Դանիէլ մարգարեյի գիրք
2
Նաբուգոդոնոսորին երազը
1Ու Նաբուգոդոնոսորի թագաւորութեանը երկրորդ տարին Նաբուգոդոնոսոր երազներ տեսաւ, և անոր ոգին խռովեցաւ ու քունը փախաւ։ 2Եւ թագաւորը հրամայեց որ մոգերը, հմայողները, կախարդները ու Քաղդեաները կանչեն, որպէս զի թագաւորին իր երազները պատմեն. և անոնք եկան ու թագաւորին առջև կայնեցան։ 3Եւ թագաւորը անոնց ըսաւ, Երազ տեսայ, ու իմ ոգիս կը խռովի որ այն երազը գիտնամ։ 4Ու Քաղդեաները թագաւորին Ասորերէն ըսին, Ով թագաւոր, յաւիտեան ողջ կեցիր. ըսէ երազը քու ծառաներուդ, ու մենք անոր մեկնութիւնը իմացնենք։ 5Թագաւորը պատասխան տուաւ ու Քաղդեաներուն ըսաւ, Բանը ինծմէ ելաւ. եթե երազը ու անոր մեկնութիւնը ինծի չյայտնէք, դուք կտոր կտոր պիտի ըլլաք, ու ձեր տուները աղբանոց պիտի ըլլան: 6Բայց եթէ երազը ու անոր մեկնութիւնը ինծի իմացնէք, ինծմէ պարգևներ, տուրքեր ու շատ պատիւ պիտի առնէք. ուրեմն երազը ու անոր մեկնութիւնը ինծի իմացուցէք։ 7Անոնք նորէն պատասխան տուին ու ըսին, Թագաւորը թող ըսէ երազը իր ծառաներուն, ու անոր մեկնութիւնը իմացնենք։ 8Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Աղէկ գիտեմ որ դուք ժամանակը ծախու կ’առնէք, վասն զի կը տեսնէք որ բանը ինծմէ ելած է։ 9Բայց եթէ դուք երազը ինծի չյայտնէք, ձեզի համար մէկ վճիռ կայ. վասն զի դուք ձեր մէջ որոշեցիք որ իմ առջևս սուտ ու ապականեալ խօսք մը զրուցէք՝ մինչև որ ժամանակը փոխուի, ուստի ըսէք ինծի երազը, որպէս զի գիտնամ թէ պիտի կարենաք անոր մեկնութիւնը իմացնել։ 10Քաղդեաները թագաւորին առջև պատասխան տուին ու ըսին, Երկրի վրայ այնպիսի մարդ մը չկայ, որ կարող ըլլայ թագաւորին պահանջած բանը իմացնել. անոր համար բնաւ թագաւոր մը, նախարար մը կամ իշխան մը այսպիսի բան պահանջած չէ մոգէ մը կամ հմայողէ մը կամ Քաղդեայէ մը: 11Ու թագաւորին պահանջած բանը դժուար է, և ուրիշ մէկը չկայ որ զանիկա թագաւորին առջև իմացնէ, բայց եթե աստուածները որ մսեղեաց մէջ չեն բնակիր։
Աստուած Դանիէլին կը ցուցնէ երազն ու նշանակութիւնը
12Ասոր վրայ թագաւորը սրդողեցաւ ու խիստ բարկացաւ, և հրամայեց որ Բաբելոնի բոլոր իմաստունները կոտրեն։ 13Ու հրամանը ելաւ, և իմաստունները կը կոտրուէին. ու փնտռեցին Դանիէլը ու անոր ընկերները որպէս զի մեռցնեն։ 14Այն ատեն Դանիէլ իմաստութեամբ ու խոհեմութեամբ խօսեցաւ թագաւորին դահճապետին Արիովքի հետ, որ Բաբելոնի իմաստունները կոտրելու ելեր էր. 15Ու թագաւորին իշխանին Արիովքի խօսեցաւ ու ըսաւ, Ինչո՞ւ համար այս հրամանը թագաւորին երեսէն արտորնօք ելաւ. այն ատեն Արիովք բանը Դանիէլի յայտնեց։ 16Եւ Դանիէլ մտաւ ու թագաւորէն խընդրեց որ իրեն ժամանակ տայ, որպէս զի մեկնութիւնը թագաւորին իմացնէ։ 17Ու Դանիէլ իր տունը գնաց, և այս բանը իր ընկերներուն, Անանիայի, Միսայէլի ու Ազարիայի, յայտնեց։ 18Որպէս զի այս գաղտնիքին համար երկինքի Աստուծմէն գթութիւն խնդրեն, որպէս զի Դանիէլը ու անոր