Երկրորդ Օրինաց
31
Յեսու Մովսէսին կը յաջորդէ
1Եւ Մովսէս գնաց բոլոր Իսրայէլի զրուցեց այս խօսքերը։ 2Ու անոնց ըսաւ, Ես այսօր հարիւր քսան տարեկան եմ, ալ ելլելու ու մտնելու կարողութիւն չունիմ. և Տէրը ինծի ըսաւ, Դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս։ 3Քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջևդ պիտի անցնի, ու այս ազգերը քու առջեւէդ ինք պիտի կորսնցնէ, և դուն անոնց ժառանգութեանը պիտի տիրես. ու Տէրոջը ըսածին պէս Յեսու պիտի անցնի քու առջեւդ։ 4Եւ Տէրը անոնց այնպէս պիտի ընէ, ինչպէս Ամօրհացւոց Սեհոն ու Ովգ թագաւորներուն և անոնց երկրին ըրաւ, զանոնք բնաջինջ ընելով. 5Եւ Տէրը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի տայ, ու իմ ձեզի բոլոր պատուիրածիս պէս պիտի ընէք անոնց։ 6Ուժովցէք ու քաջ եղէք, մի վախնաք, ու անոնց երեսէն մի զարհուրիք. քանզի քու Տէր Աստուածդ ինք քեզի հետ կ’երթայ, անիկա քեզ չթողուր ու քեզ երեսէ չձգեր։ 7Եւ Մովսէս Յեսուն կանչեց, ու բոլոր Իսրայէլի առջև անոր ըսաւ, Ուժովցիր ու քաջ եղիր, քանզի այս ժողովուրդը դուն պիտի տանիս այն երկիրը զոր Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու, ու զանիկա դուն պիտի ժառանգեցնես անոնց։ 8Եւ քու առջեւէդ գացողը նոյն ինքն Տէրն է. անիկա քեզի հետ պիտի ըլլայ. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ. մի վախնար ու մի զարհուրիր։
Օրէնքը, որ ամէն եօթը տարին անգամ մը պիտի կարդացուի
9Արդ Մովսէս այս օրէնքը գրեց, և զանիկա Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացի քահանաներուն, ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն տուաւ: 10Եւ Մովսէս անոնց պատուիրելով՝ ըսաւ, Ամէն եօթներորդ տարին, թողութեան տարիին ատենը, տաղաւարահարաց տօնին, 11Երբ բոլոր Իսրայէլ կու գայ քու Տէր Աստուծոյդ առջև երեւնալու անոր ընտրած տեղը, այն ատեն բոլոր Իսրայէլի առջև այս օրէնքը պիտի կարդաք, որպէս զի լսեն։ 12Ժողվեցէք ժողովուրդը. այրերը, կիները, տղաքները ու քաղաքներդ եղող օտարականդ, որպէս զի լսեն, և սորվելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնան, ու այս օրէնքին բոլոր խօսքերը պահեն ու կատարեն. 13Եւ անոնց չգիտցող տղաքները լսելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվին, բոլոր այն օրերուն մէջ որչափ որ պիտի ապրիք այն երկրին վրայ զոր ժառանգելու համար Յորդանանէ կ’անցնիք։ 14Եւ Տէրը Մովսէսի ըսաւ, Ահա մեռնելու օրերդ մօտեցան, Յեսուն կանչէ, ու ժողովքի խորանին մէջ ներկայացէք, որպէս զի անոր պատուէր տամ։ Ուստի Մովսէս ու Յեսու գացին ժողովքի խորանին մէջ ներկայացան։ 15Եւ Տէրը ամպի սիւնով խորանին մէջ երեւցաւ, ու ամպի սիւնը խորանին դրանը վրայ կայնեցաւ։ 16Եւ Տէրը Մովսէսի ըսաւ, Ահա դուն քու հայրերուդ հետ պիտի ննջես, ու այս ժողովուրդը պիտի ելլէ, ու իր գացած երկրին օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով՝ անոր մէջ շնութիւն պիտի ընէ, և զիս