Երկրորդ Օրինաց
10
Մովսէս նորէն պատուիրանքները կը ստանայ
1Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ, Քեզի առաջուաններուն պէս երկու հատ քարէ տախտակներ կոփէ ու լեռը ինծի ելիր, ու նաև քեզի փայտէ տապանակ մը շինէ. 2Եւ տախտակներուն վրայ քու կոտրած առաջուան տախտակներուդ վրայի խօսքերը պիտի գրեմ, ու զանոնք տապանակին մէջ դնես: 3Ուստի ես Սատիմի փայտէ տապանակ մը շինեցի, ու առաջուանին պէս երկու հատ քարէ տախտակներ կոփեցի, ու այն երկու տախտակները ձեռքս առնելով լեռը ելայ: 4Եւ տախտակներուն վրայ առաջուան գրուածքին պէս այն տասը խօսքերը գրեց, զորոնք Տէրը ձեզի լեռանը վրայ կրակին մէջէն խօսեցաւ ժողովքին օրը, և Տէրը զանոնք ինծի տուաւ: 5Անկէ դառնալով լեռնէն վար իջայ, ու տախտակները շինած տապանակիս մէջ դրի, որպէս զի այն տեղը կենան, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց: 6Եւ Իսրայէլի որդիները Բերոթ-բանէ-յականէ Մօսէրա չուեցին. հոն մեռաւ Ահարոն, ու հոն թաղուեցաւ, և անոր որդին Եղիազար անոր տեղ քահանայ եղաւ: 7Անկէ Գադգադ, ու Գադգադէ ջուրի առուներու երկիրը, Ետեբաթա, չուեցին: 8Այն ատեն Տէրը Ղեւիի ցեղը զատեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը կրէ, Տէրոջը առջև կենայ որպէս զի անոր ծառայութիւն ընէ, ու անոր անունովը օրհնէ, մինչև այսօր: 9Այս պատճառաւ Ղեւի իր եղբայրներուն հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի. անոր ժառանգութիւնը Տէրն է, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ անոր ըսաւ: 10Եւ ես առաջուան օրերուն համեմատ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռանը վրայ կեցայ, ու Տէրը այս անգամին ալ ինծի մտիկ ընելով չուզեց քեզ կորսնցնել: 11Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Ելիր ու ժողովուրդին առջեւէն չուէ, որպէս զի մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը զոր անոնց հայրերուն երդում ըրի անոնց տալու համար:
Աստուած ի՞նչ կը պահանջէ
12Ուրեմն, ով Իսրայէլ, հիմա քու Տէր Աստուածդ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ. միայն թէ քու Տէր Աստուծմէդ վախնաս, անոր ամէն ճամբաներուն մէջ քալես և զանիկա սիրես, ու նաև քու բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգւովդ քու Տէր Աստուածդ պաշտես, 13Եւ Տէրոջը պատուիրանքները ու կանոնները պահես, զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ: 14Ահա երկինք ու երկինքներուն երկինքը, նաև երկիր ու բոլոր անոր մէջ եղածը քու Տէր Աստուծոյդ կը վերաբերին: 15Միայն թէ Տէրը քու հայրերուդ հաւնեցաւ ու զանոնք սիրեց, և անոնցմէ ետքը անոնց զաւակները, այսինքն ձեզ, ընտրեց բոլոր ազգերուն մէջէն, ինչպէս այսօր կը տեսնէք: 16Ուստի ձեր սիրտերուն անթըլփատութիւնը թլփատեցէք, ու ձեր պարանոցները ա՛լ մի խստացնէք. 17Քանզի ձեր Տէր Աստուածը աստուածներուն Աստուածը ու տէրերուն Տէրն է. մեծ, հզօր ու ահեղ Աստուածն է, որ աչառութիւն չըներ ու կաշառք չառներ. 18Անիկա որբին ու որբեւարիին իրաւունք կ’ընէ, պանդուխտը կը սիրէ, ու անոր հաց ու հանդերձ կու տայ: 19Ուրեմն պանդուխտը սիրեցէք. քանզի դուք ալ Եգիպտացւոց երկրին մէջ պանդուխտ էիք: 20Քու Տէր Աստուծմէդ վախնաս, ու զանիկա պաշտես, և անոր յարիս, ու անոր անունովը երդում ընես: 21Քու պարծանքդ անիկա է, և քու Աստուածդ անիկա է, որ քեզի համար այս մեծ ու սքանչելի բաներն ըրավ, զորոնք դուն քու աչքերովդ տեսար: 22Քու հայրերդ եօթանասուն հոգի էին երբ Եգիպտոս իջան. ու հիմա քու Տէր Աստուածդ քեզ երկինքի աստղերուն պէս շատցուց: