Երկրորդ Օրինաց
13
Պատիժ՝ կռապաշտութիւնը յորդորողներուն
1Եթէ ձեր մէջէն մարգարէ մը կամ երազատես մը ելլէ, ու ձեզի նշան մը կամ հրաշք մը տայ, 2Եւ ձեզի ըսած նշանը կամ հրաշքը կատարուի, ու ձեզի ըսէ թէ Երթանք օտար աստուածներ պաշտենք, զորոնք դուք չէք ճանչցած, 3Այն մարգարէին կամ երազատեսին խօսքը մտիկ մի ընէք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ձեզ կը փորձէ, որպէս զի հասկնայ թէ արդեօք դուք ձեր Տէր Աստուածը ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգւովը կը սիրէ՛ք։ 4Ձեր Տէր Աստուծոյն հետեւող ըլլաք ու անկէ վախնաք, անոր պատուիրանքները պահէք ու անոր խօսքին հնազանդութիւն ընէք, զանիկա պաշտէք ու անոր յարիք։ 5Եւ այն մարգարէն կամ երազատեսը պիտի մեռցուի, վասն զի ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող ու ձեզ ծառայութեան տունէն ազատող ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ ապըստամբութիւն խօսեցաւ, որպէս զի ձեզ խոտորեցնէ այն ճամբայէն զոր ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց որ անոր մէջ քալէք. այսպէս չարութիւնը ձեր մէջէն վերցնէք։ 6Եթէ քու մօրդ տղան, քու եղբայրդ, կամ քու տղադ, կամ աղջիկդ, կամ ծոցիդ կինը, և կամ քու բարեկամդ զոր քու անձիդ պէս կը սիրես, քեզ մոլորեցնել ուզելով ծածկաբար ըսէ, Երթանք և օտար աստուածներ պաշտենք, զորոնք ոչ դուն ճանչցար, ոչ ալ քու հայրերդ, 7Ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն աստուածներէն, թէ՛ ձեզի մօտ ըլլան, և թէ՛ ձեզմէ հեռու, երկրի մէկ ծայրէն մինչև միւս ծայրը, 8Անոր հաւանութիւն չտաս, ոչ ալ անոր մտիկ ընես. քու աչքդ անոր չխնայէ, ոչ ալ անոր վրայ գութ ունենալով պահես զանիկա. 9Այլ անշուշտ մեռցնես ու զանիկա մեռցնելու համար նախ քու ձեռքդ անոր վրայ ըլլայ, ու ետքը բոլոր ժողովուրդին ձեռքը. 10Քարերով քարկոծես զանիկա, որպէս զի մեռնի. քանզի ուզեց քեզ ապըստամբեցնել քու Տէր Աստուծմէդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեց։ 11Եւ բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնայ, ու մէյմըն ալ ձեր մէջ ասոր պէս չարութիւն մը չընեն։ 12Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ բնակութեան համար քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն վրայով լսես, որ կ’ըսեն թէ 13Ձեր մէջէն քանի մը չար մարդիկ ելան, ու իրենց քաղաքին բնակիչները ապստամբեցուցին, ըսելով, Երթանք ձեր չճանչցած օտար աստուածները պաշտենք, 14Այն ատեն աղէկ մը քննես ու հարցուփորձ ընես, ու երբ տեսնես որ ըսուած բանը ճշմարիտ ու ստոյգ է, և այն գարշելի բանը ձեր մէջ եղած է, 15Այն քաղաքին բնակիչները անպատճառ սուրի բերնէ անցնես, թե՛ զայն և թե՛ անոր մէջ եղած բոլոր բաները նզովելով. անասուններն ալ սուրի բերնէ անցնէս. 16Եւ անոր բոլոր աւարը անոր հրապարակին մէջ ժողվես, ու այն քաղաքը և անոր բոլոր աւարը քու Տէր Աստուծոյդ համար բոլորովին կրակով այրես. ու անիկա յաւիտեան աւերակ ըլլայ, մէյմըն ալ չշինուի։ 17Եւ այն նզովուածէն ձեռքիդ մէջ բան մը չփակչի, որպէս զի Տէրը իր սաստիկ բարկութենէն դառնայ, քեզի ողորմութիւն ու գթութիւն ընէ, և քեզ շատցնէ, ինչպէս քու հայրերուդ երդում ըրաւ, 18Եթէ դուն քու Տէր Աստուծոյդ ձայնին հնազանդութիւն ընելով անոր բոլոր պատուիրանքները պահես, զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, ու Տէր Աստուծոյդ առջև ուղիղ եղածն ընես։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981