ընկերները Բաբելոնի միւս իմաստուններուն հետ չկորսնցնեն։ 19Եւ գաղտնիքը գիշերուան տեսիլքի մէջ Դանիէլի յայտնուեցաւ. այն ատեն Դանիէլ երկինքի Աստուածը օրհնեց։ 20Դանիէլ խօսեցաւ ու ըսաւ, Աստուծոյ անունը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ըլլայ, վասն զի իմաստութիւնը ու զօրութիւնը անորն են. 21Եւ ատենները ու ժամանակները փոխողը, թագաւորներ վերցնողը ու թագաւորներ դնողը անիկա է. անիկա իմաստուններուն իմաստութիւն կու տայ, ու հանճարեղներուն՝ գիտութիւն. 22Խորունկ ու ծածկուած բաները ինք կը յայտնէ, մութի մէջ եղածը գիտէ, ու լոյսը անոր քով կը բնակի։ 23Ես քեզի գոհութիւն ու փառք կը մատուցանեմ, ով իմ հայրերուս Աստուածը,որ ինծի իմաստութիւն ու զօրութիւն տուիր, ու հիմա ինծի գիտցուցիր ինչ որ քեզմէ խնդրեցինք, քանզի թագաւորին բանը մեզի գիտցուցիր։
Դանիէլ թագաւորին երազը կը պատմէ և կը մեկնաբանէ
24Ուստի Դանիէլ Արիովքի առջև ելաւ, զոր թագաւորը դրեր էր Բաբելոնի իմաստունները կորսնցնելու, գնաց ու անոր այսպէս ըսաւ. Բաբելոնի իմաստունները մի կորսնցներ, զիս թագաւորին առջև տար, ու մեկնութիւնը թագաւորին իմացնեմ։ 25Այն ատեն Արիովք արտորնօք Դանիէլը թագաւորին առջև հանեց, ու անոր այսպէս ըսաւ. Հրէաստանի գերիներէն մարդ մը գտայ, որ մեկնութիւնը պիտի գիտցնէ թագաւորին։ 26Պատասխան տուաւ թագաւորը ու ըսաւ Դանիէլի, որուն անունը Բաղտասասար դրուած էր, Կարո՞ղ ես դուն իմ տեսած երազս ու անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել։ 27Դանիէլ թագաւորին առջև պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Թագաւորին հարցուցած գաղտնիքը իմաստունները, հմայողները, մոգերը ու բաղդ նայողները թագաւորին յայտնելու կարող չեն: 28Բայց երկինքի մէջ գաղտնիքներ յայտնող Աստուած կայ, ու Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կը յայտնէ ինչ որ վերջին օրերը պիտի ըլլայ։ Երազդ ու անկողինիդ մէջ գլխուդ տեսիլքը ասիկա է: 29Դուն,ով թագաւոր, քու անկողինիդ մէջ կը մտածէիր թէ ասկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ, ու գաղտնիքներ յայտնողը ըլլալու բանը քեզի գիտցուց։ 30Եւ այս գաղտնիքը՝ ոչ թէ ամէն ապրողներէն աւելի իմաստութիւն ունենալուս համար ինծի յայտնուեցաւ, հապա մեկնութիւնը թագաւորին գիտցնելու համար, և որպէս զի դուն քու սրտիդ խորհուրդները գիտնաս։ 31Դուն, ով թագաւոր, կը տեսնէիր որ ահա մեծ արձան մը կար, այս մեծ ու խիստ պայծառ արձանը քու դիմացդ կայներ էր, և անոր երևոյթը ահաւոր էր։ 32Այս արձանին գլուխը զուտ ոսկիէ, անոր կուրծքը ու թևերը արծաթէ, մէջքը ու ազդրերը պղնձէ, 33Սրունքները երկաթէ, ու ոտքերուն մէկ մասը կաւէ էր։ 34Դուն կը տեսնէիր, մինչև քար մը կտրուեցաւ առանց ձեռքի, ու այն արձանին երկաթէ ու կաւէ ոտքերուն զարկաւ, ու զանոնք փըշրեց։ 35Այն ատեն երկաթը, կաւը, պղինձը, արծաթը ու ոսկին մէկտեղ փշրուեցան, և ամառուան կալերուն մղեղին պէս