Երկրորդ Օրինաց

8

Լաւ երկիր մը պիտի ստացուի

1Ամէն պատուիրանքները զորոնք ես այսօր կը պատուիրեմ ձեզի, զգոյշ եղէք որ ընէք, որպէս զի ապրիք ու շատնաք ու մտնէք ժառանգէք այն երկիրը, զոր Տէրը ձեր հայրերուն երդումով խոստացաւ: 2Ու միտքդ պահէ այն բոլոր ճամբան, որ քու Տէր Աստուածդ այս քառասուն տարին քեզ անապատին մէջ պտըտցուց, քեզ խոնարհեցնելու, փորձելու ու սրտիդ մէջինը իմանալու համար, թէ արդեօք դուն անոր պատուիրանքները պիտի պահե՛ս թէ ոչ: 3Եւ Տէրը քեզ խոնարհեցուց, անօթեցուց և մանանայով կերակրեց, զոր ոչ դուն կը ճանչնայիր և ոչ քու հայրերդ, քեզի իմացնելու համար թէ ոչ միայն հացով կ՚ապրի մարդ, հապա մարդը Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ՚ապրի: 4Այս քառասուն տարին քու վրայէդ լաթերդ չհինցան, ու ոտքերդ չուռեցան: 5Եւ սրտիդ մէջ գիտնաս որ ինչպէս մարդ մը կը խրատէ իր որդին, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ այնպէս կը խրատէ: 6Ուրեմն քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները պահես, որպէս զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես, ու անկէ վախնաս: 7Քանզի քու Տէր Աստուածդ աղէկ մը կը տանի քեզ, այնպիսի երկիր մը` որ դաշտերէ ու լեռներէ բղխող գետերով, աղբիւրներով ու խորունկ ջուրերով լեցուն է. 8Այնպիսի երկիր մը` որ ցորենով, գարիով, այգիներով, թզենիներով և նռնենիներով լեցուն է. իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր. 9Այնպիսի երկիր մը` ուր կուշտ պիտի ուտես, ու անոր մէջ բնաւ բան մը պիտի չպակսի քեզի. երկիր մը` որուն քարերը երկաթ են, ու անոր լեռներէն պղինձ պիտի հանես: 10Ուստի երբ ուտես ու կշտանաս, քու Տէր Աստուածդ օրհնես այն աղէկ երկիրը քեզի տալուն համար:

Տէրը մոռնալուն դէմ զգուշացում

11Քու անձիդ զգուշութիւն ըրէ, չըլլայ որ քու Տէր Աստուածդ մոռնաս ու չպահես անոր պատուիրանքները, դատաստանները ու կանոնները զորոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ: 12Ու երբ ուտես ու կշտանաս, և գեղեցիկ տուներ շինես ու բնակիս անոնց մէջ, 13Ու երբ արջառներդ և հօտերդ շատնան, ու նաև արծաթդ ու ոսկիդ շատնայ, և քու ամէն ունեցածդ շատնայ, 14Չըլլայ որ սիրտդ հպարտանայ, և քու Տէր Աստուածդ մոռնաս, որ Եգիպտացւոց երկրէն, ծառայութեան տունէն, քեզ հանեց: 15Եւ այն մեծ ու ահագին, և կիզող օձերով ու կարիճներով լեցուն, չոր ու անջուր անապատին մէջ քեզ պտըտցուց, ու քեզի ապառաժ քարէն հանեց. 16Եւ անապատին մէջ քու հայրերուդ չճանչցած մանանայովը քեզ կերակրեց, որպէս զի քեզ խոնարհեցնէ ու փորձէ, և վերջը քեզի բարիք ընէ. 17Եւ սրտիդ մէջ չըսես թէ Այս հարստութիւնը իմ կարողութիւնովս ու իմ ձեռքիս ուժովը վաստկեցայ. 18Հապա քու Տէր Աստուածդ յիշես, քանզի հարստութիւն ստանալու համար քեզի ոյժ տուողը ան է, որպէս զի քու հայրերուդ իր երդումով ըրած ուխտը հաստատէ, ինչպէս այսօր կը տեսնես: 19Եւ եթէ քու Տէր Աստուածդ մոռնալով ուրիշ աստուածներու ետեւէ երթաս, զանոնք պաշտես ու անոնց երկրպագութիւն ընես, ես այսօր ձեզի կը վկայեմ որ դուք բոլորովին պիտի կորսուիք. 20Այն ազգերուն պէս զորոնք Տէրը ձեր առջեւէն պիտի կորսնցնէ, այնպէս որ պիտի կորսուիք, վասն զի ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքը մտիկ չըրիք:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)