Երկրորդ Օրինաց

24

Ապահարզան և վերամուսնութիւն

1Եթէ մէկը մը առնէ ու անոր այրը ըլլայ, և անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնելուն համար անիկա իր աչքին հաճոյ չըլլայ, այն ատեն անոր արձակման թուղթ մը գրէ ու անոր ձեռքը տայ, և իր տունէն ճամբէ։ 2Ու երբ անիկա անոր տունէն ելլելով երթայ ուրիշ էրկան մը կին ըլլայ, 3Եթէ ետքի այրն ալ զանիկա ատելով արձակման թուղթ մը գրէ, ու անոր ձեռքը տալով` իր տունէն ճամբէ, կամ եթէ անոր հետ կարգուած ետքի այրը մեռնի, 4Առաջին այրը, որ զանիկա ճամբեր էր, կարող չըլլայ զանիկա դարձեալ իրեն կին առնել, անոր պղծուելէն ետքը. քանզի Տէրոջը առջև պղծութիւն է այս բանը. և այսպէս դուն մեղքով չլեցնես այն երկիրը զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ։

Զանազան օրէնքներ

5Նոր ամուսնացած մարդը պատերազմի չերթայ, ու անոր բնաւ պաշտօն մը չտրուի. տարի մը իր տանը մէջ ազատ թող նստի, ու իր կինը ուրախացնէ։ 6Չըլլայ որ մարդ մը աղօրիքը կամ անոր վերի քարը գրաւ առնէ. քանզի իր ընկերին կեանքը գրաւ առած կ’ըլլայ։ 7Եթէ մարդ մը գտնուի, որ իր եղբայրներէն, այսինքն Իսրայէլի որդիներէն, մէկը գողնալով զանիկա ծառայեցուցեր է կամ ծախեր է, այն գողը թող մեռնի. ու ձեր մէջէն չարութիւնը վերցնես։ 8Բորոտութեան ախտին համար զգուշութիւն ըրէք, Ղեւտացի քահանաներուն բոլոր ձեզի սորվեցուցած բաները ճշդիւ պահելու և ընելու. ինչ որ անոնց պատուիրեր եմ զգուշութեամբ ի գործ դնէք։ 9Միտքդ բեր ինչ որ քու Տէր Աստուածդ Մարիամի ըրաւ ճամբուն մէջ` Եգիպտոսէ ելած ատեննիդ։ 10Երբ քու դրացիիդ բան մը փոխ տաս, գրաւն առնելու համար անոր տունը չմտնես. 11Դուրսը կայնիս ու փոխ առնող մարդը գրաւը քեզի դուրս բերէ։ 12Եւ եթէ այն մարդը է, անոր գրաւովը չպառկիս. 13Արեւը մտածին պէս անպատճառ անոր գրաւը ետ տաս, որպէս զի անիկա իր հանդերձովը պառկի ու քեզ օրհնէ. և քու Տէր Աստուծոյդ առջև այս բանը քեզի արդարութիւն սեպուի։ 14Աղքատ ու կարօտ վարձկանին զըրկանք չընես, թէ՛ քու եղբայրներէդ և թէ՛ քու երկրիդ մէջ քու քաղաքներդ գտնուող օտարականներէն ըլլայ։ 15Նոյն օրը արեւը չմտած անոր վարձքը հատուցանես, քանզի անիկա աղքատ է, ու անոր խելքը միտքը անոր վրայ է, չըլլայ որ քեզի համար Տէրոջը բողոքէ, ու մեղքի տէր ըլլաս։ 16Տղոց յանցանքին համար հայրերը չմեռցուին, ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը չմեռցուին. ամէն մարդ իր յանցանքին համար պիտի մեռցուի։ 17Օտարականին ու որբին իրաւունքը չծռես, ու որբեւարիին հանդերձը գրաւ չառնես։ 18Եւ միտքդ բեր որ դուն Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր, ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ ազատեց. անոր համար ես քեզի կը պատուիրեմ որ այս բանը ընես։ 19Երբ քու արտիդ մէջ հունձքդ հնձես, ու արտին մէջ որայ մը մոռցած ըլլաս, զանիկա առնելու համար ետ չդառնաս. անիկա օտարականին, որբին ու որբեւարիին թող ըլլայ. որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքերուդ ամէն գործին մէջ քեզ օրհնէ։ 20Ձիթենիդ թօթվելէդ ետքը վրան մնացածները ոստէ ոստ չփնտռես. անիկա օտարականին, որբին ու որբեւարիին թող ըլլայ։ 21Եւ այգիիդ խաղողները ժողվելէդ ետքը ճռաքաղ չընես. անիկա օտարականին, որբին ու որբեւարիին թող ըլլայ։ 22Եւ միտքդ բեր որ Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր. անոր համար ես քեզի կը պատուիրեմ որ այս բանը ընես։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981