Երկրորդ Օրինաց
32
Մովսէսին երգը
1Ով երկինք, ականջ դրէք որ խօսիմ. Ու երկիր իմ բերնիս խօսքերը թող մտիկ ընէ։ 2Իմ խրատս անձրեւի պէս պիտի կաթի, Իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ, Անձրեւի պէս կանանչեղէնի վրայ. Ու առատ անձրեւներու պէս խոտի վրայ. 3Քանզի Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ. Մեր Աստուծոյն պատիւ տուէք։ 4Աստուծոյ գործը կատարեալ է. Քանզի անոր ամէն ճամբաները իրաւունք են. Աստուած հաւատարիմ է, ու անիրաւութիւն չունի. Անիկա արդար և ուղիղ է։ 5Ասոնք ապականեցան, իրենց արատը անոր որդիներուն չէ. Ասիկա խոտորած ու ծռած ազգ մըն է։ 6Տէրոջը ըրած հատուցումնիդ ատիկա՞ է, Ով յիմար ու անմիտ ժողովուրդ, Անիկա քու Հայրդ չէ՞, որ քեզ ստացաւ, Քեզ ստեղծեց ու քեզ հաստատեց։ 7Հին օրերը միտքդ բեր, Անցած դարերուն տարիները մտածէ. Քու հօրդ հարցուր, ու թող քեզի պատմէ. Քու ծերերուդ հարցուր, ու թող քեզի ըսեն. 8Երբ Բարձրեալը ազգերուն ժառանգութիւն բաժնեց, Ու Ադամի որդիները տարածեց, Ազգերուն սահմանները Իսրայէլի որդիներուն թիւովը դրաւ. 9Քանզի Տէրոջը բաժինը իր ժողովուրդն է, Ու իր ժառանգութեան վիճակը Յակոբ է։ 10Զանիկա ամայի երկրի մէջ, Անկոխ ու ահագին անապատի մէջ գտաւ, Զանիկա պաշտպանեց, խրատեց, Ու իր աչքին բիբին պէս պահեց։ 11Ինչպէս արծիւը իր բոյնը կը գրգռէ, Կը շարժի իր ձագերուն վրայ, Իր թեւերը կը տարածէ, զանոնք վրան կ’առնէ Ու թեւերովը կը վերցնէ, 12Այնպէս ալ Տէրը միայն զանիկա պտըտցուց, Ու անոր հետ օտար աստուած չկար։ 13Զանիկա երկրի բարձր տեղերուն վրայ հանեց, Որպէս զի արտերուն պտուղը ուտէ. Ու անոր՝ վէմէն մեղր, Ու ապառաժ վէմէն իւղ ծծել տուաւ. 14Անոր կովերու իւղ ու ոչխարներու կաթ կերցուց, Գառներու ու Բասանի խոյերու և նոխազներու ճարպով, Ու ցորենի ընտիր ալիւրով. Եւ խաղողին արիւնը՝ գինի խմեցիր։ 15Ու Իսրայէլ գիրնալով աքացեց. (Գիրցար, հաստըցար, իւղ կապեցիր.) Ու իր Արարիչ Աստուածը թողուց, Եւ իր փրկութեան Վէմը արհամարհեց։ 16Օտար աստուածներով անոր նախանձը գրգռեցին, Ու գարշելի բաներով զանիկա սրդողցուցին։ 17Դեւերուն զոհ մատուցին, և ոչ Աստուծոյ, Իրենց չգիտցած աստուածներուն, Նոր ու մօտերս եղողներուն, Որոնցմէ ձեր հայրերը չվախցան։ 18Դուն քեզ ծնանող Վէմը մոռցար, Ու քեզ ստեղծող Աստուածը միտքէդ հանեցիր։ 19Եւ Տէրը տեսնելով զզուեցաւ Որովհետև իր տղաքները ու աղջիկները զինք սրդողցուցին։ 20Ու ըսաւ, Անոնցմէ երեսս ծածկեմ, Ու տեսնեմ թէ անոնց վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ. Վասն զի անոնք ծուռ ազգ մըն են, Անհավատարիմ որդիներ են։ 21Անոնք չաստուածներով իմ նախանձս գրգռեցին, Ու իրենց սնոտի բաներովը զիս սրդողցուցին. Ես ալ անպիտան ժողովրդով մը անոնց նախանձը պիտի գրգռեմ, Ու անմիտ ազգով մը զանոնք պիտի սրդողցնեմ։ 22Քանզի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ, Եւ դժոխքին մինչև ներքին տեղերը պիտի այրէ, Երկիրը և անոր արմտիքը պիտի ուտէ, Ու լեռներուն հիմերը պիտի բռնկցնէ։ 23Անոնց վրայ չարիքներ պիտի դիզեմ, Իմ նետերս անոնց վրայ նետելով պիտի հատցնեմ։ 24Անօթութեամբ պիտի մաշին, Ու հրատագնապ տենդով և դառն ժանտախտով պիտի հատնին, Ու անոնց վրայ գազաններուն ակռաները Ու գետնի վրայ սողացողներուն թոյնը պիտի ղրկեմ։ 25Դուրսէն սուրը ու ներսէն վախը Երիտասարդները ու կոյս աղջիկները, Կաթնկեր տղաքները Ու ալեւոր ծերերը պիտի ջարդեն։ 26Ըսի որ զանոնք երկրի ամէն կողմը ցրուեմ, Անոնց յիշատակը մարդոց մէջէն վերցնեմ, 27Միայն թէ թշնամիին բարկութենէն վախցայ, Չըլլայ որ անոնց հակառակորդները ուրանան. Չըլլայ որ ըսեն թէ Այս բոլոր բանը ընողը Մեր բարձր ձեռքն է, և ոչ թէ Տէրը։ 28Քանզի անոնք խորհրդակորոյս ազգ մըն են, Ու անոնց մէջ իմաստութիւն չկայ։ 29Երանի՜ թէ իմաստուն ըլլային, ու այս բանը հասկնային, Եւ իրենց վախճանը մտածէին։ 30Մարդ մը հազարը ի՞նչպէս կը հալածէր, Ու երկու մարդ տասը հազարը ի՞նչպէս կրնար փախցնել, Եթե անոնց Վէմը զանոնք չծախէր, Ու Տէրը զանոնք չմատնէր։ 31Քանզի անոնց վէմը մեր Վէմին պէս չէ, Ու մեր թշնամիները այս բանին դատաւոր ըլլան. 