Երկրորդ Օրինաց

15

Եօթներորդ տարին

1Ամէն եօթներորդ տարին թողութիւն ընես։ 2Ու թողութեան կանոնը այս է. Ամէն պարտատէր որ իր դրացիին բան մը փոխ տուած է, զանիկա պիտի թողու. իր դրացիէն կամ եղբօրմէն պիտի չպահանջէ զայն, վասն զի թողութիւն քարոզուած է Տէրոջը։ 3Օտարազգիէն պիտի պահանջես, բայց քու եղբօրմէդ առնելիքդ պիտի թողուս. 4Մինչև որ քու քովդ չգտնուի. վասն զի Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, որպէս զի անոր տիրես։ 5Միայն եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին ամէն կերպով հնազանդիս, ու այս բոլոր պատուիրանքները, զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, զգուշութեամբ ի գործ դնես, 6Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի ըսածին պէս քեզ պիտի օրհնէ, և դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ պիտի չառնես, ու դուն շատ ազգերու վրայ պիտի տիրես, բայց անոնք քու վրադ պիտի չտիրեն։ 7Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ, քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ, խստասրտութիւն չընես ու աղքատ եղբօրդ ձեռքդ չգոցես։ 8Հապա անպատճառ ձեռքդ պիտի բանաս անոր, ու անոր կարօտութեանը բաւական ըլլալու չափ անոր փոխ տաս։ 9Զգոյշ կեցիր, չըլլայ որ սրտիդ մէջէն չար խորհուրդ մը անցնես, ու Եօթներորդ տարին, թողութեան տարին, մօտ է` ըսելով, աղքատ եղբօրդ վրայ անգութ աչքով նայիս ու անոր փոխ չտաս. և ան ալ քեզի դէմ Տէրոջը աղաղակէ, ու դուն մեղքի տէր ըլլաս։ 10Անպատճառ անոր պիտի տաս, ու անոր տալու ատենդ սիրտդ չնեղուի. վասն զի քու Տէր Աստուածդ այս պատճառաւ քու ամէն գործերուդ ու ամէն ձեռք զարկած բաներուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։ 11Որովհետև երկրին մէջէն աղքատ պակաս պիտի չըլլայ, անոր համար քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ, Քու երկրիդ մէջ եղած աղքատ ու չքաւոր եղբօրդ ձեռքդ բաց ըլլայ։

Գերիներու հետ վերաբերում

12Եւ եթէ քու եղբայրներէդ Եբրայեցի մարդ մը կամ մը քեզի ծախուի, անիկա վեց տարի քեզի ծառայութիւն պիտի ընէ, ու եօթներորդ տարին զանիկա քու քովէդ ազատ պիտի արձակես։ 13Եւ քու քովէդ ազատ արձակելու ատենդ զանիկա պարապ չարձակես: 14Քու ոչխարներէդ, քու կալէդ և քու հնձանէդ անպատճառ պարգև տաս անոր. քու Տէր Աստուածդ ինչպէս քեզ օրհնեց, նոյնպէս պիտի տաս անոր։ 15Եւ միտքդ բերես որ դուն ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր, ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ փրկեց. այս պատճառաւ այսօր քեզի կը պատուիրեմ այս բանը։ 16Բայց եթէ քեզ և քու տունդ սիրելուն համար, ու անիկա քու քովդ հանգիստ ըլլալուն համար, Քովէդ չեմ ելլեր` ըսէ, 17Այն ատեն հերիւն մը առնես ու անոր ականջը դրանը վրայ ծակես, և անիկա քեզի յաւիտեան ծառայ ըլլայ. աղախինիդ ալ այսպէս ընես։ 18Զանիկա քու քովէդ ազատ արձակելդ դժուար չերեւնայ քեզի. վասն զի քեզի վեց տարի ծառայութիւն ըրաւ, որ վարձկանի մը վարձքին կրկնապատիկ արժէքը ունի. ու քու Տէր Աստուածդ ամէն գործերուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։

Արջառին և ոչխարին անդրանիկը

19Քու արջառներէդ ու հօտերէդ ծնած ամէն արու առջինեկները քու Տէր Աստուծոյդ պիտի նուիրես. արջառներուդ առջինեկներովը չգործես, ու առջինեկ ոչխարներուդ բուրդը չկտրես։ 20Տարիէ տարի քու Տէր Աստուծոյդ առջև, Տէրոջը ընտրած տեղը, պիտի ուտես զանոնք դուն և քու ընտանիքդ։ 21Բայց եթէ անոնք արատաւոր ըլլան, կաղ կամ կոյր ըլլան, կամ ինչեւիցէ ուրիշ գէշ արատ մը ունենան, զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ չզոհես. 22Այնպիսին քու քաղաքներուդ մէջ պիտի ուտես. ու մաքուր եղողները անխտրաբար ուտեն այծեամի ու եղջերուի պէս։ 23Միայն անոր արի՛ւնը չուտես, ջուրի պէս գետինը թափես զայն։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)