Երկրորդ Օրինաց

26

Հունձքի մատուցում

1Երբ մտնես այն երկիրը զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ, և զանիկա ժառանգես ու հոն բնակիս, 2Այն ատեն երկրին ամէն պտուղներուն երախայրիներէն պիտի առնես, զորոնք քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրէն ժողվեր ես, ու կողովի մը մէջ դնելով երթաս այն տեղը զոր քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար. 3Եւ այն օրերը եղող քահանային երթաս ըսես, Ես այսօր քու Տէր Աստուծոյդ առջև կը խոստովանիմ որ ես մտայ այն երկիրը, որու համար Տէրը մեր հայրերուն ըրեր էր մեզի տալու։ 4Ետքը քահանան կողովը քու ձեռքէդ առնելով` զանիկա քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին առջև պիտի դնէ. 5Եւ դուն պատասխան տալով` քու Տէր Աստուծոյդ առջև ըսես, Իմ հայրս, թափառական Ասորի մը ըլլալով, իջաւ, ու հոն քիչ հոգիներով պանդխտութիւն ընելով մէկ մեծ, զօրաւոր ու շատուոր ազգ մը եղաւ. 6Ու Եգիպտացիք մեզ չարչարեցին, մեզ նեղեցին և մեր վրայ ծանր ծառայութիւններ դրին. 7Ու մենք մեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն աղաղակեցինք. և Տէրը մեր ձայնը լսելով մեր նեղութիւնը, աշխատութիւնը ու մեզի եղած զրկանքը տեսաւ. 8Եւ Տէրը զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով, մեծ ահարկութիւններով, նշաններով ու հրաշքներով մեզ Եգիպտոսէ հանեց. 9Եւ մեզ այս տեղը բերաւ, ու մեզի այս երկիրը, կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, տուաւ։ 10Եւ արդ, ով Տէր, ինծի տուած երկրիդ պտուղներուն երախայրիները քեզի բերի։ Ու զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջև դնելով`Տէր Աստուծոյդ առջև երկրպագութիւն ընես. 11Եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ու քու տանդ տուած բոլոր բարիքներովը ուրախութիւն ընես, դուն ալ, Ղեւտացին ալ, և ձեր մէջ եղող օտարականն ալ։ 12Երրորդ տարին տասանորդի տարի ըլլալով, երբ դուն քու արդիւնքներուդ բոլոր տասանորդները զատես լմնցնես, և զանոնք Ղեւտացիին, օտարականին, որբին ու որբեւարիին տաս, որպէս զի անոնք ալ քու քաղաքներուդ մէջ ուտեն կշտանան։ 13Այն ատեն քու Տէր Աստուծոյդ առջև ըսես, Սուրբ եղած բանը բոլորովին տունէս հանեցի, և քու բոլոր հրամայած պատուիրանքներուդ համեմատ զանիկա Ղեւտացիին, օտարականին, որբին ու որբեւարիին տուի. քու պատուիրանքներդ զանց չըրի, ու զանոնք չմոռցայ. 14Սուգիս օրերուն մէջ անկէ չկերայ, ու բանի մը չգործածեցի, և անկէ մեռելի համար չտուի. իմ Տէր Աստուծոյս խօսքը մտիկ ըրի. ինծի ինչ որ պատուիրեցիր, անոր համեմատ ըրի։ 15Նայէ երկինքէն քու սուրբ բնակարանէդ, և օրհնէ քու ժողովուրդդ, ու այն երկիրը զոր տուիր մեզի, ինչպէս մեր հայրերուն երդում ըրած էիր տալու, մը որ կաթ ու մեղր կը բղխէ։

Տէրոջը սեպհական ժողովուրդը

16Այսօր քու Տէր Աստուածդ քեզի կը պատուիրէ որ այս կանոնները ու դատաստանները ի գործ դնես. ուստի բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգւովդ պահես ու կատարես զանոնք։ 17Դուն այսօր Տէրոջը կուտաս, որ անիկա քեզի ըլլայ, ու դուն անոր ճամբաներուն մէջ քալես, և անոր կանոնները, պատուիրանքները ու դատաստանները պահես, ու խօսքը մտիկ ընես. 18Տէրն ալ այսօր քեզի խօսք կու տայ, որ դուն իրեն սեպհական ըլլաս, ինչպէս քեզի ըսաւ, որպէս զի անոր բոլոր պատուիրանքները պահես. 19Եւ բոլոր իր ստեղծած ազգերէն գերազանց ընէ քեզ գովութիւնով, համբաւով ու փառքով, որպէս զի սուրբ ժողովուրդ մը ըլլաս քու Տէր Աստուծոյդ՝ իր ըսածին պէս։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)