Երկրորդ Օրինաց

2

Անապատին մէջի տարիները

1Այն ատեն ետ դարձանք ու Կարմիր ծովուն ճամբայէն դէպ ի անապատը չուեցինք, ինչպէս Տէրը ինծի ըսեր էր, ու շատ օրեր Սէիր լեռանը բոլորտիքը պտըտեցանք: 2Եւ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ, 3Ալ հերիք է այդ լեռանը բոլորտիքը պտըտելնիդ. հիւսիսային կողմը դարձէք: 4Եւ ժողովուրդին պատուիրէ ու ըսէ, Դուք հիմա Սէիր բնակող ձեր եղբայրներուն, Եսաւի որդիներուն, սահմանէն պիտի անցնիք. անոնք ձեզմէ պիտի վախնան, բայց դուք մեծապէս զգուշացէք. 5Անոնց հետ մի ծեծկուիք. քանզի ես ձեզի անոնց երկրէն մէկ ոտնաքայլ տեղ ալ տալու չեմ, որովհետև Սէիր լեռը Եսաւի ժառանգութիւն տուեր եմ: 6Կերակուրը ստակով ծախու առնէք անոնցմէ և ուտէք, և ջուրն ալ ստակով ծախու առնէք անոնցմէ ու խմէք. 7Քանզի քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքիդ ամէն գործերուն մէջ օրհնեց քեզ. անիկա գիտէ որ դուն այս մեծ անապատին մէջ կը պտըտիս. քու Տէր Աստուածդ այս քառասուն տարին քեզի հետ էր, ու բանի մը պակասութիւն չքաշեցիր: 8Ուստի մենք մեր եղբայրներուն, Եսաւի որդիներուն, քովէն, որոնք Սէիր կը բնակէին, դաշտի ճամբայէն, Ելաթէ ու Գասիոն-գաբերէ անցանք. ու անկէ դառնալով Մովաբի անապատին ճամբայէն անցանք: 9Եւ Տէրը ինծի ըսավ, Մովաբացւոց թշնամութիւն մի ըներ, ու անոնց հետ մի ըներ. քանզի անոնց երկրէն քեզի ժառանգութիւն տալու չեմ, որովհետև Արը Ղովտի որդիներուն ժառանգութիւն տուի: 10(Այն տեղը առաջ Էմիմները կը բնակէին, որոնք մեծ ու շատուոր ու Ենակիմներուն պէս երկայնահասակ ազգ մըն էին. 11Անոնք ալ Ենակիմներուն պէս հսկաներ կը սեպուէին. ու Մովաբացիք զանոնք Էմիմ կը կոչէին: 12Եւ Սէիրի մէջ առաջ Քոռեցիք կը բնակէին, բայց Եսաւի որդիները զանոնք վռնտելով ու իրենց առջեւէն զանոնք ջարդելով` անոնց տեղը բնակեցան. ինչպէս Իսրայելացիք ըրին իրենց ժառանգութեանը երկրին, զոր Տէրը անոնց տուաւ:) 13Հիմա ելէք Զարեդ ձորէն անցէք. ու մենք Զարեդ ձորէն անցանք: 14Մեր պտըտած օրերը, Կադէս-բառնեայէ ելլելէն մինչև Զարեդ ձորէն անցնելնիս, երեսունըութ տարի եղաւ. մինչև որ բանակին մէջէն պատերազմող մարդոց այն բոլոր ազգը հատաւ, ինչպէս Տէրը անոնց ըրեր էր: 15Եւ զանոնք բանակին մէջէն բնաջինջ ընելու համար` Տէրոջը ձեռքն ալ անոնց վրայ էր, մինչև որ անոնք հատան: 16Ու երբ բոլոր պատերազմող մարդիկը ժողովուրդին մէջէն մեռան ու հատան, 17Տէրը ինծի խօսեցաւ` ըսելով. 18Դուն այսօր Մովաբի սահմանը եղած Արէն պիտի անցնիս, 19Ու Ամմոնի որդիներուն սահմանին պիտի մօտենաս. անոնց թշնամութիւն մի ըներ, և անոնց հետ մի ծեծկուիր. քանզի Ամմոնի որդիներուն երկրէն քեզի ժառանգութիւն տալու չեմ, որովհետև զանիկա Ղովտի որդիներուն ժառանգութիւն տուի: 20(Այն ալ հսկաներու կը սեպուէր. առաջ այն տեղը հսկաներ կը բնակէին, ու Ամմոնացիք զանոնք Զամզումիմ կը կոչէին. 21Որոնք Ենակիմներուն պէս մեծ ու շատուոր և երկայնահասակ ազգ մըն էին. բայց Տէրը զանոնք բնաջինջ ըրավ անոնց առջեւէն, որոնք վռնտեցին զանոնք, և անոնց տեղը բնակեցան. 22Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւի որդիներուն համար ալ ըրաւ, երբ Քոռեցիները բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն. և զանոնք վռնտեցին, ու անոնց տեղը բնակեցան մինչև այսօր: 23Եւ Աւացիները, որոնք մինչև Գազա գիւղաքաղաքներու մէջ կը բնակէին, զանոնք ալ Կափթորէ ելլող Կափթորացիք ջարդեցին, ու անոնց տեղը բնակեցան:) 24Ելէք, չուեցէք ու Առնոն ձորէն անցէք. ահա Եսեբոնի թագաւորը, Ամօրհացի Սեհոնը, ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի. սկսէ զանիկա ժառանգել, ու անոր հետ պատերազմ ըրէ: 25Այսօր քու անունիդ վախը ու սոսկումը բոլոր երկինքի տակ եղող ազգերուն վրայ պիտի սկսիմ դնել, այնպէս որ քու համբաւդ լսողները քու երեսէդ դողան ու տագնապին:

