Երկրորդ Օրինաց

33

Մովսէս Իսրայէլի ցեղերը կ’օրհնէ

1Եւ այս է այն օրհնութիւնը, որով Աստուծոյ մարդը իր մեռնելէն առաջ Իսրայէլի որդիները օրհնեց. 2Ու ըսաւ, Տէրը Սինայէ եկաւ, Ու Սէիրէ անոնց երեւցաւ, Եւ Փառան լեռնէն փայլեցաւ, Ու բիւրաւոր սուրբերով եկաւ. Անոր աջ ձեռքէն օրէնքին կրակը ելաւ անոնց։ 3Այո, անիկա ժողովուրդները կը սիրէ. Բոլոր սուրբերը քու ձեռքդ են. Ու անոնք քու խօսքերդ ընդունելու համար Քու ոտքերուդ քով կը նստին։ 4Մովսէս մեզի տուաւ օրէնքը, Յակոբի ժողովքին ժառանգութիւնը։ 5Ու երբ ժողովուրդին գլխաւորները Իսրայէլի ցեղերուն հետ մէկտեղ ժողվուեցան, Ինք Իսրայէլի մէջ եղաւ։ 6Ռուբէն թող ապրի ու չմեռնի, Եւ անոր ժողովուրդը շատուոր ըլլան 7Եւ Յուդայի համար այս բանը ըսաւ, Ով Տէր, Յուդայի ձայնը լսէ, Ու զանիկա իր ժողովուրդին տար. Անոր ձեռքերը իրեն բաւական ըլլան, Եւ անոր թշնամիներուն դէմ օգնական եղիր։ 8Ու Ղեւիի համար ըսաւ, Քու Թումիմդ և Ուրիմդ քու սուրբ մարդուդ ըլլայ, Զոր Մասսայի մէջ փորձեցիր, Ու Մերիպայի ջուրին վրայ անոր հետ վիճեցար։ 9Ան որ իր հօրը ու մօրը համար Զանիկա չտեսայ՝ ըսաւ, Եւ իր եղբայրները չճանչցաւ, Ու իր որդիները չգիտցաւ. Քանզի անոնք քու խօսքիդ զգուշութիւն ըրին, Ու քու ուխտդ պահեցին: 10Քու դատաստաններդ Յակոբի, Ու քու օրէնքդ Իսրայէլի անոնք պիտի սորվեցնեն. Քու առջեւդ պիտի մատուցանեն, Ու քու սեղանիդ վրայ ողջակէզ։ 11Ով Տէր, անոր զօրութիւնը օրհնէ, Ու անոր ձեռքին գործը ընդունէ, Անոր վրայ ելլողներուն ու անոր թշնամիներուն մէջքը կոտրէ, Որպէս զի մէյմըն ալ չելլեն։ 12Բենիամինի համար ըսաւ, Տէրոջը սիրելին անոր քով ապահովութեամբ բնակի. միշտ զանիկա պաշտպանէ, Ու անոր ուսերուն մէջ բնակի։ 13Ու Յովսէփի համար ըսաւ, Անոր երկիրը Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլայ Երկինքի ընտիր պարգեւներովը, ցօղովը, Ու վարը պառկող անդունդներովը, 14Եւ արեգակէն յառաջ եկած ընտիր բերքերովը, Ու ամիսներուն ընտիր արդիւնքներովը, 15Եւ հին լեռներուն ընտիր պտուղներովը, Ու մշտնջենաւոր բլուրներուն ընտիր պարգեւներովը, 16Եւ երկրի ու անոր առատութեանը ընտիր պարգեւներովը, Ու մորենիին մէջ բնակողին բարեհաճութիւնովը. Ասոնք Յովսէփի գլխուն վրայ, Իր եղբայրներուն մէջ երեւելի եղողին գագաթին վրայ, թող գան։ 17Անիկա իր ցուլին առջինեկին պէս գեղեցկութիւն ունի, Ու իր եղջիւրները միեղջերուի եղջիւրներուն կը նմանին. Անոնցմով պիտի զարնէ ժողովուրդները Մինչև երկրի ծայրերը. Ասոնք են Եփրեմի բիւրաւորները Ու Մանասէի հազարաւորները։ 18Եւ Զաբուղոնի համար ըսաւ, Ուրախացիր, ով Զաբուղոն, քու ելած ատենդ, Ու դուն, ով Իսաքար, քու վրաններուդ մէջ: 19Ժողովուրդները լեռը հրաւիրելով՝ Հոն արդարութեան զոհեր պիտի մատուցանեն. Քանզի անոնք ծովերուն առատութիւնը Ու աւազին ծածուկ գանձերը պիտի ծծեն։ 20Ու Գադի համար ըսաւ, Գադը ընդարձակողը օրհնեալ ըլլայ. Մատակ առիւծի պէս կը նստի, Ու թեւեր և գլուխներ կը գիշատէ. 21Եւ անիկա երկրին առաջին մասը իրեն յարմար տեսաւ. Քանզի հոն օրէնսդրին տուած բաժինին մէջ պահուեցաւ, Եւ ժողովուրդին գլխաւորներովը գալով՝ Տէրոջը արդարութիւնը ու անոր դատաստանները Իսրայէլի հետ ի գործ դրաւ։ 22Եւ Դանի համար ըսաւ, Դան առիւծի ձագ է, Անիկա Բասանէ պիտի ցաթկէ։ 23Ու Նեփթաղիմի համար ըսաւ, Նեփթաղիմ Աստուծոյ շնորհքովը կշտացած, Եւ Տէրոջը օրհնութիւնովը լցուած, Արեւմուտքը ու հարաւը պիտի ժառանգէ։ 24Ու Ասերի համար ըսաւ, Ասեր որդիներէ օրհնուի. Իր եղբայրներուն հաճոյ ըլլայ, Ու ոտքը իւղի մէջ թաթխէ։ 25Քու կոշիկներդ երկաթէ ու պղնձէ ըլլան, Եւ քու ոյժդ քու օրերուդ չափ ըլլայ։ 26Իսրայէլի Աստուծոյն պէս չկայ, Անիկա քեզի օգնութիւն ընելու համար Իր մեծ վայելչութիւնովը երկինքներու Եւ ամպերու վրայ կը նստի։ 27Յաւիտենական Աստուածը քեզի ապաւէն է, Ու անոր յաւիտենական բազուկները քեզի պաշտպան են. Քանզի թշնամիները քու առջեւէդ պիտի վռնտէ, Ու Զանոնք կոտրէ՝ պիտի ըսէ։ 28Եւ ապահովութեամբ առանձին պիտի բնակի. Յակոբի աղբիւրը ցորենի ու գինիի երկրին մէջ պիտի ըլլայ, Ու անոր երկինքէն ցօղ պիտի կաթի։ 29Երանի՜ քեզ, ով Իսրայէլ. ո՞ր ժողովուրդը քեզի պէս Տէրոջը ձեռքով փրկուած է. Վասն զի քու օգնութեանդ ասպարը Ու յաղթութեանդ սուրը անիկա է. Քու թշնամիներդ քեզի պիտի խոնարհին, Ու անոնց բարձր տեղերը պիտի կոխես։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)