Դանիէլ մարգարեյի գիրք

4

Նաբուգոդոնոսորի երկրորդ երազը

1Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր բոլոր երկրին վրայ բնակող բոլոր ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն. ձեր խաղաղութիւնը շատնայ։ 2Իմ առջևս հաճոյ երևցաւ որ Բարձրեալ Աստուծոյն ինծի ըրած նշանները ու հրաշքները յայտնեմ։ 3Անոր նշանները ի՜նչ մեծ, ու հրաշքները ի՜նչ զօրաւոր են. անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն է, ու անոր իշխանութիւնը դարէ դար կը մնայ։ 4Ես Նաբուգոդոնոսոր երբ իմ տանս մէջ հանգիստ էի, ու պալատիս մէջ կը զուարճանայի, 5 տեսայ, որ զիս վախցուց. և անկողինիս վրայ իմ խորհուրդներս ու իմ գլխուս տեսիլքները զիս խռովեցուցին։ 6Ուստի Բաբելոնի բոլոր իմաստունները իմ առջևս բերելու հրաման ըրի, որպէս զի անոնք ինծի երազին մեկնութիւնը գիտցնեն։ 7Այն ատեն մոգերը, հմայողները, Քաղդեաները ու բաղդ նայողները եկան, ու ես երազը անոնց առջև ըսի, բայց անոնք չկրցան մեկնութիւնը ինծի գիտցնել։ 8Ու վերջապէս Դանիէլ առջևս եկաւ, որուն անունը իմ աստուծոյս անուանը համեմատ Բաղտասասար կը կոչուի, և որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ,ու անոր առջև երազը պատմեցի ու ըսի, 9Ով մոգերուն իշխանը Բաղտասասար, որովհետև գիտեմ որ քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներուն հոգին կայ, ու քեզի բնաւ գաղտնիք մը նեղութիւն չտար. ահա տեսած երազիս տեսիլքները, ու դուն անոնց մեկնութիւնը ըսէ։ 10Իմ անկողինիս մէջ գլխուս տեսիլքները ասոնք էին. Ես կը տեսնէի որ ահա երկրի մէջ ծառ մը կար, ու անոր բարձրութիւնը մեծ էր։ 11Այն ծառը մեծցաւ և ուժովցաւ, ու անոր բարձրութիւնը մինչև երկինք հասաւ. ու անիկա բոլոր երկրի ծայրերէն կը տեսնուէր։ 12Անոր տերևները գեղեցիկ, ու պտուղը առատ էր, և անոր վրայ ամէնուն համար կերակուր կար. դաշտի անասունները անոր շուքին տակ կը նստէին, ու երկինքի թռչունները անոր ոստերուն վրայ կը բնակէին, և ամէն մարմին անկէ կը կերակրուէր։ 13Անկողինիս վրայ գլխուս տեսիլքներուն մէջ կը տեսնէի որ ահա երկինքէն սուրբ պահապան մը իջաւ. 14Անիկա ուժով կանչեց ու այպէս ըսաւ. Ծառը կտրեցէք, ու ոստերը մէկդի հանեցէք. տերևները թօթափեցէք, ու պտուղները ցրուեցէք. անոր տակէն անասունները, ու ոստերէն թռչունները փախչին: 15Բայց արմատներուն բունը երկրի մէջ թողուցէք, ու երկաթէ և պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ ըլլայ, ու երկինքի ցօղովը թրջուի, և անոր բաժինը անասուններու հետ երկրի խոտին մէջ ըլլայ. 16Անոր սիրտը մարդու սրտէն փոխուի, ու անոր անասունի սիրտ տրուի, և անոր վրայէն եօթը ժամանակ անցնի։ 17Այս բանը պահապաններուն վճիռովն է, ու այս խնդիրքը սուրբերուն խօսքովն է. որպէս զի ապրողները գիտնան թէ Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ, ու զանիկա իր ուզածին կու տայ, ու անոր վրայ մարդոց անարգը կը դնէ։ 18Ես Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր այս երազը տեսայ, ու դուն, ով Բաղտասասար, անոր մեկնութիւնը ըսէ, վասն զի իմ թագաւորութեանս բոլոր իմաստունները կարող չեղան անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել. բայց դուն կարող ես, քանզի քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։

Դանիէլ երազը կը մեկնէ

19Այն ատեն Դանիէլ, որուն անունը Բաղտասասար էր, մէկ ժամու չափ հիացած մնաց, ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին։ Պատասխան տուաւ թագաւորը ու ըսաւ, Ով Բաղտասասար, երազը կամ անոր մեկնութիւնը քեզ չխռովեցնէ. պատասխան տուաւ Բաղտասասար ու ըսաւ, Ով տէր իմ, երազը քեզ ատողներուն՝ ու անոր մեկնութիւնը քու թշնամիներուդ ըլլայ։ 20Այն տեսած ծառդ որ մեծցաւ և ուժովցաւ, ու անոր բարձրութիւնը մինչև երկինք հասաւ, ու անիկա բոլոր երկրի մէջ կը տեսնուէր, 21Եւ անոր տերևները գեղեցիկ, ու պտուղը առատ էր, ու անոր վրայ ամէնուն համար կերակուր կար, անոր տակ դաշտի անասունները կը բնակէին, ու անոր ոստերուն վրայ երկինքի թռչունները կը կենային, 22Անիկա դուն ես, ով թագաւոր, որ մեծցար և ուժովցար. և քու մեծութիւնդ բարձրացաւ ու մինչև երկինք հասաւ, և քու իշխանութիւնդ մինչև երկրի ծայրերը հասաւ։ 23Եւ որովհետև թագաւորը սուրբ պահապան մը տեսաւ որ երկինքէն իջաւ, ու ըսաւ, Ծառը կտրեցէք ու զանիկա աւրեցէք, բայց անոր արմատներուն բունը երկրի մէջ թողուցէք, ու երկաթէ և պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ ըլլայ, ու երկինքի ցօղովը թրջուի, և անոր բաժինը դաշտի անասուններուն հետ ըլլայ, մինչև անոր վրայէն եօթը ժամանակ անցնի. 24Այս է մեկնութիւնը, ով թագաւոր, և այս է Բարձրեալին վճիռը՝ որ իմ թագաւոր տէրոջս վրայ հասած է: 25Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն, և քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ. ու քեզ պիտի թողուն որ արջառներու պէս խոտ ուտես, ու երկինքի ցօղովը թրջուիս. և քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչև գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ, ու զանիկա իր ուզածին կու տայ: 26Եւ որ ըսուեցաւ թէ այն ծառին արմատներուն բունը թողուի, այս է որ քու երկնաւոր իշխանութիւնը ճանչնալէդ ետքը՝ քու թագաւորութիւնդ քեզի պիտի հաստատուի։ 27Անոր համար, ով թագաւոր, թող իմ խրատս քեզի հաճոյ երևնայ, քու մեղքերդ արդարութեամբ ու քու անօրէնութիւններդ աղքատներուն ողորմելով մէկդի ձգէ, թերևս հանգստութիւնդ երկննայ։ 28Այս ամէնը Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին վրայ եկաւ։ 29Տասուերկու ամիսէն ետքը երբ Բաբելոնի թագաւորութեան պալատին վրայ կը ճեմեր, 30Թագաւորը խօսեցաւ ու ըսաւ, Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը զոր ես իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան շինեցի։ 31Երբ խօսքը դեռ թագաւորին բերանն էր, երկինքէն ձայն մը իջաւ, Քեզի կ’ըսուի, ով Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր, թագաւորութիւնը քեզմէ գնաց. 32Ու քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն, և քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ, քեզ պիտի թողուն որ արջառներու պէս խոտ ուտես, ու քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչև գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ, ու զանիկա իր ուզածին կու տայ։ 33Նոյն ժամուն մէջ այս խօսքը Նաբուգոդոնոսորի վրայ կատարուեցաւ, ու մարդոց մէջէն վռնտուեցաւ, ու արջառներու պէս խոտ կ’ուտեր, և անոր մարմինը երկինքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչև որ մազերը արծիւներու փետուրներուն պէս, ու ըղունգները թռչուններու մագիլներուն պէս երկնցան։

Նաբուգոդոնոսոր Տէրը կը փառաբանէ

34Եւ այն օրերուն վերջը ես Նաբուգոդոնոսոր աչքերս երկինք վերցուցի, ու խելքս ինծի դարձաւ, և Բարձրեալը օրհնեցի, ու գովեցի ու փառաւորեցի զանիկա որ յաւիտեան կենդանի է, ու անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, և անոր թագաւորութիւնը դարէ դար կը մնայ։ 35Ու երկրի բոլոր բնակիչները ոչինչի պէս կը սեպուին, և անիկա երկինքի զօրքերուն մէջ ու երկրի բնակիչներուն մէջ իր ուզածը կը գործէ. ու անոր ձեռքին դէմ դնող, կամ անոր Ի՞նչ կ’ընես՝ ըսող չկայ, 36Այն ատեն խելքս ինծի դարձաւ, ու իմ թագաւորութեանս պատուոյն հետ իմ փառքս ու մեծավայելչութիւնս ինծի դարձաւ, և իմ խորհրդականներս ու մեծամեծներս զիս փնտռեցին, ու իմ թագաւորութեանս մէջ հաստատուեցայ և ինծի աւելի մեծ վեհափառութիւն տրուեցաւ։ 37Հիմա ես Նաբուգոդոնոսոր երկինքի Թագաւորը կը գովեմ, և կը բարձրացնեմ ու կը փառաւորեմ, վասն զի անոր բոլոր գործերը ճշմարտութիւն, ու ճամբաները են, ու անիկա կարող է ամբարտաւանութեամբ քալողները ցածցնել։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981