Երկրորդ Օրինաց
18
Քահանաներուն բաժինը
1Ղեւտացի քահանաները, Ղեւիի բոլոր ցեղը, Իսրայէլի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունենան. Տէրոջը պատարագները ու անոր ժառանգութիւնը ուտեն: 2Վասն որոյ անոնք իրենց եղբայրներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան. անոնց ժառանգութիւնը Տէրը ինք է, ինչպէս անոնց ըսաւ: 3Եւ այս պիտի ըլլայ քահանաներուն իրաւունքը ժողովուրդին կողմէն երբ զոհ կը մատուցանեն, թէ՛ արջառ ըլլայ այն և թէ՛ ոչխար. թեւը, ծնօտները ու քաղիրթը քահանային պիտի տան: 4Քու ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ երախայրիները, ու նաև ոչխարներուդ առաջին բուրդը անոր պիտի տաս. 5Վասն զի քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր ցեղերուդ մէջէն զանիկա ընտրեց, որպէս զի Տէրոջը անունովը ծառայութիւն ընելու միշտ կենան ինք ու իր որդիները: 6Ու երբ Ղեւտացի մը քու քաղաքներէդ մէկէն, այսինքն բոլոր Իսրայէլի մէջ իր պանդխտացած տեղէն, ելլէ, ու իր սրտին բոլոր փափաքովը Տէրոջը ընտրած տեղը գայ, 7Այն ատեն հոն Տէրոջը առջև կեցող բոլոր իր Ղեւտացի եղբայրներուն պէս իր Տէր Աստուծոյն անունովը ծառայութիւն ընէ. 8Ու միւսներուն հետ հաւասար բաժին պիտի ուտէ, իր հայրենական ժառանգութեանը գիներէն զատ:
Կռապաշտական փորձերու դէմ զգուշացում
9Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես, այն ազգերուն գարշելի գործերուն պէս ընել չսորվիս: 10Ձեր մէջ չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցնէ կամ բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն և կամ դիւթութիւն ընէ. 11Նաև կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ չգտնուի. 12Վասն զի ով որ այս բաները կ’ընէ, Տէրոջը առջև գարշելի է. ու այս գարշելի բաներուն համար քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ կը հալածէ զանոնք։ 13Քու Տէր Աստուծոյդ առջև կատարեալ ըլլաս. 14Վասն զի այն ազգերը որոնց դուն պիտի տիրես. գուշակներուն ու բաղդ նայողներուն մտիկ կ’ընեն. բայց քու Տէր Աստուածդ քեզի այսպէս ընելու հրաման չտուաւ: 15Քու Տէր Աստուածդ քու եղբայրներուդ մէջէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ քեզի. անոր մտիկ ըրէք. 16Ինչպէս Քորեբ լեռը ժողովքին օրը քու Տէր Աստուծմէդ խնդրեցիր` ըսելով, Իմ Տէր Աստուծոյս ձայնը մէյմըն ալ չլսեմ, ու այս մեծ կրակը մէյմըն ալ չտեսնեմ, որպէս զի չմեռնիմ: 17Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Ըսած խօսքերնին շիտակ է. 18Քեզի պէս մարգարէ մը պիտի հանեմ անոնց իրենց եղբայրներուն մէջէն, և իմ խօսքերս անոր բերանը պիտի դնեմ. ու ինչ որ անոր պատուիրեմ, անոնց պիտի զրուցէ: 19Եւ ով որ մտիկ չընէ իմ խօսքերս, զորոնք անիկա իմ անունովս պիտի խօսի, այն մարդէն ես վրէժ պիտի խնդրեմ: 20Իսկ եթէ մարգարէ մը յանդգնի իմ չպատուիրած խօսքս իմ անունովս զրուցել, կամ օտար աստուածներու անունով բան մը զրուցել, այն մարգարէն պիտի մեռնի: 21Եւ եթէ դուն քու սրտիդ մէջ ըսես թէ Տէրոջը չխօսած բանը ի°նչպէս գիտնանք. 22Եթէ մարգարէ մը Տէրոջը անունովը բան մը ըսէ, ու այն բանը իրոք չկատարուի, Տէրոջը ըսած խօսքը այն է. այն մարգարէն յանդգնութեամբ զրուցեր է զայն. անկէ չվախնաս:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981