Դանիէլ մարգարեյի գիրք

3

Նաբուգոդոնոսոր ոսկի արձանին երկրպագել կը հրամայէ

1Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ոսկիէ արձան մը շինեց, անոր բարձրութիւնը վաթսուն կանգուն ու լայնութիւնը վեց կանգուն. զանիկա Բաբելոնի գաւառը, Դուրա դաշտին մէջ, կանգնեց։ 2Եւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հրաման ղրկեց՝ կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները ժողվելու, որպէս զի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնած արձանին նաւակատիքին գան։ 3Այն ատեն կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհÁրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնած արձանին նաւաատիքին ժողվուեցան, ու Նաբուգոդոնոսորի կանգնած արձանին առջև կայնեցան։ 4Եւ մունետիկը ուժով կը կանչէր, Ով ժողովուրդներ, ազգեր ու լեզուներ, ձեզի կը զրուցուի. 5Երբ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսէք, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնած արձանին առջև իյնաք ու երկրպագութիւն ընէք. 6Եւ ով որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, նոյն ժամուն բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուի։ 7Ուստի երբ բոլոր ժողովուրդները փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսեցին, բոլոր ժողովուրդները, ազգերը և լեզուները կ’իյնային, և Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնած ոսկի արձանին երկրպագութիւն կ’ընէին:

Դանիէլին երեք բարեկամները անհնազանդութեամբ կը մեղաղդրուին

8Ուստի այն ատեն քանի մը Քաղդէացի մարդիկ մօտեցան. ու Հրեաներուն վրայով ամբաստանութիւն ըրին. 9Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին խօսեցան և ըսին, Ով թագաւոր, յաւիտեան ողջ կեցիր. 10Դուն, ով թագաւոր, հրաման ըրիր որ ամէն մարդ որ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին և ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսէ, իյնայ ու ոսկի արձանին երկրպագութիւն ընէ. 11Եւ ով որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետուի։ 12Քանի մը Հրեայ մարդիկ կան. զորոնք դուն Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ դրիր, այսինքն Սեդրաք, Միսաք և Աբեդնագով, այս մարդիկը քեզ բանի տեղ չեն սեպեր, ով թագաւոր. քու աստուածներդ չեն պաշտեր, և քու կանգնած ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն չեն ըներ։ 13Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր սըրտմըտութեամբ և բարկութեամբ հրամայեց որ Սեդրաքը, Միսաքը ու Աբեդնագովը բերեն. ուստի այն մարդիկը թագաւորին առջև բերին։ 14Պատասխան տուաւ Նաբուգոդոնոսոր ու անոնց ըսաւ, Ով Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով, խորհրդո՞վ է որ իմ աստուածներս չէք պաշտեր, և իմ կանգնած ոսկի արձանիս երկրպագութիւն չէք ըներ։ 15Հիմա եթէ պատրաստ էք փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսած ատեննիդ իյնալու ու իմ շինած արձանիս երկրպագութիւն ընելու, աղէկ, բայց եթէ երկրպագութիւն չընէք, նոյն ժամուն՝ բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուիք. և ո՞վ է այն Աստուածը որ ձեզ իմ ձեռքէս պիտի ազատէ։ 16Պատասխան տուին Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով, ու թագաւորին ըսին, Ով Նաբուգոդոնոսոր, այս բանին վրայով քեզի պատասխան տալու հարկաւորութիւն մը չունինք։ 17Ահա մեր պաշտած Աստուածը մեզ բարբոքած կրակի հնոցէն ազատելու կարող է. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ով թագաւոր։ 18Ապա թէ ոչ՝ քեզի յայտնի ըլլայ, ով թագաւոր, որ մենք քու աստուածներդ չենք պաշտեր, և քու կանգնած ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն չենք ըներ։

Դանիէլին երեք բարեկամները մահուան կը դատապարտուին

19Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բարկութեամբ լեցուեցաւ, ու անոր երեսին երևոյթը փոխուեցաւ Սեդրաքի, Միսաքի ու Աբեդնագովի վրայ, և պատասխան տալով՝ հրամայեց որ հնոցը վառելու սովորութենէն եօթնապատիկ աւելի վառեն. 20Ու իր զօրքին մէջ եղող զօրաւոր մարդոցը հրամայեց որ Սեդրաքը, Միսաքը և Աբեդնագովը կապեն, ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեն։ 21Այն ատեն այս մարդիկը իրենց անդրավարտիքներովը, բաճկոններովը, վերարկուներովը ու ամէն հանդերձներովը կապեցին, ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեցին։ 22Եւ թագաւորին հրամանին ստիպողական ըլլալուն՝ ու հնոցին շատ տաքցած ըլլալուն համար, Սեդրաքը, Միսաքը ու Աբեդնագովը վերցնող մարդիկը կրակին բոցը սպաննեց։ 23Եւ այս երեք մարդիկը, Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով, կապուած ինկան բորբոքած կրակի հնոցին մէջ։

Երեք մարդիկ կ’ազատուին ու կը մեծարուին

24Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ապշած՝ արտորնօք ոտք ելաւ, իր խորհրդականներուն խօսեցաւ ու ըսաւ, Մենք կրակին մէջ երեք կապուած մարդ չնետեցի՞նք. անոնք պատասխան տուին ու թագաւորին ըսին, Այո, ով թագաւոր։ 25Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Ահա ես կրակին մէջ չորս արձակուած մարդ կը տեսնեմ որ կը քալեն, անոնք ամենևին վնաս մը չեն քաշեր. ու չորրորդին դէմքը աստուածներու որդիի մը կը նմանի։ 26Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բորբոքած կրակի հնոցին դրանը մօտենալով՝ խօսեցաւ ու ըսաւ, Ով Բարձրեալ Աստուծոյն ծառաները, Սեդրաք, Միսաք և Աբեդնագով, դուրս ելէք ու հոս եկէք։ Այն ատեն Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով կրակին մէջէն ելան։ 27Եւ կուսակալները, նախարարները ու կառավարիչները ու թագաւորին խորհրդականները ժողվուեցան, և տեսան այս մարդիկը, որոնց մարմիններուն վրայ կրակը ամենեւին չտիրեց, ու անոնց գլխուն մէ՛կ մազը չխանձեցաւ, ու անոնց անդրավարտիքները գոյներնին չնետեցին. անոնց վրայ կրակին հոտը անգամ չկար։ 28Պատասխան տուաւ Նաբուգոդոնոսոր ու ըսաւ, Օրհնեալ ըլլայ Սեդրաքի, Միսաքի ու Աբեդնագովի Աստուածը, որ իր հրեշտակը ղրկեց, ու իր ծառաները ազատեց. վասն զի անոր ապաւինելով՝ թագաւորին խօսքը անարգեցին, ու իրենց մարմինները կրակի տուին, որպէս զի իրենց Աստուծմէն զատ ուրիշ աստուծոյ մը ծառայութիւն ու երկպագութիւն չընեն։ 29Արդ ես հրաման կու տամ որ ամէն , ազգ ու լեզու՝ որ Սեդրաքի, Միսաքի ու Աբեդնագովի Աստուծոյն դէմ սխալ բան մը ըսէ, կտոր կտոր ըլլայ, ու անոր տունը աղբանոց ըլլայ. վասն զի ուրիշ չկայ, որ կարող ըլլայ այսպէս ազատել։ 30Այն ատեն թագաւորը աւելի մեծցուց Սեդրաքը, Միսաքը ու Աբեդնագովը Բաբելոնի գաւառին մէջ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981