Երկրորդ Օրինաց

27

Քարերու վրայ գրուած Աստուծոյ օրէնքները

1Եւ Իսրայէլի ծերերուն հետ ժողովուրդին պատուիրելով` ըսաւ, Պահեցէք այն բոլոր պատուիրանքները զորոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ: 2Ու Յորդանանէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը անցած օրդ` քեզի մեծ քարեր կանգնես, ու զանոնք կիրով ծեփես. 3Եւ այս օրէնքին բոլոր խօսքերը անոնց վրայ գրես, երբ անցնիս ու մտնես այն երկիրը զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ, մը որ կաթ ու մեղր կը բղխէ, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի ըսաւ։ 4Ուստի երբ Յորդանանէ անցնիս, այս օրուան քեզի պատուիրածիս պէս` այս քարերը լեռան վրայ կանգնես, ու զանոնք կիրով ծեփես։ 5Եւ հոն քու Տէր Աստուծոյդ մը շինես, քարերէ շինուած սեղան մը. անոնց վրայ երկաթ չդպցնես։ 6Սակայն քու Տէր Աստուծոյդ սեղանը ամբողջ քարերէ շինես, ու անոր վրայ քու Տէր Աստուծոյդ ողջակէզներ մատուցանես. 7Եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով` հոն ուտես, ու քու Տէր Աստուծոյդ առջև ուրախանաս. 8Եւ այս օրէնքին բոլոր խօսքերը քարերուն վրայ խիստ պարզ կերպով մը գրես։ 9Եւ Մովսէս Ղեւտացի քահանաներուն հետ բոլոր Իսրայէլի խօսելով` ըսաւ, Ով , լուռ կեցիր ու մտիկ ըրէ. Դուն այսօր քու Տէր Աստուծոյդ ժողովուրդը եղար. 10Ուստի քու Տէր Աստուծոյդ խօսքը մտիկ ընելով ի գործ դնես անոր պատուիրանքները ու կանոնները, զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ։

Անհնազանդութեան անէծքներ

11Եւ նոյն օրը Մովսէս ժողովուրդին պատուիրելով` ըսաւ, 12Երբ Յորդանանէ անցնիք, ժողովուրդը օրհնելու համար լեռան վրայ ասոնք թող կայնին. Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար, Յովսէփ ու Բենիամին. 13Եւ անէծքի համար Գեբաղ լեռան վրայ ասոնք թող կայնին. Ռուբէն, Գադ, Ասեր, Զաբուղոն, Դան ու Նեփթաղիմ։ 14Եւ Ղեւտացիք Իսրայէլի բոլոր մարդոցը հետ խօսելով` բարձր ձայնով պիտի ըսեն, 15Անիծեալ ըլլայ այն մարդը` որ արուեստաւորի ձեռագործ, ու Տէրոջը առջև պիղծ սեպուող փորուած կամ ձուլածոյ կը շինէ, ու գաղտուկ տեղ մը կը դնէ. և բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով` Ամէն պիտի ըսէ։ 16Անիծեալ ըլլայ ան` որ իր հօրը կամ մօրը դէմ հայհոյութիւն կ’ընէ. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։ 17Անիծեալ ըլլայ ան` որ իր դրացիին սահմանը կը փոխէ. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։ 18Անիծեալ ըլլայ ան` որ կոյրը իր ճամբայէն կը խոտորեցնէ. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։ 19Անիծեալ ըլլայ ան` որ պանդուխտին, որբին ու որբեւարիին իրաւունքը կը ծռէ. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։ 20Անիծեալ ըլլայ ան` որ իր հօրը կնոջ հետ կը պառկի. քանզի իր հօրը քղանցքը կը բանայ. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։ 21Անիծեալ ըլլայ ան` որ ոեւիցէ անասունի հետ կը պառկի. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։ 22Անիծեալ ըլլայ ան` որ իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը եղող իր քրոջ հետ կը պառկի. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։ 23Անիծեալ ըլլայ ան` որ իր զոքանչին հետ կը պառկի. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։ 24Անիծեալ ըլլայ ան` որ իր դրացին գաղտուկ կը մեռցնէ. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։ 25Անիծեալ ըլլայ ան` որ անմեղ մարդը մեռցնելու համար կաշառք կ’առնէ. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։ 26Անիծեալ ըլլայ ան` որ այս օրէնքին ամէն խօսքերուն մէջ չկենար որ զանոնք կատարէ. և բոլոր ժողովուրդը Ամէն պիտի ըսէ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981