Երկրորդ Օրինաց

28

Հնազանդութեան օրհնութիւններ (Ղեւտ.26:3-13, Բ Օր.7:12-24)

1Եւ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքը ուշադրութեամբ մտիկ ընելով` զգուշութեամբ ի գործ դնես անոր բոլոր պատուիրանքները զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, քու Տէր Աստուածդ երկրի բոլոր ազգերէն գերազանց պիտի ընէ քեզ։ 2Եւ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս, այս բոլոր օրհնութիւնները քու վրադ գալով քեզի պիտի հասնին։ 3Քաղաքի մէջ օրհնեալ, ու դաշտի մէջ օրհնեալ պիտի ըլլաս։ 4Քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը օրհնեալ պիտի ըլլան։ 5Քու կողովդ ու տաշտդ օրհնեալ պիտի ըլլան։ 6Մտած ատենդ օրհնեալ, ու ելած ատենդ օրհնեալ պիտի ըլլաս։ 7Տէրը քու առջեւէդ ջարդել պիտի տայ քու վրադ ելլող թշնամիներդ. անոնք քեզի դէմ մէկ ճամբով պիտի ելլեն, և քու առջեւէդ եօթը ճամբով պիտի փախչին։ 8Տէրը քու շտեմարաններուդ ու ամէն ձեռք զարնելու բաներուդ մէջ օրհնութիւն պիտի ղրկէ քեզի. և քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ քեզ պիտի օրհնէ։ 9Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ հրամանները պահելով` անոր ճամբաներուն մէջ քալես, Տէրը քեզի ըրածին պէս քեզ իրեն սուրբ պիտի հաստատէ. 10Ու երկրի ամէն ժողովուրդները պիտի տեսնեն որ Տէրոջը անունը քու վրադ կը կոչուի, ու քեզմէ պիտի վախնան։ 11Եւ Տէրը բարիքներով քեզ պիտի լեցնէ, քու որովայնիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը ու քու երկրիդ պտուղը շատցնելով այն երկրին վրայ զոր Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու։ 12Տէրը իր բարութեան գանձը, այսինքն երկինքը, քեզի պիտի բանայ, որպէս զի քու երկրիդ անձրեւը ատենովը տայ, ու քու ձեռքիդ ամէն գործը օրհնէ. և դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ պիտի չառնես։ 13Տէրը ժողովուրդներու գլուխ պիտի ընէ քեզ, և ոչ թէ պոչ. դուն միշտ վրայ պիտի ելլես, ու բնաւ վար պիտի չիյնաս, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները մտիկ ընելով պահես ու կատարես, զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, 14Եւ օտար աստուածներուն ետեւէն երթալու համար, ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար, աջ կողմը կամ ձախ կողմը չխոտորիս այն բոլոր խօսքերէն զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ։

Անհնազանդութեան հետևանքները

