Երկրորդ Օրինաց
5
Տասը պատուիրանքը
1Եւ Մովսէս բոլոր Իսրայէլը կանչեց ու անոնց ըսաւ, Լսէ, ով Իսրայէլ, այս կանոնները ու դատաստանները զորոնք ես այսօր ձեր ականջներուն կը խօսիմ. սորվեցէք զանոնք և զգուշութեամբ ի գործ դրէք: 2Մեր Տէր Աստուածը Քորեբի վրայ մեզի հետ ուխտ ըրաւ: 3Տէրը այս ուխտը մեր հայրերուն հետ չըրաւ, հապա մեզի հետ, որ մենք ամէնս այսօր հոս ողջ ենք: 4Տէրը լեռանը վրայ կրակին մէջէն մեզի հետ դէմ առ դէմ խօսեցաւ. 5(Ու ես այն ատեն Տէրոջը ու ձեր մէջտեղ կայնեցայ, որպէս զի Տէրոջը խօսքերը ձեզի պատմեմ. վասն զի դուք կրակէն վախնալով լեռը չելաք.) և ըսաւ, 6Ես եմ Եհովա քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի: 7Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս: 8Դուն քեզի կուռք չշինես, ոչ ալ վերը երկինքի մէջ, կամ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. 9Անոնց երկրպագութիւն չընես, ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես, քու Տէր Աստուածդ, նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ, մինչև անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը, որոնք կ’ատեն զիս. 10Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչև հազար ազգը, որոնք կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն: 11Տէրոջը քու Աստուծոյդ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. Վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ: 12Հանգստութեան օրը զգուշութիւն ըրէ սուրբ պահելու, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց։ 13Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես. 14Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը քու Աստուծոյդ հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ոչ դուն, ոչ քու որդիդ, ոչ քու աղջիկդ, ոչ քու ծառադ ու աղախինդ, ոչ քու եզդ ու էշդ, ոչ քու ամէն անասունդ, ոչ ալ քու տանդ մէջ եղած օտարականդ, որպէս զի քու ծառադ ու աղախինդ ալ քեզի պէս հանգստանայ: 15Եւ միտքդ բերես որ դուն Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր, ու քու Տէր Աստուածդ զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով քեզ անկէ հանեց. անոր համար քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց որ հանգստութեան օրը պահես: 16Պատուէ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան, ու քեզի աղէկ ըլլայ այն երկրին վրայ զոր քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ: 17Սպանութիւն մի ըներ: 18Ու շնութիւն մի ըներ: 19Եւ գողութիւն մի ըներ: 20Ու քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի ըներ: 21Եւ քու դրացիիդ կնոջ մի ցանկար. քու դրացիիդ տանը, կամ անոր արտին, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն, և քու դրացիիդ ամենեւին մէկ բանին մի ցանկար: 22Տէրը այս խօսքերը լեռանը վրայ կրակին, ամպին ու մառախուղին մէջէն բարձր ձայնով ձեր բոլոր ժողովքին զրուցեց, և ուրիշ բան չաւելցուց. ու երկու հատ քարէ տախտակի վրայ գրեց զանոնք, ու ինծի տուաւ:
Ժողովուրդը կը վախնայ
23Իսկ լեռանը կրակով վառած ատենը, երբ խաւարին մէջէն անոր ձայնը լսեցիք, իմ քովս եկաք դուք, այսինքն ձեր ցեղերուն բոլոր գլխաւորները և ձեր ծերերը, ու ըսիք, 24Ահա մեր Տէր Աստուածը իր փառքը ու մեծութիւնը մեզի ցուցուց, ու անոր ձայնը կրակին մէջէն լսեցինք. այսօր տեսանք որ Աստուած մարդու հետ խօսեցաւ, ու մարդը ողջ մնաց: 25Եւ հիմա մենք ինչո՞ւ մեռնինք. (քանզի այս մեծ կրակը մեզ պիտի սպառէ.) եթէ մենք մեր Տէր Աստուծոյն ձայնը մէյմըն ալ լսելու ըլլանք, պիտի մեռնինք: 26Վասն զի բոլոր մարմինէն ո՞վ է որ կրակի մէջէն խօսող կենդանի Աստուծոյն ձայնը մեզի պէս լսեց ու ողջ մնաց: 27Դուն մօտեցիր և մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր ըսելու խօսքերը լսէ, ու մեր Տէր Աստուածը քեզի հետ ինչ որ խօսի, դուն մեզի ըսէ. մենք մտիկ կ’ընենք ու կը կատարենք: 28Եւ Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսեց, երբ դուք ինծի կը խօսէիք, ու Տէրը ինծի ըսաւ, Այս ժողովուրդին քեզի ըսած խօսքերուն ձայնը լսեցի. անոնց ամէն ըսածը շիտակ է: 29Երանի՜ թէ անոնց սիրտն ալ այնպէս ըլլար, որ ինծմէ վախնալով իմ բոլոր պատուիրանքներս միշտ պահէին, որպէս զի իրենց աղէկ ըլլար, ու իրենց որդիներուն ալ յաւիտեան: 30Գնա անոնց ըսէ, Դուք ձեր վրանները դարձեք: 31Բայց դուն հոս ինծի հետ կեցիր, ու բոլոր անոնց սորվեցնելու պատուիրանքնեդ, կանոններդ ու դատաստաններդ քեզի ըսեմ, որպէս զի զանոնք կատարեն այն երկրին մէջ զոր ես անոնց կու տամ ժառանգութեան համար: 32Արդ զգոյշ եղէք ձեր Տէր Աստուծոյն ձեզի պատուիրածին պէս ընելու, ու աջ դին կամ ձախ դին չխոտորիք: 33Ձեր Տէր Աստուծոյն ձեզի պատուիրած բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք, որպէս զի ապրիք, ու ձեզի աղէկ ըլլայ, և ձեր ժառանգելու երկրին մէջ երկայնակեաց ըլլաք:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981