Դանիէլ մարգարեյի գիրք
9
Դանիէլ իր ժողովուրդին համար կ’աղոթէ
1Ասուերոսի որդւոյն Դարեհի առաջին տարին, որ Մարաց սերունդէն էր, ու Քաղդէացւոց թագաւորութեանը վրայ թագաւոր դրուեցաւ։ 2Անոր թագաւորութեանը առաջին տարին ես Դանիէլ գիրքերէն իմացայ այն տարիներուն թիւը՝ որոնց համար Տէրոջը խօսքը եղեր էր Երեմիա մարգարէին, թէ եօթանասուն տարիով պիտի վերջացնէր Երուսաղէմի աւերումները։ 3Ու ես իմ երեսս Տէր Աստուծոյ դարձուցի, որպէս զի ծոմապահութեամբ, քուրձով ու մոխիրով աղօթք ու աղաչանք մատուցանեմ. 4Եւ իմ Տէր Աստուծոյս աղօթք ըրի խոստովանեցայ ու ըսի, Ոհ, Տեր, մեծ և ահաւոր Աստուած, որ քեզ սիրողներուն և քու պատուիրանքներդ պահողներուն ուխտ ու ողորմութիւն կը պահես, 5Մենք մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ըրինք, ու ամբարշտութիւն ըրինք, և ապստամբ եղանք, ու քու պատուիրանքներէդ ու իրաւունքներէդ խոտորեցանք. 6Եւ քու ծառաներուդ, մարգարէներուն, մտիկ չըրինք, որոնք մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն ու երկրին բոլոր ժողովուրդին քու անունովդ խօսեցան։ 7Ով Տէր, քեզի կը վայլէ արդարութիւն, ու մեզի՝ երեսի ամոթ, (ինչպէս այսօր եղաւ,) Յուդայի մարդոց, Երուսաղէմի բնակիչներուն ու ամէն մերձաւոր ու հեռաւոր Իսրայելացիներուն, այն բոլոր երկիրներուն մէջ ուր դուն զանոնք քշեցիր անոնց քեզի դէմ ըրած յանցանքին համար։ 8Ով Տէր, երեսի ամօթ կը վայլէ մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն, վասն զի քեզի դէմ մեղք գործեցինք. 9Իսկ ողորմութիւն ու ներողութիւն մեր Տէր Աստուծոյն կը վայլէ, վասն զի մենք անկէ ապստամբեցանք, 10Եւ մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չըրինք որ անոր օրէնքներովը քալենք, զորոնք իր ծառաներուն, մարգարէներուն, ձեռքով մեր առջև դրաւ։ 11Ու բոլոր Իսրայէլ քու օրէնքդ զանց ըրին, և քու ձայնիդ մտիկ չընելով՝ խոտորեցան. ուստի Աստուծոյ ծառային Մովսէսի օրէնքին մէջ գրուած անէծքը ու երդումը մեր վրայ թափեցան, քանզի Անոր դէմ մեղք գործեցինք. 12Ու մեր վրայ մեծ չարիք բերելով՝ հաստատեց իր խօսքերը, զորոնք մեր վրայով ու մեզ դատող մեր դատաւորներուն վրայով խօսեր էր. այնպէս որ Երուսաղէմի մէջ եղածին պէս բոլոր երկինքին տակ չեղաւ։ 13Մովսէսի օրենքին մէջ գրուածին պէս այս բոլոր չարիքը մեր վրայ եկաւ. սակայն մենք մեր անօրէնութիւններէն դառնալու և քու ճշմարտութեանդ խելամուտ ըլլալու համար՝ մեր Տէր Աստուծոյն երեսը չաղաչեցինք։ 14Եւ Տէրը այս չարիքին համար հսկելով՝ զանիկա մեր վրայ բերաւ, քանզի մեր Տէր Աստուածը իր ըրած բոլոր գործերուն մէջ արդար է. բայց մենք անոր ձայնին մտիկ չըրինք։ 15Եւ արդ, ով Տէր Աստուած մեր, որ քու ժողովուրդդ զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր, ու քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երևնայ, մենք մեղք գործեցինք, ամբարշտութիւն ըրինք։ 16Ով Տէր, քու բոլոր բարութեանդ համեմատ շնորհք ըրէ, քու սուրբ լեռնէդ, Երուսաղէմ քաղաքէն, քու սրտմտութիւնդ ու բարկութիւնդ դառնայ, վասն զի մեր մեղքերուն համար ու մեր հայրերուն անօրէնութիւններուն համար՝ Երուսաղէմ ու քու ժողովուրդդ ամէն մեր բոլորտիքը եղողներուն նախատինք եղան։ 17Եւ հիմա, ով Աստուած մեր, քու ծառայիդ աղօթքը ու աղաչանքը լսէ, ու Տէրոջը համար քու ամայացած սրբարանիդ վրայ երեսդ փայլեցուր, 18Ականջդ խոնարհեցուր, ով Աստուած իմ, ու լսէ, աչքերդ բաց ու տես մեր աւերումները և այն քաղաքը որուն վրայ քու անունդ կոչուած է. վասն զի մեր աղաչանքը ոչ թէ մեր արդարութիւններուն համար քու առջևդ կը մատուցանենք, հապա քու մեծ ողորմութեանդ համար։ 19Ով Տէր, լսէ, ով Տէր, ներէ, ով Տէր, մտիկ ըրէ ու կատարէ. մի ուշանար՝ քեզի համար, ով Աստված իմ, քանզի քու քաղաքիդ վրայ ու քու ժողովուրդիդ վրայ քու անունդ կոչուած է։
Գաբրիէլ մարգարէութիւնը կը բացատրէ
20Ու երբ ես տակաւին կը խօսէի, կ’աղօթէի, և իմ մեղքս ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մեղքը կը խոստովանէի, և իմ Աստուծոյս սուրբ լեռանը համար իմ աղաչանքս իմ Տէր Աստուծոյս առջև կը մատուցանէի. 21Երբ ես տակաւին աղօթքի մէջ կը խօսէի, ահա այն առաջին տեսիլքին մէջ տեսած մարդս Գաբրիէլ շուտ մը թռչելով՝ ինծի դպաւ իրիկուան զոհին ատենը, 22Ու ինծի հասկցնելով՝ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ, Ով Դանիէլ, հիմա ելայ՝որ քեզի իմաստոււթիւն սորվեցնեմ։ 23Քու աղաչանքիդ սկիզբը պատգամ ելաւ, ու ես եկայ որպէս զի պատմեմ, վասն զի դուն Աստուծոյ սիրելի ես. ուրեմն պատգամը միտք առ ու տեսիլքը հասկցիր։ 24Յանցանքը վերջացնելու, ու մեղքը հատցնելու, և անօրէնութիւնը քաւելու, ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու, և տեսիլքը ու մարգարէութիւնը կնքելու, ու սրբոց Սուրբը օծելու համար՝ քու ժողովուրդիդ վրայ ու սուրբ քաղաքիդ վրայ եօթանասուն եօթնեակ որոշուած է։ 25Եւ գիտցիր ու հասկցիր, որ Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչև Օծեալ իշխանը եօթը եօթնեակ ու վաթսունուերկու եօթնեակ կայ. և նորէն հրապարակը ու պարիսպը պիտի շինուին նեղութեան ժամանակներու մէջ։ 26Եւ վաթսունուերկու եօթնեակէն ետքը Օծեալը պիտի կտրուի, բայց ոչ թէ իրեն համար. ու գալու իշխանին ժողովուրդը քաղաքը ու սրբարանը պիտի աւրէ, և վերջը հեղեղով պիտի ըլլայ. ու մինչև պատերազմին վերջը աւերումներ սահմանուած են։ 27Ու եօթնեակ մը շատերուն հետ ուխտ պիտի հաստատէ, և եօթնեակին մէջտեղը զոհը ու պատարագը պիտի դադրեցնէ. ու աւրողը պղծութեանց աշտարակին վրայ պիտի ըլլայ, մինչև որ աւրուածին վրայ նախասահմանեալ կորուստը թափուի։