Երկրորդ Օրինաց

20

Պատերազմի մասին

1Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմելու ելլես, ու ձիեր և կառքեր ու քեզմէ շատուոր տեսնես, անոնցմէ չվախնաս. վասն զի քեզ Եգիպտացւոց երկրէն հանող քու Տէր Ատուածդ քեզի հետ է: 2Ու երբ պատերազմի մօտենաս, քահանան մօտենալով` ժողովուրդին պիտի խօսի, 3Ու անոնց ըսէ, Ով , մտիկ ըրէ. այսօր դուք ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու կը մօտենաք. սըրտերնիդ չթուլնայ, մի վախնաք, մի զարհուրիք, ու անոնց երեսէն մի դողաք. 4Վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ձեզի հետ կ’երթայ, ձեզի համար ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու և ձեզ ազատելու։ 5Այն ատեն ոստիկանները ժողովուրդին խօսելով` պիտի ըսեն, Ով որ նոր շիներ է ու անոր նաւակատիքը չէ ըրեր, երթայ իր տունը դառնայ. չըլլայ որ պատերազմին մէջ մեռնի, և ուրիշ մէկը նաւակատիքը ընէ. 6Եւ ով որ այգի տնկեր է ու անոր պտուղէն դեռ չէ կերած, երթայ իր տունը դառնայ. չըլլայ որ պատերազմին մէջ մեռնի, ու անոր առաջին պտուղը ուրիշ մարդ մը ուտէ։ 7Եւ ով որ կնոջ մը նշանուած է ու զանիկա չէ , երթայ իր տունը դառնայ. չըլլայ որ պատերազմին մէջ մեռնի, ու զանիկա ուրիշ մարդ մը առնէ։ 8Եւ ոստիկանները իրենց խօսքը շարունակելով պիտի ըսեն ժողովուրդին, Ով որ վախկոտ ու թուլասիրտ է, թող երթայ իր տունը դառնայ. չըլլայ որ իր եղբայրներուն սիրտն ալ իր սրտին պէս թուլցնէ։ 9Ու երբ ոստիկանները ժողովուրդին առջև իրենց խօսքը լմնցընեն, ժողովուրդին վրայ զօրապետներ կարգեն։ 10Երբ քաղաքի մը կը մօտենաս անոր հետ պատերազմելու համար, զանիկա խաղաղութեան հրաւիրէ։ 11Եթէ քեզի խաղաղութեան պատասխան տալու ըլլայ, ու դռները քեզի բանայ, մէջը գտնուած բոլոր ժողովուրդը քեզի հարկատու ըլլան, ու քեզի ծառայութիւն ընեն։ 12Բայց եթէ քեզի հետ խաղաղութիւն ընել չուզէ ու ընէ, այն ատեն զանիկա պաշարես. 13Ու երբ քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ մատնէ զանիկա, անոր բոլոր արուները սուրի բերնէ անցնես. 14Բայց կիները, տղաքները ու անասունները և ինչ որ կայ այն քաղաքին մէջ, անոր բոլոր աւարը, քեզի համար առնես. և քու Տէր Աստուծոյդ քեզի մատնած քու թշնամիներուդ աւարը ուտես։ 15Ահա այսպէս պիտի ընես քեզմէ խիստ հեռու եղող ամէն քաղաքներուն, որոնք այս ազգերուն քաղաքներէն չեն։ 16Սակայն քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած այս ազգերուն քաղաքներուն մէջ` բնաւ շունչ ունեցող մը ողջ չթողուս. 17Վասն զի Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները Խեւացիները ու Յեբուսացիները բոլորովին պիտի կորսնցնես, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց. 18Որպէս զի ձեզի չսորվեցնեն իրենց բոլոր գարշութիւններուն համեմատ ընել, ինչպէս անոնք իրենց աստուածներուն կ’ընեն. ու դուք Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջև չգործէք։ 19Երբ քաղաքի մը դէմ պատերազմիս, ու զանիկա առնելու համար երկար ժամանակ պաշարելու ըլլաս, անոր ծառերուն տապար չզարնես ու զանոնք չաւրես, վասն զի անոնցմէ պիտի ուտես. ուրեմն զանոնք չկտրես. քանզի դաշտին ծառը մա՞րդ է որ քու երեսէդ պաշարման մէջ մտնէ։ 20Բայց այն ծառերը զորոնք կը ճանչնաս թէ ուտուելու չեն բերեր, զանոնք աւրես ու կտրես, և քեզի հետ պատերազմող քաղաքին դիմաց անոնցմով պատնէշներ շինես, մինչև անիկա նուաճի։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981