15Բայց եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին չհնազանդիս, և չպահես ու չընես անոր բոլոր պատուիրանքները ու կանոնները զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, այն ատեն այս ամէն անէծքները քու վրադ գալով քեզի պիտի հասնին։ 16Քաղաքի մէջ անիծեալ, ու դաշտի մէջ անիծեալ պիտի ըլլաս։ 17Քու կողովդ ու տաշտդ անիծեալ պիտի ըլլան։ 18Քու որովայնիդ պտուղը, երկրիդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը անիծեալ պիտի ըլլան։ 19Քու մտած ատենդ անիծեալ` ու քու ելած ատենդ անիծեալ պիտի ըլլաս։ 20Եւ Տէրը քու ամէն ձեռք զարկած գործիդ մէջ , տառապանք ու յանդիմանութիւն պիտի ղրկէ քեզի` քու չար գործերուդ ու զիս ձգելուդ համար, մինչև որ շուտով բնաջինջ ըլլաս ու կորսուիս։ 21Տէրը քեզի ժանտախտը պիտի փակցնէ, մինչև որ քեզ հատցնէ այն երկրին վրայէն, ուր դուն կը մտնես զանիկա ժառանգելու։ 22Եւ Տէրը քեզ պիտի զարնէ ծիւրական ախտով, հրատագնապ տենդով, ջերմով ու այրող տաքութիւնով, երաշտութեամբ, խորշակահարութեամբ ու արմտեաց դալուկով. և ասոնք պիտի հալածեն քեզ մինչև որ կորսուիս։ 23Եւ գլխուդ վրայի երկինքը պղնձէ, ու տակդ եղած երկիրը երկաթէ պիտի ըլլայ։ 24Տէրը անձրեւի տեղ հող ու փոշի պիտի տայ քու երկրիդ, ու երկինքէն քու վրադ պիտի իջնեն մինչև որ դուն բնաջինջ ըլլաս։ 25Տէրը քու թշնամիներուդ առջև քեզ ջարդել պիտի տայ. անոնց դէմ մէկ ճամբով պիտի ելլես, և անոնց առջեւէն եօթը ճամբով պիտի փախչիս. ու երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ թափառական պիտի ըլլաս։ 26Եւ քու մարմինդ երկինքի բոլոր թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլայ, և զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։ 27Տէրը Եգիպտոսի պալարներով, թանչով, քոսոտութեամբ ու եռքով պիտի զարնէ քեզ, որպէս զի անոնցմէ չկարենաս բժշկուիլ։ 28Տէրը ապշութիւնով, կուրութիւնով ու սրտադողով պիտի զարնէ քեզ. 29Եւ ինչպէս կոյրը խաւարի մէջ ձեռքովը կը խարխափէ, դուն ալ կէսօրուան ատեն այնպէս պիտի խարխափես, ու գործերուդ մէջ բարեբաղդութիւն պիտի չունենաս. և միշտ զրկանք ու յափշտակութիւն պիտի կրես, ու քեզ ազատող պիտի չըլլայ։ 30Դուն կնոջ մը պիտի նշանուիս, ու անոր հետ ուրիշը պիտի պառկի. պիտի շինես, ու անոր մէջ դուն պիտի չբնակիս. այգի պիտի տնկես, ու անոր խաղողը պիտի չժողվես։ 31Քու եզդ քու աչքիդ առջև պիտի մորթուի, բայց դուն անկէ պիտի չուտես. քու էշդ քու առջեւէդ պիտի յափշտակուի, ու քեզի ետ պիտի չտրուի. հօտերդ քու թշնամիներուդ պիտի մատնուին, ու զանոնք քեզի ազատող պիտի չըլլայ։ 32Քու տղաքներդ ու աղջիկներդ ուրիշ ժողովուրդի մը պիտի տրուին, և աչքերդ պիտի տեսնեն, ու բոլոր օրը անոնց համար ունեցած կարօտութիւնովդ պիտի նուաղին. և ձեռքդ պիտի չհասնի օգնելու։ 33Քու երկրիդ արդիւնքը ու քու բոլոր աշխատութիւնդ քեզի անծանօթ ժողովուրդ մը պիտի ուտէ. և դուն ամէն օր միայն զրկանք ու ճնշում պիտի կրես. 34Եւ աչքերուդ տեսած բաներէն պիտի խենդենաս։ 35Տէրը քու ծունկերդ ու սրունքներդ, ու ոտքիդ թաթէն մինչև գլխուդ գագաթը գէշ պալարներով պիտի զարնէ, ու պիտի չկրնաս բժշկութիւն գտնել։ 36Տէրը պիտի տանի քեզ և քու վրադ դրած թագաւորդ այնպիսի ազգի մը` զոր ոչ դուն ճանչցած ես, ոչ ալ քու հայրերդ. և