Երկրորդ Օրինաց
12
Պաշտամունքի ընտրուած տեղը
1Ասոնք են այն կանոններն ու դատաստանները, զորոնք դուք պահելու և ընելու էք այն երկրին վրայ զոր ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ ժառանգելու համար, որչափ ժամանակ որ երկրի վրայ ապրիք։ 2Այն բոլոր տեղերը, ուր ձեր յաղթելու ազգերը բարձր լեռներու վրայ, բլուրներու վրայ ու ամէն տերեւալից ծառերու տակ իրենց աստուածները պաշտեր են, բոլորովին կործանէք. 3Նաև անոնց սեղանները փլցնէք, և անոնց արձանները կոտրտէք, անոնց Աստարովթները կրակով այրէք, ու անոնց աստուածներուն կուռքերը կտոր կտոր ընէք, և անոնց անունները այն տեղէն ոչնչացնէք։ 4Իսկ ձեր Տէր Աստուծոյն այսպէս պիտի չընէք. 5Հապա դուք պիտի փնտռէք այն տեղը, զոր ձեր Տէր Աստուածը ձեր ամէն ցեղերուն մէջէն պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեան համար, ու հոն պիտի երթաք. 6Եւ ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաները, ձեր ուխտերը, ձեր կամավոր ընծաները ու ձեր արջառներուն ու ոչխարներուն առջինեկները հոն տանիք. 7Եւ հոն ձեր Տէր Աստուծոյն առջև ուտէք, և ձեր Տէր Աստուածը ձեզ օրհնելուն համար` ձեր ամէն ձեռք զարկած բաներուն մէջ ուրախանաք, թէ՛ դուք և թէ՛ ձեր ընտանիքը։ 8Մի ընէք այն ամէնուն համեմատ, զոր մենք այսօր այս տեղ կ’ընենք, այսինքն ամէն մարդ իր աչքերուն հաճոյ եղածին պէս. 9Քանզի մինչև հիմա չհասաք այն հանգստութեանը ու ժառանգութեանը զոր ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։ 10Բայց դուք Յորդանանէ պիտի անցնիք, ու պիտի բնակիք այն երկրին մէջ զոր ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ժառանգութիւն պիտի տայ. ու ձեր բոլոր շրջակայ թշնամիներէն ձեզ պիտի հանգստացնէ, ու ապահովութեամբ պիտի բնակիք. 11Եւ այն տեղը զոր ձեր Տէր Աստուածը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար, բոլոր ձեզի պատուիրածներս հոն տանիք, ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաները ու ձեր բոլոր ուխտերուն ընտիր ընծաները, զորոնք Տէրոջը պիտի ուխտէք. 12Եւ ձեր Տէր Աստուծոյն առջև ուրախութիւն ընէք, թէ° դուք, թէ° ձեր տղաքները ու աղջիկները, ձեր ծառաները ու աղախինները, և թէ° ձեր դռները եղող Ղեւտացին, վասն զի անիկա ձեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։ 13Զգոյշ կեցիր, չըլլայ որ ամէն տեսած տեղդ քու ողջակէզներդ մատուցանես. 14Այլ քու ողջակէզներդ այն տեղը մատուցանես զոր Տէրը քու ցեղերէդ մէկուն մէջ պիտի ընտրէ, ու հոն իմ բոլոր պատուիրած բաներս կատարես։ 15Սակայն քու ամէն քաղաքներուդ մէջ սրտիդ ուզածին պէս անասուններ մորթես, ու միս ուտես, որչափ որ քու Տէր Աստուածդ քեզի օրհնութիւն տուեր է. ու զանիկա անմաքուր ու մաքուր մարդը այծեամի ու եղջերուի պէս ուտեն։ 16Բայց արիւնը չուտէք. զանիկա ջուրի պէս գետինը թափէք։ 17Ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդները, արջառներուդ ու հօտերուդ առջինեկները, բոլոր ուխտ ըրած ուխտերդ, և կամաւոր ու բարձրացնելու ընծաներդ քու դռներուդ մէջ պիտի չկրնաս ուտել. 18Այլ զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջև Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը ուտես, թէ՛ դուն, թէ՛ քու տղադ ու աղջիկդ, թէ՛ ծառադ ու աղախինդ, և թէ՛ քու դռներդ եղող Ղեւտացին. և քու Տէր Աստուծոյդ առջև քու բոլոր ձեռք զարկած բաներուդ վրայ ուրախանաս։ 19Զգոյշ կեցիր, չըլլայ որ Ղեւտացին անտես ընես, քանի որ ողջ ես քու երկրիդ վրայ։ 20Ու երբ քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսածին պէս քու սահմանդ մեծցընէ, ու սիրտդ միս ուտել ուզելով՝ Միս ուտեմ ըսես, սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս միս ուտես։ 21Եթէ քեզմէ հեռու ըլլայ այն տեղը զոր քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզի պատուիրածիս պէս քու արջառներէդ ու ոչխարներէդ մորթես, զորոնք Տէրը քեզի պիտի տայ, ու քու սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս քու քաղաքներուդ մէջ ուտես։ 22Եւ այծեամը ու եղջերուն ինչպէս կ’ուտուի, զանոնք ալ այնպէս ուտես. անմաքուր ու մաքուր մարդը անխտրաբար ուտեն։ 23Բայց աղէկ զգուշացիր որ արիւնը չուտես. վասն զի արիւնը ոգին է, ու ոգին միսին հետ չուտես։ 24Զանիկա չուտես, այլ ջուրի պէս գետինը թափես։ 25Զանիկա մի ուտեր, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ` Տէրոջը առջև ուղիղ սեպուածը ընելովդ։ 26Բայց քու նուիրելու բաներդ և ուխտերդ առնես, ու Տէրոջը ընտրած տեղը երթաս։ 27Եւ քու ողջակէզներդ, միսը ու արիւնը, քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին վրայ մատուցանես. բայց քու զոհերուդ արիւնը քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին վրայ թափուի, ու միսը ուտես։ 28Զգոյշ եղիր հնազանդելու այս բոլոր խօսքերուն զորոնք քեզի պատուիրեցի, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ առջև աղէկ ու հաճոյ եղածը ընելովդ` քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ յաւիտեան աղէկ ըլլայ։
Կռապաշտութենէ զգուշացում
29Երբ քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ ջարդէ այն ազգերը որոնց երկիրը դուն ժառանգելու պիտի երթաս, ու երբ զանոնք ժառանգես ու անոնց երկրին մէջ բնակիս, 30Զգոյշ կեցիր, չըլլայ որ անոնց քու առջեւէդ բնաջինջ ըլլալէն ետքը անոնց հետեւելով որոգայթի մէջ իյնաս, և չըլլայ որ անոնց աստուածներուն վրայով հարցուփորձ ընես` ըսելով, Այս ազգերը ի՞նչպէս իրենց աստուածները կը պաշտէին. ես ալ այնպէս ընեմ։ 31Դուն քու Տէր Աստուծոյդ այնպէս չընես, քանզի անոնք Տէրոջը ատելի եղած բոլոր գարշելի բաները իրենց աստուածներուն կ’ընէին. որովհետև անոնք իրենց աստուածներուն պատիւ ընելու համար մինչև անգամ իրենց տղաքները ու աղջիկները կրակով կ’այրէին: 32Ես քեզի ինչ որ կը պատուիրեմ, զգուշացիր զայն ընելու. անոր վրայ բան մը չաւելցնես, ու անկէ բան մը չպակսեցնես։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981