32Վասն զի անոնց որթը Սոդոմի որթէն է, Ու Գոմորի արտէն է. Անոնց խաղողները թունաւոր խաղողներ են, Ու անոնց ողկոյզները դառն են. 33Անոնց գինին վիշապներուն ժանտութիւնը Ու իժերուն մահառիթ թոյնն է։ 34Ասիկա իմ քովս պահուած, Ու իմ շտեմարաններուս մէջ կնքուած չէ՞ արդեօք։ 35Իմս է վրէժխնդրութիւնը ու հատուցումը. Անոնց ոտքը սահմանուած ժամանակին պիտի գլորի. Վասն զի անոնց կորստեան օրը մօտ է, Ու անոնց գլխուն գալիքները կ’արտորան։ 36Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը պիտի դատէ, Ու իր ծառաներուն վրայ պիտի գթայ։ Որովհետև պիտի տեսնէ անոնց տկարութիւնը, Երբ գոցուած ու ձգուած չկայ. 37Եւ պիտի ըսէ, Ո՞ւր են անոնց աստուածները, Այն վէմը՝ որուն վրայ իրենց յոյսը դրեր էին, 38Անոնց զոհերուն ճարպը ուտողները, Ու թափելու նուէրներուն գինին խմողները. Թող ելլեն ու ձեզի օգնեն, Եւ ձեզի պաշտպան ըլլան։ 39Հիմա նայեցէք, որ միայն ԵՍ ԵՄ, Ու ինծմէ ուրիշ Աստուած չկայ. Ես կը մեռցնեմ ու ես կ’ապրեցնեմ. Ես կը զարնեմ ու ես կը բժշկեմ, Ու իմ ձեռքէս ազատող մը չկայ։ 40Քանզի ձեռքս երկինք վերցնելով կ’ըսեմ, Ես յաւիտեան կենդանի եմ։ 41Եթէ փայլակի պէս սուրս սրեմ, Ու ձեռքս դատաստանի երկնցնեմ, Իմ թշնամիներուս վրէժխնդրութիւն պիտի ընեմ, Եւ զիս ատողներուն հատուցում ընեմ։ 42Սպաննուածներուն ու գերիներուն արիւնէն, Թշնամեաց իշխաններուն գլխէն Իմ նետերս արիւնով պիտի արբեցնեմ, Ու իմ սուրս միս պիտի ուտէ։ 43Ով ազգեր, անոր ժողովուրդին ուրախակից եղէք, Քանզի իր ծառաներուն արեան վրէժը պիտի խնդրէ. Իր թշնամիներէն վրէժ պիտի առնէ, Եւ իր երկրին ու ժողովուրդին քաւութիւն պիտի ընէ։ 44Ուստի Մովսէս Նաւէեան Յեսուի հետ եկաւ, ու այս երգին բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն զրուցեց։ 45Ու երբ Մովսէս այս ամէն խօսքերը բոլոր Իսրայէլի զրուցեց լմնցուց, 46Անոնց ըսաւ, Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը զորոնք այսօր ձեզի վկայութիւն բերի, որպէս զի զանոնք ձեր տղոց պատուիրէք, որ այս օրէնքին ամէն խօսքերը պահեն ու կատարեն։ 47Քանզի ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, որովհետև ձեր կեանքն է. ու այս բանով երկայնակեաց պիտի ըլլաք այն երկրին վրայ, որու համար Յորդանանէ կ՛անցնիք զանիկա ժառանգելու։ 48Եւ Տէրը նոյն օրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 49Այդ Աբարիմ լեռը ելիր, Մովաբի երկրին մէջ եղող Երիքովի դիմացի Նաբաւ լեռը, ու տես Քանանու երկիրը զոր Իսրայէլի որդիներուն կալուածք պիտի տամ. 50Եւ դուն այն քու ելած լեռանդ վրայ մեռնիս, ու քու ժողովուրդիդ խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն Հովր լեռան վրայ մեռաւ, ու իր ժողովուրդին խառնուեցաւ. 51Որովհետև Իսրայէլի որդիներուն մէջ, Սին անապատը, Կադէսի հակառակութեան ջուրերուն վրայ ինծի անհնազանդ եղաք. քանզի Իսրայէլի որդիներուն մէջ զիս չփառաւորեցիք։ 52Ուստի այն երկիրը հեռուէն պիտի տեսնես, բայց դուն հոն պիտի չմտնես, այն երկիրը զոր ես Իսրայէլի որդիներուն կու տամ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981