Իսրայէլ Սեհոն թագաւորին կը յաղթէ (Թուոց 21:21-30)

26Եւ Կադեմօթի անապատէն Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին խաղաղութեան խօսքերով դեսպաններ ղրկեցի` ըսելով, 27Անցնիմ քու երկրէդ. մեծ ճամբայէն պիտի երթամ, ու աջ կամ ձախ կողմը չեմ խոտորիր: 28Կերակուրը ինծի ստակով ծախէ որ ուտեմ, ու ջուրն ալ ինծի ստակով տուր որ խմեմ. միայն թէ ոտքերովս անցնիմ. 29Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւի որդիները ու Ար բնակող Մովաբացիք ինծի ըրին, մինչև որ ես Յորդանանէ անցնիմ դէպ ի այն երկիրը զոր մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ: 30Բայց Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը չուզեց որ մենք անկէ անցնինք. վասն զի քու Տէր Աստուածդ անոր հոգին խստացուցեր էր ու սիրտը կարծրացուցեր էր, որպէս զի զանիկա քու ձեռքդ տայ, ինչպէս այսօր կը տեսնես: 31Եւ Տէրը ինծի ըսավ, Ահա Սեհոնը ու անոր երկիրը սկսայ քու ձեռքդ տալ. սկսէ անոր տիրել, որպէս զի անոր երկիրը ժառանգես: 32Ուստի Սեհոն ինք իր բոլոր ժողովուրդովը Յասսայի մէջ մեր դէմն ելավ, որպէս զի մեզի հետ պատերազմի: 33Եւ մեր Տէր Աստուածը զանիկա մեր ձեռքը մատնեց, ու մենք զանիկա և անոր որդիները ու անոր բոլոր ժողովուրդը զարկինք. 34Եւ նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք, ու անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ եղած այր մարդիկը, կիները ու տղաքները կորսնցուցինք, անոնցմէ մէ՛կ ալ ողջ չթողուցինք. 35Միայն անասունները ու քաղաքներնուս աւարները մեզի առինք: 36Առնոն ձորին եզերքը եղած Արոէրէն ու ձորին մէջ եղած քաղաքէն մինչև Գաղաադ բնաւ մեզի դէմ դնող մը չեղաւ. մեր Տէր Աստուածը ամէնն ալ մեր ձեռքը մատնեց: 37Միայն թէ Ամմոնի որդիներուն երկրին, ու բոլոր Յաբոկ ձորին կողմերուն և լեռնային քաղաքներուն, ու մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր մեզի արգիլած տեղերուն չմօտեցար:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981