Դանիէլ մարգարեյի գիրք
5
Բաղտասարի կոչունքը
1Բաղտասար թագաւորը իր մեծամեծներէն հազար հոգիի մեծ կոչունք ըրաւ, ու հազարին առջև գինի խմեց։ 2Ու երբ Բաղտասար գինիէն զուարթացաւ, հրամայեց որ իր հօրը Նաբուգոդոնոսորի Երուսաղէմի տաճարէն հանած ոսկիէ ու արծաթէ անօթները բերեն, որպէս զի թագաւորը ու իր մեծամեծները, իր կիները ու հարճերը անոնցմով խմեն։ 3Ուստի Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը տաճարէն հանուած ոսկի անօթները բերին, և թագաւորը ու իր մեծամեծները, իր կիները ու հարճերը անոնցմով խմեցին։ 4Անոնք գինի խմեցին, ու ոսկիէ, արծաթէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ աստուածները գովեցին։ 5Նոյն ժամուն մէջ մարդու ձեռքի մատեր ելան, ու աշտանակին դիմաց, թագաւորական պալատին պատին ծեփին վրայ, գրեցին և թագաւորը այն գրող ձեռքին թաթը տեսաւ։ 6Այն ատեն թագաւորին գոյնը փոխուեցաւ, ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին, այնպէս որ մէջքին յօդուածները կը քակուէին ու ծունկերը իրարու կը զարնէին։ 7Թագաւորը բարձրաձայն աղաղակեց որ հմայողները, Քաղդեաները ու բաղդ նայողները բերեն. թագաւորը Բաբելոնի իմաստուններուն խօսեցաւ ու ըսաւ, Ով որ այս գիրը կարդայ ու մեկնութիւնը ինծի իմացնէ, ծիրանի պիտի հագնի ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ պիտի դրուի, և թագաւորութեան մէջ երրորդ իշխան պիտի ըլլայ։ 8Ուստի թագաւորին բոլոր իմաստունները եկան, բայց գիրը կարդալու ու անոր մեկնութիւնը թագաւորին գիտցնելու կարող չեղան։ 9Այն ատեն Բաղտասար թագաւորը սաստիկ խռովեցաւ ու երեսին գոյնը փոխուեցաւ. անոր մեծամեծներն ալ սարսափեցան։ 10Եւ թագուհին թագաւորին ու անոր մեծամեծներուն խօսքերուն պատճառաւ կոչունքին տունը եկաւ, ու թագուհին խօսեցաւ ու ըսաւ, Ով թագաւոր, յաւիտեան ողջ կեցիր. քու խորհուրդներդ քեզ չխռովեցնեն, ու երեսիդ գոյնը չփոխուի. 11Քու թագաւորութեանդ մէջ մարդ մը կայ, ու անոր ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ, և քու հօրդ օրերը անոր վրայ լոյս, հանճար, ու աստուածներուն իմաստութեանը պէս իմաստութիւն գտնուեցաւ, և քու հայրդ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զանիկա մոգերուն, հմայողներուն, Քաղդեաներուն ու բաղդ նայողներուն վրայ իշխան դրաւ։ 12Քանզի այս մարդուն քով, այսինքն Դանիէլի, որուն անունը թագաւորը Բաղտասասար դրաւ, գերազանց հոգի, գիտութիւն ու հանճար կայ՝ երազներ մեկնելու, առեղծուածներ յայտնելու ու դժուարին խնդիրներ լուծելու. հիմա Դանիէլ թող կանչուի, ու անիկա մեկնութիւնը պիտի իմացնէ։
Դանիէլ գրուածքը կը մեկնէ
