Երկրորդ Օրինաց
11
Աստուծոյ մեծութիւնը
1Ուրեմն դուն քու Տէր Աստուածդ սիրես, ու միշտ անոր պատուիրած բաները, կանոնները, դատաստանները ու պատուիրանքները պահես։ 2Եւ այսօր գիտցէք, որ ձեր որդիներուն չէ իմ խօսքս, որովհետև անոնք չեն գիտեր, ու չտեսան ձեր Տէր Աստուծոյն խրատը, անոր մեծութիւնը, զօրաւոր ձեռքը ու բարձր բազուկը, 3Եգիպտոսի մէջ Եգիպտացւոց Փարաւոն թագաւորին ու անոր բոլոր երկրին վրայ ըրած նշանները ու գործերը. 4Եւ ինչ որ ըրաւ Եգիպտացւոց զօրքերուն, ձիերուն ու կառքերուն. ու երբ անոնք ձեր ետեւէն ինկան, ի՛նչպէս Տէրը Կարմիր ծովուն ջուրերը անոնց վրայ դարձուց ու զանոնք կորսնցուց մինչև այսօր. 5Եւ ինչ որ ըրաւ ձեզի անապատին մէջ մինչև ձեր հոս գալը. 6Ու ինչ որ Ռուբենեան Եղիաբի որդիներուն, Դաթանի ու Աբիրոնի, ըրաւ. ի՛նչպէս երկիր իր բերանը բացաւ, ու զանոնք իրենց ընտանիքներովը, իրենց վրաններովը ու իրենց ամէն ստացուածքովը բոլոր Իսրայէլի մէջէն կլլեց։ 7Սակայն Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը տեսնողը ձեր աչքերն են։
Խոստացուած երկրին օրհնութիւնները
8Ուրեմն պահեցէք այն ամէն պատուիրանքները զորոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի զօրանաք, ու մտնէք ժառանգէք այն երկիրը, ուր կ’երթաք զանիկա ժառանգելու. 9Եւ ձեր օրերը երկար ըլլան այն երկրին վրայ զոր Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ՝ անոնց և անոնց սերունդին տալու, այնպիսի երկիր մը որ կաթ ու մեղր կը բղխէ: 10Քանզի այն երկիրը, ուր դուք պիտի մտնէք զանիկա ժառանգելու համար, Եգիպտոսի երկրին պէս չէ, ուրկէ ելաք. ուր երբ սերմ կը ցանէիր, բանջարի պարտէզի պէս ոտքովդ անոր ջուր կու տայիր. 11Այլ ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկիրը լեռներու ու հովիտներու երկիր մըն է. երկինքի անձրեւին ջրովը կը ջրուի. 12Այնպիսի երկիր մըն է, զոր քու Տէր Աստուածդ կը դարմանէ. քու Տէր Աստուծոյդ աչքը տարւոյն սկիզբէն մինչև վերջը միշտ անոր վրայ է։ 13Ուստի եթէ ուշադրութեամբ մտիկ ընէք իմ պատուիրանքներս, զորոնք այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, ու ձեր Տէր Աստուածը սիրէք, և զանիկա ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգւովը պաշտէք, 14Այն ատեն ձեր երկրին անձրեւը, առաջին ու վերջին անձրեւը, իրենց ատենին պիտի տամ, և քու ցորենդ, քու գինիդ ու քու իւղդ պիտի ժողվես։ 15Ու նաև քու արտիդ մէջ խոտ պիտի տամ անասուններուդ համար, որպէս զի ուտես ու կշտանաս։ 16Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, չըլլայ որ ձեր սիրտը խաբուի, ու դուք շիտակ ճամբայէն խոտորելով օտար աստուածները պաշտէք, ու անոնց երկրպագութիւն ընէք. 17Եւ Տէրը ձեզի դէմ սաստիկ բարկանալով երկինքը գոցէ, որպէս զի անձրև չըլլայ ու երկիր իր պտուղը չտայ, և Տէրոջը ձեզի տուած բարի երկրէն շուտով կորսուիք։ 18Այս իմ խօսքերս ձեր սրտին ու հոգւոյն մէջ դրէք, ու զանոնք նշանի համար ձեր ձեռքերուն վրայ կապեցէք, ու ճակատնոցի համար ձեր աչքերուն մէջտեղ ըլլան. 19Եւ զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք, ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ և պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք խօսիս. 20Եւ զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ ու դռներուդ վրայ գրես. 21Որպէս զի այն երկրին վրայ, զոր Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու, ձեր օրերը ու ձեր որդիներուն օրերը շատնան իբրև երկինքի օրեր երկրի վրայ։ 22Քանզի եթէ այս իմ ձեզի պատուիրած բոլոր պատուիրանքներս զգուշութեամբ պահէք ու կատարէք, և ձեր Տէր Աստուածը սիրէք, ու անոր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք և անոր յարիք, 23Տէրն ալ այս ամէն ազգերը ձեր առջեւէն պիտի վռնտէ, և դուք ձեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգերու վրայ պիտի տիրէք։ 24Ձեր ոտքին ամէն կոխած տեղը ձերը պիտի ըլլայ, ձեր սահմանը անապատէն ու Լիբանանէ, գետէն, այսինքն Եփրատ գետէն, մինչև արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։ 25Բնաւ մէկը պիտի չկարենայ ձեզի դէմ դնել. ձեր Տէր Աստուածը ձեր ամէն կոխած երկրին վրայ ձեզմէ վախ մը ու սոսկում մը պիտի բերէ, ինչպէս ձեզի ըսաւ։
Օրհնութիւններն ու անէծքները
26Ահա ես այսօր ձեր առջև օրհնութիւն ու անէծք կը դնեմ. 27Օրհնութիւնը` եթէ հնազանդութիւն ընէք ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն, զորոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ. 28Եւ անէծքը՝ եթէ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն չհնազանդիք, ու խոտորիք այն ճամբայէն զոր ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, ու ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթաք։ 29Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ու ժառանգես, օրհնութիւնը Գարիզին լեռանը վրայ, ու անէծքը Գեբաղ լեռանը վրայ տաս։ 30Ահա ասոնք Յորդանանու անդիի կողմը արևմտեան ճամբուն վրայ, Մօրէի կաղնիներուն մօտ, Գաղգաղայի դիմացի հովիտին մէջ բնակող Քանանացւոց երկրին մէջ են։ 31Որովհետև դուք Յորդանանէ պիտի անցնիք, որպէս զի մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը զոր ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ, ու զանիկա պիտի ժառանգէք և անոր մէջ պիտի բնակիք։ 32Ուրեմն զգուշութեամբ ի գործ դրէք այն ամէն կանոնները ու դատաստանները, զորոնք ես այսօր ձեր առջև կը դնեմ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981