Դանիէլ մարգարեյի գիրք

8

Դանիէլի տեսիլքը խոյի և քօշի

1Բաղտասար թագաւորին թագաւորութեանը երրորդ տարին ինծի Դանիէլիս երևցաւ՝ այն առաջուան տեսածէս ետքը։ 2Եւ տեսիլքի մէջ տեսայ. ու եղաւ որ տեսած ատենս՝ ես Եղամի գաւառին մէջ եղող Շուշան մայրաքաղաքն էի, ու տեսիլքի մէջ տեսայ որ Ուլա գետին քով էի։ 3Եւ իմ աչքերս վերցուցի ու տեսայ, և ահա գետին քով խոյ մը կայնած էր, ու անիկա երկու եղջիւր ունէր, և այն եղջիւրները բարձր էին, ու մէկը միւսէն բարձր էր, ու այն բարձրը ետքէն ելաւ։ 4Եւ տեսայ այն խոյը՝ որ իր եղջիւրներով դէպ ի արևմուտք, դէպ ի հիւսիս ու դէպ ի հարաւ կը զարնէր, ու բնաւ գազան մը անոր առջև չէր կրնար կայնիլ, և անոր ձեռքէն ազատող չկար. հապա անիկա իր ուզածին պէս ըրաւ ու մեծցաւ։ 5Ու երբ ես կը մտածէի, ահա արևմուտքէն բոլոր երկրի երեսին վրայ այծերու քօշ մը եկաւ, ու գետնին չէր դպչեր, ու քօշը իր աչքերուն մէջտեղ նշանաւոր եղջիւր մը ուներ: 6Եւ անիկա հասաւ մինչև երկու եղջիւր ունեցող խօյը, զոր տեսայ որ գետին քով կայնած էր, ու իր կատաղի զօրութիւնովը անոր վրայ յարձակեցաւ։ 7Եւ տեսայ որ խոյին մօտեցաւ, ու անոր վրայ կատաղելով՝ խոյը զարկաւ, և անոր երկու եղջիւրը կոտրեց. ու խոյը ոյժ չունէր որ անոր առջև կայնի. ու զանիկա գետինը զարկաւ ու զանիկա կոխկռտեց, և մէ՛կը չկար որ խոյը անոր ձեռքէն ազատէր։ 8Ու այծերու քօշը խիստ մեծցաւ. ու անիկա ուժովցածին պէս՝ այն մեծ եղջիւրը կոտրեցաւ, և անոր տեղ դէպ ի երկինքի չորս հովերը չորս նշանաւոր եղջիւրներ ելան։ 9Ու անոնց մէկէն պզտիկ եղջիւր մը ելաւ, և անիկա դէպ ի հարաւ, դէպ ի արևելք ու դէպ ի փառաւոր երկիրը խիստ մեծցաւ. 10Ու մինչև երկինքի զօրքը մեծցաւ, և զօրքէն ու աստղերէն գետինը ձգեց ու զանոնք կոխկռտեց. 11Ու մինչև զօրաց Իշխանը զինք բարձրացուց. ու անկէ մշտնջենաւոր զոհը վերցուեցաւ, և անոր սրբարանին բնակարանը կործանեցաւ։ 12Ու զօրք մը ամբարշտութեամբ մշտնջենաւոր զոհին դէմ դրաւ, ու ճշմարտութիւնը գետինը զարկաւ, ու բան տեսաւ և յաջողեցաւ։ 13Ու լսեցի որ սուրբ մը կը խօսէր, և այն խօսողին մէկ ուրիշ սուրբ մը ըսաւ, Մշտնջենաւոր զոհին, ու աւրող ամբարշտութեանը, ու սրբարանին և զօրքին կոխուելու տրուելուն տեսիլքը մինչև ե՞րբ պիտի տևէ։ 14Ու անիկա ինծի ըսաւ, Մինչև երկու հազար երեք հարիւր օր, ետքը սրբարանը պիտի մաքրուի։

Գաբրիէլ հրեշտակը տեսիլքը կը բացատրէ

15Ու երբ ես Դանիէլ տեսիլքս տեսայ, ու մեկնութիւնը կը փնտռէի որ հասկնամ, ահա իմ դիմացս մարդու կերպարանքով մէկը կը կայնէր։ 16Եւ Ուլա գետին մէջէն մարդու ձայն լսեցի, որ կը կանչէր ու կ’ըսեր, Ով Գաբրիէլ, տեսիլքը ատոր հասկցուր։ 17Ու անիկա իմ կեցած տեղիս մօտ եկաւ. ու երբ եկաւ, վախցայ ու երեսիս վրայ ինկայ. և անիկա ինծի ըսաւ, Հասկցիր, որդի մարդոյ, որ այս տեսիլքը վերջին ժամանակին համար է։ 18Ու երբ անիկա ինծի հետ կը խօսէր, ես թմրած՝ երեսիս վրայ գետինը ինկած էի. և անիկա ինծի դպաւ, ու զիս իմ կեցած տեղս կայնեցուց. 19Ու ըսաւ, Ահա քեզի կ’իմացնեմ բարկութեան վերջը ինչ ըլլալիքը. վասն զի այս տեսիլքը վերջի ժամանակին համար է։ 20Այն քու տեսած խոյդ, որ երկու եղջիւր ունէր, Մարաց ու Պարսից թագաւորներն է։ 21Եւ այծերու քօշը Յունաց թագաւորն է. ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։ 22Եւ ան որ կոտրեցաւ, ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս է որ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ոչ թէ անոր զօրութիւնովը։ 23Ու անոնց թագաւորութեան վերջը երբ ամբարիշտները իրենց ամբարշտութեան չափը լեցնեն, պինդերես ու խորագէտ թագաւոր մը պիտի ելլէ: 24Եւ անոր իշխանութիւնը պիտի զօրանայ. բայց ոչ թէ իր զօրութիւնովը. ու անիկա սքանչելի կերպով պիտի աւրէ, և պիտի յաջողի ու բան պիտի տեսնէ, ու զորաւարները և սրբոց ժողովուդը պիտի աւրէ։ 25Ու իր խելքին միջոցով իր ձեռքին մէջ նենգութիւնը պիտի յաջողի, և իր սրտին մէջ պիտի հպարտանայ, ու խաղաղաութեան մէջ շատերը պիտի կորսնցնէ, և իշխանաց Իշխանին դէմ պիտի դնէ, բայց առանց ձեռքի պիտի կոտրի։ 26Եւ իրիկուան ու առտուան տեսիլքը որ ըսուեցաւ՝ ճշմարիտ է. ու դուն տեսիլքը գոցէ, քանզի շատ օրերու համար է։ 27Ու ես Դանիէլ մարեցայ և քանի մը օր հիւանդացայ. ետքը ելայ թագաւորին գործը տեսայ. ու տեսիլքին համար զարմացումի մէջ էի, ու մէկը չկար որ ինծի հասկցնէր։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)