Երկրորդ Օրինաց

6

Մեծ պատուիրանը

1Եւ ասոնք են այն պատուիրանքները, կանոնները ու դատաստանները, զորոնք ձեր Տէր Աստուածը ինծի պատուիրեց ձեզի սորվեցնելու համար, որպէս զի ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկրին մէջ ի գործ դնէք զանոնք. 2Որպէս զի քու Տէր Աստուծմէդ վախնաս, ու անոր ամէն կանոնները ու պատուիրանքները, զորոնք ես քեզի կը պատուիրեմ, քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ պահես, թէ՛ դուն, թէ՛ քու որդիդ և թէ՛ քու որդւոյդ որդին, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան: 3Արդ, ով , մտիկ ըրէ, ու զգուշութիւն ըրէ զանոնք կատարելու, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ, և կաթ ու մեղր բղխող երկրին վրայ խիստ շատնաս, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի խոստացաւ: 4Ով Իսրայէլ, մտիկ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մի միայն* Տէր է: 5Ու քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգւովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրես: 6Եւ այս խօսքերը զորոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մեջ ըլլան. 7Ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին և կրկին անգամ սորվեցնես. և թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ, և թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ անոնց վրայով խօսիս. 8Եւ զանոնք նշանի համար ձեռքիդ վրայ կապես, ու ճակատնոցի համար աչքերուդ մէջտեղը ըլլան. 9Նաև անոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ և դռներուդ վրայ գրես:

Անհնազանադութեան դէմ զգուշացում

10Ու երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, որուն համար քու հայրերուդ, Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի, ըրաւ, որ քեզի մեծ ու գեղեցիկ քաղաքներ տայ, զորոնք դուն շինած չես, 11Եւ ամէն բարիքներով լեցուած տուներ` զորոնք դուն լեցուցած չես, ու փորուած ջրհորներ` զորոնք դուն փորած չես, այգիներ ու ձիթենիներ` զորոնք դուն տնկած չես ու երբ ուտես ու կշտանաս, 12Զգոյշ կեցիր, որ չըլլայ թէ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանող Տէրը մոռնաս: 13Քու Տէր Աստուծմէդ վախնաս, ու զանիկա պաշտես, և անոր անունովը երդում ընես: 14Օտար աստուածներուն, ձեր բոլորտիքը եղող ժողովուրդներուն աստուածներուն, ետեւէն չերթաք. 15(Վասն զի քու Տէր Աստուածդ որ քու մէջտեղդ է, նախանձոտ է) չըլլայ որ քու Տէր Աստուծոյդ բարկութիւնը քու վրադ բորբոքի, ու քեզ երկրի երեսէն բնաջինջ ընէ: 16Ձեր Տէր Աստուածը չփորձէք, ինչպէս Մասսայի մէջ փորձեցիք: 17Ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները, ու ձեզի պատուիրած վկայութիւնները ու կանոնները զգուշութեամբ պահէք: 18Եւ Տէրոջը առջև ինչ որ ուղիղ ու հաճելի է, զայն ընես, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ, ու մտնես ժառանգես այն երկիրը զոր Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու, 19Եւ քու ամէն թշնամիներդ քու առջեւէդ հալածես, ինչպէս Տէրը ըսաւ: 20Երբ վաղը քու որդիդ քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ Ի՞նչ պիտի ըլլան այն վկայութիւնները, կանոնները ու դատաստանները զորոնք մեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց. 21Այն ատեն քու որդւոյդ պիտի ըսես, Մենք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնի ծառայ էինք, և Տէրը զօրաւոր ձեռքով մեզ Եգիպտոսէ հանեց. 22Նաև Տէրը մեր աչքերուն առջև Եգիպտոսի վրայ, Փարաւոնի վրայ ու անոր բոլոր տանը վրայ մեծ ու սոսկալի նշաններ ու հրաշքներ ըրաւ. 23Եւ մեզ անկէ հանեց, որպէս զի մեզ տանի ու մեր հայրերուն երդումով խոստացած երկիրը տայ մեզի: 24Ուստի Տէրը մեզի պատուիրեց որ այս բոլոր կանոնները ի գործ դնենք, ու մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք, որպէս զի մեզի աղէկ ըլլայ միշտ, ու ողջ պահէ մեզ, ինչպէս ենք այսօր: 25Եւ եթէ մեր Տէր Աստուծոյն առջև այս բոլոր պատուիրանքները զգուշութեամբ կատարենք, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց, այն մեզի արդարութիւն պիտի սեպուի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981