իմ երեսիս դէմ կեցաւ. սակայն ահա Միքայէլ, առաջին իշխաններէն մէկը, ինծի օգնութեան եկաւ, ու ես հոն Պարսից թագաւորներուն քով մնացի. 14Ու հիմա եկայ որպէս զի վերջին օրերը քու ժողովուրդիդ ինչ ըլլալիքը քեզի հասկցնեմ, վասն զի տեսիլքը գալու օրերուն համար է։ 15Եւ անիկա ինծի այսպիսի խօսքեր ըսածին պէս՝ երեսս դէպ ի գետինը ծռեցի ու համր մնացի։ 16Եւ ահա մարդու որդիներու կերպարանքով մէկը շրթունքներուս դպաւ, ու բերանս բացի ու խօսեցայ, ու դիմացս կայնողին ըսի, Ով տէր իմ, այս տեսիլքով ցաւերս վրաս դարձան, և ալ ոյժ չունեցայ։ 17Ու այս իմ տէրոջս ծառան՝ այս իմ տէրոջս հետ ի՞նչպէս խօսելու կարող ըլլայ, վասն զի հիմակուընէ վրաս ոյժ չկայ, ու վրաս շունչ չմնաց։ 18Եւ այն մարդու կերպարանք ունեցողը նորէն ինծի դպաւ և զիս ուժովցուց. 19Ու ըսաւ, Մի վախնար, ով սիրելի մարդ, խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, ուժովցիր ու քաջ եղիր. ու երբ անիկա ինծի հետ խօսեցաւ, ուժովցայ ու ըսի, Թող խօսի իմ տէրս, վասն զի ուժովցուցիր զիս։ 20Եւ անիկա ըսաւ, Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ համար քեզի եկայ, ու հիմա Պարսից իշխանին դեմ պատերազմելու պիտի դառնամ, ու ելլելուս պէս՝ ահա Յունաց իշխանը պիտի գայ։ 21Բայց ես ճշմարտութեան գիրքին մէջ գրուածը քեզի պիտի պատմեմ. ու ասոնց մէջ մէկը չկայ որ ինծի օգնէ, բայց միայն ձեր իշխանը Միքայէլ։