հոն օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, ծառայութիւն պիտի ընես։ 37Եւ դուն զարմանքի ու առակի և կատակի ենթակայ պիտի ըլլաս այն բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, ուր Տէրը քեզ պիտի տանի։ 38Արտիդ մէջ շատ սերմ պիտի հանես, ու քիչ արդիւնք պիտի ժողվես. քանզի մարախները պիտի ուտեն զանիկա: 39Այգիներ պիտի տնկես ու դարմանես, բայց գինին պիտի չխմես, ու խաղողը պիտի չժողվես. քանզի զանիկա որդերը պիտի ուտեն։ 40Քու ամէն սահմաններուդ մէջ ձիթենիներ պիտի ունենաս, բայց իւղով պիտի չօծուիս. քանզի քու ձիթենիներդ իրենց պտուղը պիտի թափեն։ 41Տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ծնանիս, բայց քուկդ պիտի չըլլան. քանզի անոնք գերութեան պիտի երթան։ 42Բոլոր ծառերդ ու երկրիդ պտուղները խառնիճը պիտի ուտէ։ 43Ձեր մէջ եղող օտարականը քեզմէ գերազանց պիտի ըլլայ, և շատ պիտի բարձրանայ, ու դուն շատ վար պիտի իջնես։ 44Անիկա քեզի փոխ պիտի տայ, բայց դուն անոր փոխ պիտի չտաս. անիկա գլուխ պիտի ըլլայ, բայց դուն պոչ պիտի ըլլաս։ 45Եւ այս բոլոր անէծքները քու վրադ պիտի գան, քեզ պիտի հալածեն, ու քեզի պիտի հասնին, մինչև որ դուն բնաջինջ ըլլաս. որովհետև քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդութիւն չըրիր, և քեզի հրամայած պատուիրանքները ու կանոնները չպահեցիր։ 46Եւ անոնք քու վրադ ու քու սերունդիդ վրայ նշան ու պիտի ըլլան յաւիտեան։ 47Որովհետև դուն ամէն բանին առատութեանը համար` ուրախութեամբ և յօժար սրտով քու Տէր Աստուծոյդ ծառայութիւն չըրիր, 48Անոր համար դուն անօթութիւնով, ծարաւով, մերկութիւնով ու ամէն բանի կարօտութիւնով ծառայութիւն պիտի ընես քու թշնամիներուդ, զորոնք Տէրը քու վրադ պիտի ղրկէ. և քու պարանոցիդ վրայ երկաթէ լուծ պիտի դնէ, մինչև որ բնաջինջ ընէ քեզ։ 49Տէրը քու վրադ հեռուէն, երկրի ծայրէն, արծիւի թռչելուն պէս ազգ մը պիտի բերէ, այնպիսի ազգ մը որուն լեզուն դուն չես հասկնար, 50Պինդերես ազգ մը, որ ծերերուն պատիւ պիտի չընէ, ու տղայոց վրայ գութ պիտի չունենայ. 51Եւ անիկա քու անասուններուդ պտուղը ու երկրիդ պտուղը պիտի ուտէ, մինչև որ դուն բնաջինջ ըլլաս. որովհետև քեզի ցորեն, իւղ, կովերուդ ծնունդները ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի չթողու, մինչև որ քեզ բնաջինջ ընէ։ 52Եւ անիկա քու բոլոր քաղաքներուդ մէջ քեզ պիտի պաշարէ, մինչև որ կործանին քու բարձր ու ամուր պարիսպներդ, որոնց դուն ապաւիներ ես, քու բոլոր երկրիդ մէջ. և քեզ պիտի պաշարէ քու ամէն քաղաքներուդ մէջ ու քու բոլոր երկրիդ մէջ, զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ։ 53Ու պաշարման ատեն և քու թշնամիիդ քեզ նեղը ձգած ատենը` քու որովայնիդ պտուղը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քու տղաքներուդ և աղջիկներուդ միսը, պիտի ուտես։ 54Ձեր մէջ քնքուշ ու խիստ փափուկ մարդը իր եղբօր ու իր ծոցի կնոջ և իր ողջ թողուցած որդիներուն ծուռ աչքով պիտի նայի, 55Որպէս զի իր ուտելու որդիներուն միսէն անոնց մէկո՛ւն չտայ. քանզի պաշարման ատեն, ու քու թշնամիիդ ամէն քաղաքներուդ մէջ քեզ նեղը ձգած ատենը, ուրիշ բան մը պիտի չմնայ անոր։ 56Ձեր մէջ խիստ քնքուշ ու փափուկ եղող կինը, որ իր փափկութենէն ու քնքուշ ըլլալէն ոտքը գետնի վրայ կոխելու սորված չէր, իր ծոցի էրկան, իր տղուն, իր աղջկան, 57Եւ իր ոտքերուն մէջտեղէն ելլող տղու ընկերին, ու իր ծնած զաւակներուն ծուռ աչքով պիտի նայի. քանզի պաշարման ատեն, ու քու թշնամիիդ քու քաղաքներուդ մէջ քեզ նեղը ձգած ատենը, ամէն բանին պակսելուն համար զանոնք ծածկաբար պիտի ուտէ։ 58Եթէ դուն այս գիրքին մէջ գրուած այս օրէնքին ամէն խօսքերը զգուշութեամբ չկատարես, և այս, ՔՈՒ ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾԴ, պատուական ու ահաւոր անունէն չվախնաս, 59Տէրն ալ անսովոր հարուածներով, մեծ ու երկարատև հարուածներով, գէշ ու երկայն հիւանդութիւններով պիտի զարնէ քեզ և քու սերունդդ. 60Ու Եգիպտոսի բոլոր հիւանդութիւնները` որոնցմէ դուն կը վախնաս, քու վրադ պիտի դարձնէ. ու անոնք քեզի պիտի փակչին։ 61Նաև այս օրինաց գիրքին մէջ չգրուած ամէն հիւանդութիւնը ու ամէն հարուածը Տէրը քու վրադ պիտի բերէ, մինչև որ դուն բնաջինջ ըլլաս։ 62Եւ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդութիւն չընելուդ համար, դուք որ շատութեան կողմանէ երկինքի աստղերուն պէս էիք, խիստ սակաւաթիւ պիտի մնաք։ 63Եւ ինչպէս Տէրը ձեզի աղէկութիւն ընելով ու ձեզ շատցնելով ձեր վրայ ուրախացաւ, այնպէս ալ ձեզ կորսնցնելով ու բնաջինջ ընելով ձեր վրայ պիտի ուրախանայ, և պիտի ջնջուիք այն երկրին վրայէն, ուր հիմա կ՚երթաք զանիկա ժառանգելու։ 64Եւ Տէրը երկրի մէկ ծայրէն մինչև միւս ծայրը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ պիտի ցրուէ քեզ, ու հոն ծառայութիւն պիտի ընես օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, զորոնք ոչ դուն ճանչցեր էիր՝ ոչ ալ քու հայրերդ։ 65Եւ այն ազգերուն մէջ հանգստութիւն պիտի չգտնես, ու ոտքիդ թաթին հանգչելու տեղ պիտի չըլլայ. և հոն Տէրը քեզի դողացող սիրտ, աչքի նուաղում ու հոգիի տրտմութիւն պիտի տայ. 66Եւ քու կեանքդ քու առջեւդ կախման մէջ պիտի ըլլայ, ու գիշեր ցորեկ պիտի վախնաս, և քու կեանքիդ վրայ ապահով պիտի չըլլաս. 67Ու սրտիդ ահուդողէն և աչքերուդ տեսած բաներէն, առաւօտուն պիտի ըսես, Երանի՜ թէ իրիկուն ըլլար, ու իրիկունն ալ պիտի ըսես, Երանի՜ թէ առտու ըլլար։ 68Եւ Տէրը նաւերով պիտի դարձնէ քեզ այն ճամբայով, որու համար քեզի ըսի թէ զանիկա մէյմըն ալ պիտի չտեսնես. և հոն ծառաներ ու աղախիններ ըլլալու պիտի ծախուիք ձեր թշնամիներուն, և ծախու առնող պիտի չըլլայ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981