Դանիէլ մարգարեյի գիրք
12
Վերջին ժամանակը
1Եւ այն ժամանակ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ կայնող Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, ու այնպիսի նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, որ ազգ ըլլալէն մինչև այն ատեն այնպիսին եղած չէ. և այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գիրքին մէջ գրուած գտնուի։ 2Ու երկրի հողին մէջ քնացողներուն շատերը պիտի արթննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար, և ոմանք ալ նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար։ 3Եւ իմաստունները երկինքի հաստատութեանը լոյսին պէս, ու անոնք որ շատերը արդարութեան կառաջնորդեն՝ աստղերուն պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից։ 4Եւ դուն, ով Դանիէլ, այս խօսքերը գոցէ, ու գիրքը կնքէ մինչև վերջին ժամանակը. շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան, ու գիտութիւնը պիտի շատնայ։ 5Ու ես Դանիէլ տեսայ որ ահա ուրիշ երկու մարդիկ կայներ էին, մէկը գետին մէկ եզերքը՝ ու միւսը գետին միւս եզերքը։ 6Ու մէկը ըսաւ այն կտաւ հագած մարդուն որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր, Այս սքանչելի բաներուն վերջը մինչև ե՞րբ պիտի ըլլայ։ 7Եւ լսեցի որ այն կտաւ հագած մարդը որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր, իր աջ ու ձախ ձեռքերը երկինք վերցնելով՝ յաւիտեան կենդանի եղողին վրայ երդում ըրաւ, որ ժամանակ մը, ժամանակներ, ու կէս ժամանակ պիտի ըլլայ. ու երբ սուրբ ժողովուրդին զօրութիւնը բոլորովին ցրուի, ասոնց ամէնը պիտի կատարուի։ 8Ու ես լսեցի, բայց չհասկցայ. ու ըսի, Ով տէր իմ, ասոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ 9Եւ անիկա ըսաւ, Գնա, ով Դանիէլ, քանզի այս խօսքերը մինչև վերջին ժամանակը գոցուած ու կնքուած են։ 10Շատերը պիտի մաքրուին ու պիտի ճերմկնան ու պիտի փորձուին, բայց ամբարիշտները ամբարշտութիւն պիտի ընեն. ու բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա իմաստունները պիտի հասկնան։ 11Ու մշտնջենաւոր զոհին վերցուելուն և աւրող պղծութեանը դրուելուն ժամանակէն հազար երկու հարիւր իննսուն օր պիտի ըլլայ։ 12Երանի՜ անոր որ պիտի սպասէ, ու հազար երեք հարիւր երեսունըհինգ օրուան պիտի հասնի։ 13Բայց դուն գնա մինչև վախճանը, վասն զի պիտի հանգչիս, ու օրերուն վերջը քու վիճակիդ մէջ պիտի կայնիս։