Երկրորդ Օրինաց

30

Վերահաստատութեան և օրհնութեան պայմաններ

1Ու երբ այս քեզի ցուցուցած բաներս, թէ՛ անէծքը և թէ՛ օրհնութիւնը, քու վրադ գան, ու դուն զանոնք քու սրտիդ մէջ նորէն յիշես այն բոլոր ազգերուն մէջ, ուր քու Տէր Աստուածդ քեզ պիտի վռնտէ, 2Եւ դուն քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս, և բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգւովդ անոր խօսքին հնազանդիս, թէ՛ դուն և թէ՛ քու որդիներդ, ինչպէս ես այսօր քեզի պատուիրեցի, 3Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ գերութենէդ դարձնելով պիտի ողորմի քեզի, ու նորէն պիտի ժողվէ քեզ այն ամէն ազգերէն, որոնց մէջ քու Տէր Աստուածդ քեզ ցրուեր էր։ 4Եթէ մինչև երկինքին ծայրը վռընտուած ալ ըլլաս, քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ պիտի ժողվէ, ու անկէ պիտի առնէ քեզ: 5Եւ քու Տէր Աստուածդ քու հայրերուդ ժառանգած երկիրը պիտի դարձնէ քեզ, ու զանիկա պիտի ժառանգես, և քեզի աղէկութիւն ընելով քու հայրերէդ աւելի պիտի շատցնէ քեզ։ 6Եւ քու Տէր Աստուածդ քու սիրտդ և քու որդիներուդ սիրտը պիտի թլփատէ, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգւովդ սիրես որպէս զի ապրիս։ 7Եւ քու Տէր Աստուածդ այս բոլոր անէծքները քու թշնամիներուդ վրայ, քեզ ատողներուն ու հալածողներուն վրայ, պիտի դարձնէ։ 8Եւ դուն պիտի դառնաս, ու Տէրոջը խօսքին հնազանդիս, ու կատարես անոր բոլոր պատուիրանքները զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ։ 9Եւ քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքերուդ բոլոր գործերը, որովայնիդ պտուղը, անասուններուդ պտուղը ու երկրիդ պտուղը շատցնելով քեզի յաջողութիւն պիտի տայ. քանզի Տէրը աղէկութիւն ընելով նորէն պիտի ուրախանայ քու վրադ, ինչպէս քու հայրերուդ վրայ ուրախացաւ։ 10Երբ դուն քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս, ու այս օրինաց գիրքին մէջ գրուած անոր պատուիրանքները ու կանոնները պահես, և բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգւովդ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս։ 11Քանզի այս պատուիրանքը զոր ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, քեզի անիմանալի չէ, ու քեզմէ հեռու ալ չէ։ 12Անիկա երկինքը չէ, որ ըսես թէ Մեզի համար ո՞վ պիտի ելլէ երկինքը, և զանիկա մեզի պիտի բերէ որպէս զի լսենք ու ընենք: 13Եւ անիկա ծովուն անդիի կողմն ալ չէ, որ ըսես թէ Մեզի համար ծովուն անդիի կողմը ո՞վ պիտի անցնի, ու զանիկա մեզի պիտի բերէ որպէս զի լսենք ու ընենք: 14Քանզի այս խօսքը քեզի շատ մօտ է, քու բերնիդ ու սրտիդ մէջ է, որպէս զի դուն զանիկա կատարես։ 15Նայէ, ես այսօր կեանքը ու բարին, մահը ու չարը քու առջեւդ դրի. 16Որովհետև ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ որ քու Տէր Աստուածդ սիրես, անոր ճամբաներուն մէջ քալես, ու անոր պատուիրանքները, կանոնները ու դատաստանները պահես, որպէս զի ապրիս ու շատնաս, և քու Տէր Աստուածդ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր կ’երթաս ժառանգելու համար։ 17Բայց եթէ քու սիրտդ դառնայ, ու հնազանդութիւն չընես, հապա մոլորելով ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ընես ու զանոնք պաշտես, 18Ձեզի այսօր կը ծանուցանեմ որ անշուշտ պիտի կորսուիք, ու երկար կեանք պիտի չունենաք այն երկրին վրայ, ուր մտնելու և զանիկա ժառանգելու համար Յորդանանէ կ’անցնիք։ 19Այսօր երկինքը ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքը ու մահը, օրհնութիւնը ու անէծքը ձեր առջև դրի. ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիս դուն և քու սերունդդ: 20Քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ընես, ու անոր յարիս, (վասն զի քու կեանքդ ու օրերուդ երկայնութիւնը ան է,) որպէս զի դուն բնակիս այն երկրին վրայ զոր Տէրը քու հայրերուդ, Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի, ըրաւ անոնց տալու։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981