Երկրորդ Օրինաց
16
Զատիկը
1Ապիպ ամսուն զգուշութիւնով նայէ, որպէս զի զատիկը ընես քու Տէր Աստուծոյդ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Ապիպ ամսուն մէջ գիշերով հանեց քեզ Եգիպտոսէ։ 2Զատկին համար քու Տէր Աստուծոյդ ոչխարներ ու արջառներ մորթես այն տեղը զոր Տէրը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար. 3Անոր հետ խմորեալ հաց չուտես, եօթը օր նեղութեան անխմոր հաց պիտի ուտես անոր հետ. վասն զի Եգիպտոսի երկրէն տագնապով ելար. որպէս զի քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ Եգիպտոսի երկրէն ելած օրդ միտքդ բերես: 4Եւ քու բոլոր սահմաններուդ մէջ եօթը օր բնաւ խմոր չերեւնայ քովդ. ու առաջին օրուան իրիկունը մորթած միսէդ մինչև առտու չմնայ։ 5Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ բնաւ կարող չըլլաս զատիկը մորթել. 6Հապա միայն այն տեղ` զոր քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար, հոն պիտի մորթես զատիկը իրիկուան դէմ` արեւին մտած ատենը, Եգիպտոսէ ելած ժամանակդ։ 7Եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը զանիկա եփես և ուտես. և առտուանց դառնաս` տունդ երթաս։ 8Վեց օր բաղարջ ուտես. ու եօթներորդ օրը քու Տէր Աստուծոյդ համար տօնախմբութեան օր ըլլայ, և գործ մը չընես։
Հունձքի տօնը
9Դուն քեզի եօթը շաբաթ համրես. ու այս եօթը շաբաթը հունձքերուն մէջ մանգաղ դրած ատենէդ պիտի սկսիս համրել։ 10Ետքը քու Տէր Աստուծոյդ շաբաթներուն տօնը ընելով, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէդ եկած կամաւոր ընծան պիտի տաս. 11Եւ այն տեղ զոր քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար, հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջև ուրախութիւն ընես դուն ու քու տղադ և աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ, ու քու քաղաքներդ եղող Ղեւտացին, և ձեր մէջ գտնուած օտարականը, որբը ու որբեւարին։ 12Ու Եգիպտոսի մէջ ծառայ ըլլալդ միտքդ բերելով` այս կանոնները զգուշութեամբ ի գործ դնես։
Տաղաւարահարաց տօն
13Քու կալիդ ու հնձանիդ բերքը ժողվելէդ ետքը եօթը օր տաղաւարահարաց տօնը պահես։ 14Եւ տօնիդ մէջ ուրախութիւն ընես դուն ու քու տղադ և աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ, և քաղաքներդ եղող Ղեւտացին, օտարականը, որբը ու որբեւարին։ 15Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր բերքերդ ու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնելուն համար, Տէրոջը ընտրած տեղը քու Տէր Աստուծոյդ եօթը օր տօն պահելով ուրախութիւն ընես։ 16Տարին երեք անգամ, այսինքն բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու տաղաւարահարաց տօնին, քու ամէն արուներդ քու Տէր Աստուծոյդ առջև պիտի երեւնան այն տեղ զոր ինք պիտի ընտրէ. ու մէկը Տէրոջը առջև ձեռքը պարապ չերեւնայ։ 17Ամէն մէկը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէն եկածին չափ պիտի բերէ։
Դատարանական կարգադրութիւն
18Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած ամէն քաղաքներուն մէջ քու ցեղերուդ համեմատ քեզի դատավորներ ու ոստիկաններ կարգես, ու անոնք արդար դատաստանով ժողովուրդը դատեն։ 19Իրաւունքը չդարձնես, աչառութիւն չընես ու կաշառք չառնես. վասն զի կաշառքը իմաստուններուն աչքը կը կուրացնէ, ու արդարներուն խօսքը սուտ կը հանէ։ 20Արդարութեան, արդարութեան միայն հետեւող ըլլաս, որպէս զի ողջ մնաս և քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տալու երկիրը ժառանգես։ 21Քու Տէր Աստուծոյդ համար շինելու սեղանիդ քով ինչեւիցէ ծառէ անտառ չտնկես քեզի։ 22Արձան ալ չկանգնես քեզի, որմէ քու Տէր Աստուածդ կը զզուի։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981