13Այն ատեն Դանիէլ թագաւորին առջև տարուեցաւ. թագաւորը խօսեցաւ ու Դանիէլի ըսաւ, Իմ թագաւոր հօրս Հրէաստանէ բերած Հրէաստանի գերիներէն եղող Դանիէլը դո՞ւն ես. 14Վասն զի քեզի համար լսեցի որ քու ներսիդիդ աստուածներուն հոգին կայ. և քու քովդ լոյս, հանճար ու գերազանց իմաստութիւն կը գտնուի։ 15Ու հիմա իմ առջևս իմաստուններ ու հմայողներ բերուեցան, որպէս զի այս գրուածը կարդան ու անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնեն, բայց անոնք չկրցան այս խօսքին մեկնութիւնը իմացնել: 16Ու ես քեզի համար լսեցի որ մեկնութիւններ տալու, և դժուարին խնդիրներ լուծելու կարող ես. հիմա եթէ դուն այն գրուածը կարդալու, և անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնելու կարող ըլլաս, ծիրանի պիտի հագնիս, և քու պարանոցդ ոսկի մանեակ պիտի դրուի, ու թագաւորութեանը մէջ երրորդ իշխան պիտի ըլլաս։ 17Այն ատեն Դանիէլ պատասխան տուաւ ու թագաւորին առջև ըսաւ, Քու պարգևներդ քեզի ըլլան, ու տուրքերդ ուրիշին տուր. բայց ես այն գրուածը թագաւորին պիտի կարդամ, ու մեկնութիւնը անոր գիտցնեմ։ 18Ով թագաւոր, Բարձրեալ Աստուածը քու հօրդ Նաբուգոդոնոսորի թագաւորութիւն ու մեծութիւն և պատիւ ու փառք տուաւ. 19Եւ անոր տուած մեծութենէն՝ բոլոր ժողովուրդները, ազգերը ու լեզուները անոր երեսէն կը դողային ու կը վախնային. անիկա ուզածը կը մեռցնէր և ուզածը ողջ կը թողուր. անիկա ուզածը կը բարձրացնէր և ուզածը կը ցածցնէր։ 20Բայց երբ անոր սիրտը բարձրացաւ, ու անոր հոգին ամբարտաւանութեամբ կարծրացաւ, իր թագաւորութեան աթոռէն ինկաւ, ու պատիւը անկէ առնուեցաւ. 21Եւ անիկա մարդոց որդիներուն մէջէն վռնտուեցաւ,ու անոր սիրտը անասուններու պէս եղաւ, և անոր բնակութիւնը վայրենի էշերուն հետ եղաւ. արջառներու պէս խոտ կը կերցնէին անոր, ու անոր մարմինը երկինքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչև գիտցաւ թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալ Աստուածը կը տիրէ, ու իր ուզած մարդը անոր վրայ կը դնէ։ 22Ու դուն, ով Բաղտասար, անոր որդին, քու սիրտդ չխոնարհեցուցիր, թէև այս ամէնը գիտցար: 23Հապա երկինքի Տէրոջը դէմ քեզ բարձրացուցիր, ու անոր տանը անօթները քու առջևդ բերին. և դուն ու քու մեծամեծներդ, քու կիներդ ու հարճերդ անոնցմով գինի խմեցիք. և դուն արծաթէ, ոսկիէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ շինուած աստուածները գովեցիր, որոնք ոչ կը տեսնեն, ոչ կը լսեն, ոչ ալ բան մը գիտեն. և այն Աստուածը, որուն ձեռքն է քու շունչդ, և որուն են քու ամէն ճամբաներդ, չփառաւորեցիր. 24Անոր համար այն ձեռքի թաթը անոր երեսէն ղրկուեցաւ, ու այս գրուածը գրուեցաւ։ 25Եւ գրուած գիրը ասիկա է, ՄԱՆԷ, ՄԱՆԷ ԹԵԿԷՂ ՈՒ ՓԱՐՍԻՆ։ 26Այս խօսքին մեկնութիւնը այս է. Մանէ, Աստուած քու թագաւորութիւնդ համրէց ու զանիկա վերջացուց։ 27Թեկէղ, կշիռքով կշռուեցար ու պակաս գտնուեցար։ 28Փարէս, քու թագաւորութիւնդ բաժնուեցաւ և Մարաց ու Պարսից տրուեցաւ։ 29Այն ատեն Բաղտասար հրամայեց, ու Դանիէլի ծիրանի հագցուցին ու պարանոցը ոսկի մանեակ դրին, և անոր համար մունետիկ կանչել տուին որ թագաւորութեանը մէջ երրորդ իշխան ըլլայ։ 30Նոյն գիշերը Քաղդէացւոց Բաղտասար թագաւորը սպաննուեցաւ։ Ու թագաւորութիւնը Մարաց Դարեհ թագաւորը առաւ, երբ վաթսուներկու տարեկանի չափ էր։