Երկրորդ Օրինաց

22

1Երբ տեսնես որ եղբօրդ եզը կամ ոչխարը իր ճամբայէն խոտորեր է, զանոնք անտես չընես. անպատճառ զանոնք քու եղբօրդ դարձնես։ 2Բայց եթէ քու եղբայրդ քեզի մօտ չէ, կամ զանիկա չես ճանչնար, այն ատեն քու տունդ առնես զայն, ու մինչև քու եղբօրդ զանիկա փնտռելը քու քովդ թող կենայ. ետքը զանիկա անոր դարձնես։ 3Անոր իշուն ալ այսպէս ընես, զգեստին ալ այսպէս ընես. նաև եղբօրդ ամէն կորսուած բանը զոր դուն կը գտնես, այսպէս ընես. չըլլայ որ զանոնք անտես ընես։ 4Երբ տեսնես որ եղբօրդ էշը կամ եզը ճամբուն վրայ ինկեր է, զանոնք անտես չընելով անպատճառ անոր հետ վերցնես։ 5Կնոջ մը վրայ այր մարդու չըլլայ, ու այր մարդը կնոջ հագուստ չհագնի. քանզի ով որ ասոնք կ’ընէ, քու Տէր Աստուծոյդ առջև պիղծ է։ 6Եթէ ճամբան ծառի մը վրայ կամ գետնի վրայ ձագերով կամ հաւկիթներով թռչունի մը բոյն հանդիպի քու առջեւդ, ու մայրը ձագերուն կամ հաւկիթներուն վրայ նստած ըլլայ, մայրը իր ձագերով մէկտեղ չառնես. 7Անպատճառ մայրը արձակես, ու ձագերը քեզի առնես. որպէս զի աղէկ ըլլայ քեզի, ու կեանքդ երկայն ըլլայ։ 8Նոր շինած ատենդ տանիքիդ չորս կողմը շրջանակ մը շինես, որպէս զի չըլլայ թէ մէկը անկէ վար իյնայ, ու քու տունդ արեան պարտական ընես։ 9Այգիիդ մէջ այլեւայլ սերմեր չցանես, որպէս զի ցանած սերմիդ արդիւնքը ու այգիիդ բերքը չպղծուի։ 10Եզ մը ու էշ մը մէկտեղ հերկելու չգործածես։ 11Բուրդով ու քթանով գործուած այլայլախառն հանդերձ չհագնիս։ 12Հագած հանդերձիդ չորս ծայրը ծոպեր շինես։

Սեռային մաքրութեան մասին օրէնքներ

13Եթէ մարդ մը առնէ, ու անոր մօտենալէն ետքը զանիկա ատէ, 14Եւ անոր վրայ զրպարտութեան խօսքեր դնելով անոր անունը գէշ հանէ, ու ըսէ, Ես այս կինը առի, բայց երբ անոր մօտեցայ, անոր վրայ կուսութիւն չգտայ. 15Այն ատեն աղջկան հայրը ու մայրը աղջկան կուսութեան նշանը առնեն, և դուռը հանեն քաղաքին ծերերուն առջև. 16Ու աղջըկան հայրը ծերերուն պիտի ըսէ, Իմ աղջիկս այս մարդուն կին տուի, ու ատելով զանիկա, 17Ահա անոր վրայ զըրպարտութեան խօսքեր կը դնէ, ըսելով թէ Ես քու աղջկանդ վրայ կուսութիւն չգտայ. բայց ահա իմ աղջկանս կուսութեան նշանը. և լաթը քաղաքին ծերերուն առջև պիտի փռեն։ 18Ետքը այն քաղաքին ծերերը այն մարդը առնեն ու զանիկա պատժեն, 19Եւ Իսրայելացի կոյս աղջկան անունը աւրելուն համար անկէ հարիւր սիկղ արծաթ տոյժ առնեն, ու աղջկան հօրը տան. և անիկա անոր կինն ըլլայ, ու իր բոլոր կեանքին մէջ կարող չըլլայ զանիկա արձակելու։ 20Բայց եթէ այս բանը ստոյգ է, ու աղջկան վրայ կուսութիւն չէ գտնուեր, 21Այն ատեն աղջիկը իր հօրը տանը դուռը հանեն, ու անոր քաղաքին մարդիկը քարերով քարկոծեն զանիկա որպէս զի մեռնի. որովհետև Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ընելով իր հօրը տունը պոռնկութիւն ըրեր է. այս կերպով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցնես։ 22Եթէ մէկը այր ունեցող կնոջ մը հետ պառկած գտնուի, այն ատեն երկուքն ալ մեռնին, թէ° այն կնոջ հետ պառկող մարդը և թէ° այն կինը. ու Իսրայէլէ չարութիւնը վերցնես։ 23Եթէ կոյս աղջիկ մը մարդու մը նշանուած ըլլայ, ու մարդ մը քաղաքի մէջ գտնելով զանիկա` անոր հետ պառկի, 24Երկուքն ալ այն քաղաքին դուռը հանէք, ու զանոնք քարերով քարկոծէք որպէս զի մեռնին. աղջիկը` քանզի քաղաքին մէջ գտնուելով չկանչուըռտեց, և մարդը` քանզի իր դրացիին կինը լլկեց. ու չարութիւնը ձեր մէջէն վերցնես։ 25Բայց եթէ մարդ մը նշանուած աղջիկ մը դաշտի մէջ գտնէ, ու զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի, այն ատեն անոր հետ պառկող մարդը միայն մեռնի։ 26Եւ աղջկան բան մը չընես. աղջիկը մահու արժանի յանցանք մը չունի. վասն զի ինչպէս մէկը իր դրացիին վրայ կը յարձակի ու զանիկա կը մեռցնէ, այս դիպուածն ալ այնպէս է։ 27Քանզի դաշտի մէջ գտաւ զանիկա. ու թէև նշանուած աղջիկը կանչուըռտեց, բայց զինք ազատող մը չկար։ 28Եթէ մարդ մը չնշանուած կոյս աղջիկ մը գտնէ, և զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի, ու բանը իմացուի. 29Այն ատեն անոր հետ պառկող մարդը աղջկան հօրը յիսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ, ու անիկա իր կինն ըլլայ. որովհետև լլկեց զանիկա, իր բոլոր կեանքին մէջ զանիկա արձակելու կարող չըլլայ։ 30Չըլլայ որ մարդ մը իր հօրը կինը առնէ, ու իր հօրը քղանցքը բանայ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981