պիտի թողու, ու իրեն հետ ըրած ուխտս պիտի խափանէ։ 17Եւ այն օրը իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքելով՝ զանոնք պիտի մերժեմ, ու երեսս անոնցմէ պիտի ծածկեմ, ու բնաջինջ պիտի ըլլան. և շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպելով՝ այն օրը պիտի ըսեն, Մեր Աստուածը մեր մէջ չըլլալուն համար չէ՞ որ մենք այս չարիքները կը կրենք։ 18Եւ այն օրը ես իմ երեսս բոլորովին պիտի ծածկեմ անոնց ըրած բոլոր չարութեանը համար, որովհետև ուրիշ աստուածներու դարձան։ 19Ուստի հիմա այս երգը գրեցէք, ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուցէք, զանիկա անոնց բերանը դնելով, որպէս զի այս երգը Իսրայէլի որդիներուն մէջ ինծի վկայութեան համար ըլլայ։ 20Քանզի զանոնք պիտի տանիմ այն կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, որու համար ես անոնց հայրերուն երդում ըրի, և անոնք պիտի ուտեն ու կշտանան և գիրնան, ու ետքը ուրիշ աստուածներու դառնալով և անոնց ծառայութիւն ընելով՝ զիս պիտի արհամարհեն, ու իմ ուխտս պիտի խափանեն։ 21Իսկ երբ անոնք շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպին, այս երգը անոնց առջև վկայութիւն պիտի տայ. որովհետև անոնց զաւակներուն բերնէն պիտի չմոռցուի, վասն զի գիտեմ անոնց խորհուրդը՝ զոր այսօր կ’ընեն, քանի որ դեռ իմ երդումով խոստացած երկիրս տարած չեմ զանոնք։ 22Ուստի Մովսէս նոյն օրը այս երգը գրեց, ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուց զանիկա։ 23Եւ Տէրը Նաւէի որդւոյն Յեսուի պատուիրելով ըսաւ, Զօրացիր ու քաջ եղիր. քանզի Իսրայէլի որդիները դուն պիտի տանիս այն երկիրը, որու համար անոնց երդում ըրի. ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ։ 24Ու երբ Մովսէս այս օրէնքին բոլոր խօսքերը գիրքի մը մէջ գրեց լմնցուց, 25Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն պատուիրեց Մովսէս ու ըսաւ, 26Այս օրէնքին գիրքը առէք, ու զանիկա ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտի տապանակին քով դրէք, որպէս զի հոն քեզի դէմ վկայութեան համար ըլլայ. 27Քանզի ես քու ապստամբութիւնդ ու քու պարանոցիդ խստութիւնը գիտեմ. ահա այսօր, որ տակաւին ես ձեզի հետ ողջ եմ, դուք Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն կ’ընէք. ալ ո՛րչափ աւելի իմ մեռնելէս ետքը։ 28Ձեր ցեղերուն բոլոր ծերերը ու ձեր ոստիկանները իմ առջեւս ժողվեցէք, որպէս զի անոնց այս խօսքերը զրուցեմ, որ լսեն. և երկինքը ու երկիրը վկայ բռնեմ անոնց. 29Քանզի գիտեմ որ իմ մեռնելէս ետքը դուք անշուշտ անօրէնութիւն պիտի ընէք*, ու իմ ձեզի պատուիրած ճամբայէս պիտի խոտորիք. ու ետքի օրերը չարիքներու պիտի հանդիպիք, որովհետև Տէրոջը առջև չարութիւն պիտի ընէք, ու ձեր ձեռքերուն գործերովը զանիկա պիտի սըրդողցնէք։ 30Ուստի Մովսէս այս երգին խօսքերը Իսրայէլի բոլոր ժողովքին ականջներուն ամբողջ զրուցեց։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981