Երկրորդ Օրինաց
25
1Երբ մարդոց մէջ վէճ մը ըլլայ և դատաստանի երթան, դատաւորները անոնց դատը մտիկ ընելով իրաւունք ունեցողը արդարացնեն, ու յանցաւորը դատապարտեն: 2Եւ յանցաւոր եղողը եթէ ծեծի արժանի է, դատաւորը զանիկա պառկեցնէ, ու անոր յանցանքին համեմատ իր առջև ծեծել տայ զանիկա թուով: 3Քառասունէ աւելի զարնել չտայ. չըլլայ որ ասկէ աւելի զարնելովը` եղբայրդ քու աչքիդ առջև անարգուի: 4Կալի մէջ աշխատող եզին դունչը չկապես:
Պարտականութիւն մեռած եղբօր մը հանդէպ
5Երբ եղբայրներ մէկտեղ բնակին, ու անոնց մէկը առանց զաւկի մեռնի, մեռնողին կինը դուրսը օտար մարդու հետ չկարգուի. տագրը անոր մօտենայ և զանիկա իրեն կին առնէ, ու տագրութեան պարտաւորութիւնը անոր հատուցանէ. 6Եւ անոր ծնած առջինեկ տղան մեռնող եղբօրը անունովը կոչուի, որ չըլլայ թէ անոր անունը Իսրայէլէ ջնջուի: 7Եւ եթէ այն մարդը իր հարսը առնել չուզէ, այն ատեն հարսը դուռը ելլէ ծերերուն ու ըսէ, Իմ տագրս Իսրայէլի մէջ իր եղբօրը անունը հաստատելէն կը հրաժարի. տագրութեան պարտաւորութիւնը ինծի հատուցանել չուզեր: 8Այն ատեն անոր քաղաքին ծերերը զանիկա պիտի կանչեն, ու անոր խօսին. և եթէ անիկա հաստատ կենալով ըսէ թէ Ասիկա չեմ ուզեր առնել, 9Այն ատեն հարսը անոր պիտի մօտենայ ծերերուն առջև, և անոր ոտքէն կօշիկը հանէ, ու անոր երեսը թքնէ, և խօսելով պիտի ըսէ. Իր եղբօրը տունը շինել չուզող մարդուն այսպէս կ՚ ըլլայ: 10Եւ անոր անունը Իսրայէլի մէջ` Կօշիկը հանուած մարդուն տունը ըսուի:
Ուրիշ օրէնքներ
11Երբ երկու մարդիկ իրարու հետ կը ծեծկուին, և մէկուն կինը զարնողին ձեռքէն իր այրը ազատելու համար մօտենայ, ու ձեռքը երկնցնելով անոր ամօթոյքը բռնէ, 12Այն ատեն անոր ձեռքը կտրես, և քու աչքդ բնաւ անոր չխնայէ: 13Մախաղիդ մէջ տեսակ տեսակ մեծ ու պզտիկ կշիռքի քարեր չըլլան: 14Տանդ մէջ տեսակ տեսակ մեծ ու պզտիկ արդուներ չըլլան: 15Քու կշիռքիդ քարը լման ու արդար ըլլայ, քու արդուդ լման ու արդար ըլլայ, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին վրայ զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ: 16Քանզի ամէն այս բաները ընողը, ամէն անիրաւութիւն ընողը, քու Տէր Աստուծոյդ առջև պիղծ է:
Ամաղեկացիները սպաննելու հրահանգ
17Եգիպտոսէ ելած ատենդ ճամբան Ամաղէկի քեզի ըրածը միտքդ պահէ. 18Ճամբուն մէջ ի՛նչպէս քեզ դիմաւորեց, և քու ետեւէդ եկող բոլոր տկարները կոտրեց, երբ դուն աշխատած ու յոգնած էիր, ու Աստուծմէ չվախցաւ: 19Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր շրջակայ թշնամիներէդ քեզ հանգստացնէ այն երկրին մէջ զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ որպէս զի անոր տիրես, այն ատեն Ամաղէկի յիշատակը երկինքի տակէն բոլորովին վերցնես. չըլլայ որ մոռնաս:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981