Երկրորդ Օրինաց
19
Ապաստանի քաղաքները
1Երբ քու Տէր Աստուածդ բնաջինջ ընէ այն ազգերը որոնց երկիրը քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ, և դուն զանոնք վռնտելով՝ անոնց քաղաքներուն ու տուներուն մէջ բնակիս, 2Քեզի երեք քաղաք զատես քու երկրիդ մէջ, զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ ժառանգելու. 3Քեզի ճամբայ պատրաստես, և քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութեան համար տուած քու երկրիդ սահմանը երեքի բաժնես. որպէս զի ամէն մարդասպան հոն փախչի: 4Եւ հոն փախչելու ու ողջ մնալու մարդասպանին կանոնը այս է. Այն մարդը որ երէկուընէ ու միւս օրուընէ թշնամութիւն չունենալով` անգիտութեամբ իր դրացին մեռցնէ. 5Զոր օրինակ` եթէ մէկը իր դրացիին հետ անտառը երթայ փայտ կտրելու համար, ու իր ձեռքով տապարը փայտ կտրելու վերցուցած ատեն երկաթը կոթէն դուրս ցաթկելով դրացիին հանդիպի և զանիկա մեռցնէ, անիկա այս քաղաքներէն մէկուն մէջ փախչի, որպէս զի ապրի. 6Չըլլայ որ արեան վրէժխնդիրը սիրտը այրելուն համար մարդասպանին ետեւէն իյնայ, և ճամբան հեռու ըլլալով անոր հասնի ու զանիկա մեռցնէ, թէպէտև մեռնելու արժանի չէր, որովհետև երէկուընէ ու միւս օրուընէ անոր դէմ թշնամութիւն չունէր: 7Ասոր համար ես քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ ըսեմ, որ քեզի երեք քաղաք զատես: 8Եւ եթէ քու Տէր Աստուածդ քու հայրերուդ երդում ըրածին պէս քու սահմաններդ ընդարձակէ, ու քու հայրերուդ խոստացած բոլոր երկիրները քեզի տայ, 9Եթէ պահես ու կատարես այս բոլոր պատուիրանքները զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, և քու Տէր Աստուածդ սիրես ու միշտ անոր ճամբաներուն մէջ քալես, այն ատեն այս երեք քաղաքին վրայ ուրիշ երեք քաղաք ալ աւելցնես: 10Որպէս զի քու երկրիդ մէջ, զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, անմեղ արիւն չթափուի, ու դուն արեան պարտական չըլլաս: 11Բայց եթէ մարդ մը իր դրացիին ոխ ունենալով անոր դարանամուտ ըլլայ, ու անոր դէմ ելլելով զանիկա զարնէ մեռցնէ, ու ետքը այս քաղաքներէն մէկուն մէջ փախչելու ըլլայ, 12Այն ատեն իր քաղաքին ծերերը մարդ ղրկեն, ու զանիկա անկէ առնեն, և արեան վրէժխնդրին ձեռքը տան, որպէս զի մեռնի։ 13Քու աչքդ անոր չխնայէ, ու Իսրայէլի մէջէն անմեղ արիւնը վերցնես, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ
Հին կալուածի սահմաններ
14Քու կալուածքիդ մէջ, զոր քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած երկրին մէջ պիտի ժառանգես, չըլլայ որ փոխես քու դրացիիդ սահմանը զոր քու նախահայրերդ հաստատեցին:
Վկաներու մասին
15Մարդու մը որեւիցէ անօրէնութեանը ու մեղքին համար, որով կրնայ յանցաւոր ըլլալ, մէկ վկայ բաւական չսեպուի. երկու կամ երեք վկաներու բերնով հաստատուի ամէն բան: 16Եթէ մարդու մը դէմ սուտ վկայ ելլէ, ու անոր վրայով անօրէնութեան մը համար վկայէ, 17Այն ատեն այն երկու մարդիկը, որոնց մէջտեղ այս հակառակութիւնը կայ, Տէրոջը առջև ու այն ժամանակի քահանաներուն ու դատաւորներուն առջև կայնին. 18Եւ դատաւորները աղէկ մը քննեն. և եթէ այն վկան սուտ վկայ ըլլալով իր եղբօրը դէմ սուտ վկայութիւն ըրեր է, 19Այն ատեն, ինչպէս անիկա իր եղբօրը ընել խորհեցաւ, նոյնը ըրէք անոր, ու չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք. 20Եւ ուրիշներն ալ լսելով վախնան, ու մէյմըն ալ ձեր մէջ այնպիսի գէշ բան մը չընեն: 21Քու աչքդ չխնայէ. անձի տեղ անձ, աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ու ոտքի տեղ ոտք պիտի տրուի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981