եղան. ու հովը զանոնք տարաւ, ու ամենևին անոնց տեղ մը չգտնուեցաւ. բայց արձանը զարնող քարը մեծ լեռ մը եղաւ, ու բոլոր երկիրը լեցուց։ 36Երազը այս է, ու թագաւորին առջև անոր մեկնութիւնը ըսենք։ 37Ով թագաւոր, դուն թագաւորաց թագաւոր ես, վասն զի երկինքի Աստուածը քեզի թագաւորութիւն, կարողութիւն, զօրութիւն ու պատիւ տուեր է: 38Եւ մարդոց որդիներուն բոլոր բնակած տեղերուն մէջ՝ դաշտի գազանները ու երկինքի թռչունները քու ձեռքդ տուեր է, և անոնց ամէնուն վրայ քեզ իշխան դրեր է. այն ոսկի գլուխը դուն ես։ 39Ու քեզմէ ետքը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի ելլէ քեզմէ ցած, ու պղինձէ ուրիշ երրորդ թագաւորութիւն մը՝ որ բոլոր երկրին պիտի տիրէ։ 40Եւ չորրորդ թագաւորութիւնը երկաթի պէս ամուր պիտի ըլլայ, ու ինչպէս երկաթը ամէն բանը կը փշրէ ու կը մանրէ, ասիկա ալ՝ այս ամէն բաները կոտրող երկաթին պէս փշրելով պիտի կոտրէ։ 41Եւ որովհետև ոտքերը ու մատերը՝ մէկ մասը բրուտի կաւէ ու մէկ մասը երկաթէ տեսար, այն թագաւորութիւնը պիտի բաժնուի, բայց երկաթի պնդութենէ բաժին պիտի ունենայ, քանզի երկաթը տղմուտ կաւի հետ խառնուած տեսար։ 42Ու ոտքերուն մատերուն մէկ մասը երկաթէ ու մէկ մասը կաւէ ըլլալը այս է որ այն թագաւորութեանը մէկ մասը ամուր՝ ու մէկ մասը դիւրաբեկ պիտի ըլլայ։ 43Եւ տղմուտ կաւին հետ երկաթը խառնուած տեսնելդ այս է որ անոնք մարդոց սերունդին հետ պիտի խառնուին, բայց անոնք իրարու պիտի չփակչին, ինչպէս երկաթը կաւին հետ չխառնուիր։ 44Ու այն թագաւորներուն օրերը երկինքի Աստուածը թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւրի,և այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի. անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ, ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ։ 45Որովհետև դուն առանց ձեռքի լեռնէն կտրած քար մը տեսար, և անիկա երկաթը, պղինձը, կաւը, արծաթը ու ոսկին փշրեց, մեծ Աստուածը ասկէ ետքը ինչ ըլլալիքը թագաւորին գիտցուց. ու երազը ճշմարիտ է, և անոր մեկնութիւնը՝ հաւատարիմ։
Թագաւորը կը վարձատրէ Դանիէլը
46Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր երեսին վրայ ինկաւ. ու Դանիէլի երկրպագութիւն ըրաւ, և հրամայեց որ ընծայ ու անոյշ հոտեր մատուցանեն անոր։ 47Եւ թագաւորը Դանիէլի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Իրաւցընէ ձեր Աստուածը ինք է աստուածներուն Աստուածը, և թագաւորներուն Տէրը, ու գաղտնիքները յայտնողը, քանզի դուն կարող եղար այս գաղտնիքը յայտնել։ 48Այն ատեն թագաւորը մեծցուց Դանիէլը, ու անոր շատ ու մեծ պարգևներ տուաւ, և զանիկա Բաբելոնի բոլոր գաւառին վրայ կառավարիչ ու Բաբելոնի բոլոր իմաստուններուն գլխաւորներուն վրայ իշխան դրաւ։ 49Եւ Դանիէլ թագաւորէն խնդրեց, ու Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ Սեդրաքը, Միսաքը ու Աբեդնագովը դրաւ. ու Դանիէլ թագաւորին դուռն էր։