Դանիէլ մարգարեյի գիրք
6
Դանիէլ առիւծներու գուբին մէջ
1Դարեհի առջև հաճոյ երևցաւ որ թագաւորութեանը վրա հարիւր քսան կուսակալներ դնէ, որոնք բոլոր թագաւորութեանը մէջ ըլլան. 2Եւ անոնց վրայ երեք հրամանատար՝ որոնց մէկը Դանիէլ էր, որպէս զի այն կուսակալները ասոնց հաշիւ տան, որպէս զի թագաւորին վնաս չըլլայ։ 3Ու այս Դանիէլ միւս հրամանատարներէն և կուսակալներէն նախապատիւ էր, վասն զի անոր վրայ գերազանց հոգի կար, ու թագաւորը միտք ուներ որ զանիկա բոլոր թագաւորութեանը վրայ դնէ։ 4Եւ հրամանատարները ու կուսակալները թագաւորութեանը գործերուն կողմէ Դանիէլի դէմ պատճառ մը գտնելու կը ջանային, բայց անոնք բնաւ պատճառ մը կամ չարութիւն մը գտնելու կարող չեղան. վասն զի անիկա հաւատարիմ էր, ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։ 5Ուստի այս մարդիկը ըսին, Մենք այս Դանիէլին դէմ ամենևին պատճառ մը պիտի չգտնենք, բայց եթե անոր դէմ անոր Աստուծոյն օրէնքին կողմանէ գտնենք։ 6Այն ատեն հրամանատարները ու կուսակալները թագաւորին քով ժողուեցան, ու անոր այպէս ըսին. Ով Դարեհ թագաւոր, յաւիտեան ողջ կեցիր։ 7Թագաւորութեան բոլոր հրամանատարները, նախարարները, կուսակալները, խորհրդականները ու կառավարիչները խորհուրդ ըրին, որ թագաւորական հրաման մը որոշուի, և արգելիչ օրենք մը հաստատուի, թէ ով որ մինչև երեսուն օր խնդրուած մը խնդրէ աստուծմէ մը կամ մարդէ մը, բաց ի քեզմէ, ով թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի։ 8Հիմա, ով թագաւոր, այս արգելիչ օրենքը հաստատէ, ու հրովարտակը ստորագրէ, որպէս զի Մարաց ու Պարսից անխափանելի օրենքին համեմատ չփոխուի։ 9Ասոր համար Դարեհ թագաւորը հրովարտակը ու արգելիչ օրենքը ստորագրեց։ 10Ու երբ Դանիէլ իմացաւ թէ հրովարտակը ստորագրուեցաւ, իր տունը գնաց, ու իր սենեակին մէջ պատուհանները դէպ ի Երուսաղէմ բաց էին, և օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով աղօթք կ’ըներ, ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր առաջուան սովորութեանը պէս։ 11Ուստի այս մարդիկը ժողուեցան, ու Դանիէլը գտան՝ որ իր Աստուծոյն առջև աղօթք ու աղաչանք կ’ըներ։ 12Այն ատեն մօտեցան, ու թագաւորին առջև թագաւորին արգելիչ օրէնքին վրայով ըսին, Դուն արգելիչ օրէնք մը չստորագրեցի՞ր, թէ ով որ մինչև երեսուն օր բան մը խնդրէ աստուծմէ մը կամ մարդէ մը, բաց ի քեզմէ, ով թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի. թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Այդ խօսքը ճշմարիտ է՝ Մարաց ու Պարսից անխափանելի օրենքին համեմատ։ 13Այն ատեն անոնք պատասխան տուին ու թագաւորին առջև ըսին, Հրէաստանի գերութեան որդիներէն եղող Դանիէլը քեզ և քու ստորագրած արգելիչ օրէնքդ բանի տեղ չսեպեր, ով թագաւոր, հապա օրը երեք անգամ իր խնդրուածքը կը մատուցանէ։ 14Այն ատեն թագաւորը այս խօսքերը լսածին պէս՝ ինքնիրեն շատ տրտմեցաւ, ու իր սիրտը Դանիէլի վրայ դրաւ որպէս զի զանիկա ազատէ, ու մինչև արևուն մտնելը կը ջանար որ զանիկա ապրեցնէ։ 15Բայց այն մարդիկը թագաւորին քով ժողվուեցան, ու թագաւորին ըսին, Ով թագաւոր, գիտցիր որ Մարաց ու Պարսից օրենքը այս է, որ թագաւորին ամէն հաստատած արգելիչ օրենքը ու հրամանը չփոխուիր։ 16Այն ատեն թագաւորը հրամայեց, ու Դանիէլը բերին, և զանիկա առիւծներուն գուբը նետեցին։ Թագաւորը Դանիէլի խօսեցաւ ու ըսաւ, Քու Աստուածդ, զոր դուն անդադար կը պաշտես, անիկա քեզ պիտի ազատէ։ 17Ու քար մը բերին ու գուբին բերանը դրին, և թագաւորը զանիկա իր կնիքովը ու իր մեծամեծներուն կնիքովը կնքեց, որպէս զի Դանիէլի վրայով բան մը չփոխուի։ 18Ետքը թագաւորը իր տունը գնաց, ու գիշերը անօթի անցուց, և իր առջև նուագարաններ բերել չտուաւ, ու քունը իրմէ փախաւ։ 19Եւ թագաւորը արշալոյսին կանուխ ելաւ, ու արտորնօք առիւծներուն գուբը գնաց։ 20Ու երբ գուբին մօտեցաւ, տրտում ձայնով մը Դանիէլի պոռաց, և թագաւորը խօսեցաւ ու Դանիէլի ըսաւ, Ով Դանիէլ, կենդանի Աստուծոյ ծառան, քու Աստուածդ զոր դուն անդադար կը պաշտես, կարող եղա՞ւ քեզ առիւծներէն ազատել։ 21Այն ատեն Դանիէլ թագաւորին ըսաւ, Ով թագաւոր, յաւիտեան ողջ կեցիր: 22Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց, ու առիւծներուն բերանը գոցեց, ու ինծի վնաս չտուին. վասն զի անոր առջև իմ վրաս անմեղութիւն գտնուեցաւ, և քու առջևդ ալ, ով թագաւոր, յանցանք մը ըրած չեմ։ 23Այն ատեն թագաւորը շատ ուրախացաւ, ու հրամայեց որ Դանիէլը գուբէն հանեն. և Դանիէլը գուբէն հանեցին, ու անոր վրայ ամենևին վնաս մը չգտնուեցաւ, վասն զի իր Աստուծոյն հաւատաց։ 24Եւ թագաւորը հրամայեց, ու Դանիէլի վրայով չարախօսութիւն ընող մարդիկը բերին, և զանոնք ու անոնց տղաքները ու կիները առիւծներուն գուբը նետեցին. ու անոնք դեռ գուբին յատակը չհասած՝ առիւծները անոնց վրայ տիրեցին, ու անոնց բոլոր ոսկորները փշրեցին։ 25Այն ատեն Դարեհ թագաւորը բոլոր երկրի վրայ բնակող ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն այսպէս գրեց. Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ: 26Ինծմէ հրաման ելաւ որ իմ թագաւորութեանս բոլոր իշխանութեանը մէջ՝ Դանիէլի Աստուծոյն երեսէն դողան ու վախնան, վասն զի անիկա կենդանի Աստուած է ու յաւիտեան կը կենայ, և անոր թագաւորութիւնը չաւրուիր, ու անոր իշխանութիւնը մինչև վերջը կը մնայ։ 27Անիկա կ’ազատէ ու կը փրկէ, և երկինքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ ու հրաշքներ կ’ընէ, որ Դանիէլը առիւծներուն բերնէն ազատեց։ 28Եւ այս Դանիէլը Դարեհի թագաւորութեանը ու Պարսիկ Կիւրոսի թագաւորութեանը ատեն յաջողութիւն գտաւ։