Երկրորդ Օրինաց
23
Տէրոջը ժողովուրդէն արտաքսում
1Ամորձիքը ճզմուած կամ կտրուած մարդը Տէրոջը ժողովքը չմտնէ։ 2Պոռնըկորդին Տէրոջը ժողովքը չմտնէ. ու անոր զաւակը մինչև տասներորդ ազգը Տէրոջը ժողովքը չմտնէ։ 3Ամմոնացին ու Մովաբացին Տէրոջը ժողովքը չմտնեն, ու մինչև անոնց տասներորդ ազգը անոնց զաւակը Տէրոջը ժողովքը չմտնէ յաւիտեան. 4Քանզի երբ դուք Եգիպտոսէ ելաք, ճամբուն մէջ հացով ու ջրով ձեզ չդիմաւորեցին. ու Միջագետի Փաթուր քաղաքէն Բեովրի որդին Բաղաամը վարձքով բերել տուին, որպէս զի քեզ անիծէ. 5Բայց քու Տէր Աստուածդ չուզեց Բաղաամի մտիկ ընել, հապա քու Տէր Աստուածդ անէծքը քեզի օրհնութեան դարձուց, որովհետև քու Տէր Աստուածդ քեզ սիրեց։ 6Քու բոլոր կեանքիդ մէջ անոնց խաղաղութիւնը ու աղէկութիւնը չփնտռես յաւիտեան։ 7Չըլլայ որ Եդովմայեցին ատես, քանզի անիկա քու եղբայրդ է։ Եգիպտացին ալ չատես, քանզի անոր երկրին մէջ պանդուխտ էիր. 8Ասոնց ծնած զաւակներուն երրորդ ազգը Տէրոջը ժողովքը թող մտնեն։
Բանակատեղին մաքուր պահել
9Երբ թշնամիներուդ դէմ բանակով կ’երթաս, ամէն չար բանէ զգուշանաս։ 10Եթէ ձեր մէջ մարդ մը երազափորձութեան պատճառաւ մաքուր չէ, թող բանակէն դուրս ելլէ, ու բանակին մէջ չմտնէ. 11Եւ իրիկուան դէմ ջրով լուացուի, ու արեւը մտածին պէս բանակին մէջ մտնէ։ 12Նաև բանակէն դուրս տեղ մը ունենաս, որպէս զի հոն դուրս ելլես. 13Ու զէնքերուդ մէջ ցից մը ունենաս, որպէս զի երբ դուրսը նստելու ըլլաս, անով փորես, ու դառնաս քու յաւելուածդ ծածկես։ 14Քանզի քու Տէր Աստուածդ, քեզ ազատելու համար ու քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնելու համար, քու բանակիդ մէջ կը քալէ. ուստի քու բանակդ մաքուր ըլլայ, որպէս զի անիկա քու վրադ աղտեղութիւն մը տեսնելով քեզմէ ետ չդառնայ։
Զանազան օրէնքներ
15Ծառայ մը որ տէրոջմէն փախչելով քու քովդ ապաստաներ է, իր տէրոջը ձեռքը չմատնես. 16Թող քեզի հետ բնակի իր հաւնած տեղը քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ ուր ինք կ’ուզէ, և զանիկա չնեղես։ 17Իսրայէլի աղջիկներէն բոզ չըլլայ, ու Իսրայէլի տղոցմէն իգացեալ չըլլայ։ 18Որեւիցէ ուխտի համար բոզի վարձքը կամ շունի գինը քու Տէր Աստուծոյդ տունը չտանիս, քանզի քու Տէր Աստուծոյդ առջև երկուքն ալ պիղծ են։ 19Ստակը կամ ուտելիքը և կամ որեւիցէ բանը որ շահով կրնայ տրուիլ, քու եղբօրդ շահով չտաս. 20Օտարականէն շահ առնես, բայց քու եղբօրմէդ շահ չառնես, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քու ամէն ձեռք զարկած գործերուդ մէջ քեզ օրհնէ այն երկրին վրայ, ուր պիտի մտնես զանիկա ժառանգելու համար։ 21Երբ քու Տէր Աստուծոյդ ուխտ մը ընես, առանց ուշացնելու կատարես, քանզի քու Տէր Աստուածդ անպատճառ զանիկա քեզմէ պիտի պահանջէ, ու մեղքի տէր պիտի ըլլաս. 22Բայց եթէ ուխտ ընել չուզես, այն քեզի մեղք չըլլար։ 23Ինչ որ բերնովդ կը խոստանաս ու քու կամքովդ քու Տէր Աստուծոյդ կ’ուխտես, քու շրթունքներէդ ելածը զգուշութեամբ կատարես։ 24Երբ քու դրացիիդ այգին կը մտնես, ուզածիդ չափ խաղող ուտես ու կշտանաս, բայց ամանիդ մէջ չդնես։ 25Երբ քու դրացիիդ հունձքին մէջ կը մտնես, ձեռքովդ հասկերը փրցնես, բայց դրացիիդ հունձքին մանգաղ չզարնես։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981