Ժողովող գիրք

1

Կեանքը անօգուտ է

1Երուսաղէմի մէջ թագաւորող Դաւիթի որդւոյն Ժողովողին խօսքերը: 2Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը, Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է։ 3Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդ Արևուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքէն։ 4Ազգ կ’երթայ և ազգ կու գայ, Բայց միշտ կը կենայ։ 5Նաև արևը կը ծագի ու արևը կը մտնէ, Եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ։ 6Հովը դէպ ի հարաւ կ’երթայ, Ու դէպ ի հիւսիս կը պտըտի. Եւ հովը ասդին անդին պտըտելով Կ’երթայ, իր շրջաններուն համեմատ կը դառնայ։ 7Ամէն գետերը ծովը կ’երթան, Բայց ծովը չլեցուիր. Այն տեղը ուր գետերը կ’երթային, Նորէն հոն կ’երթան։ 8Ամէն խօսքերը կը հատնին*. Մարդս խօսելու կարող չէ. Աչքը տեսնելով չկշտանար, Ու ականջը լսելով չլեցուիր։ 9Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ. Ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի. Եւ արևուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։ 10Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը՝ Որու համար կրնայ ըսուիլ, Ահա ասիկա նոր է. Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ Անիկա արդէն եղած էր։ 11Առաջուան բաներուն յիշատակը չկայ, Ու ետքը ըլլալու բաներուն ալ՝ Ետքը եկողներուն մէջ յիշատակը պիտի չըլլայ։

Փիլիսոփային փորձառութիւնը

12Ես Ժողովող Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղայ։ 13Եւ իմ սիրտս երկինքի տակ բոլոր եղածները Իմաստութեամբ փնտռելու ու քննելու տուի. այս չար զբաղմունքը մարդոց որդիներուն տուաւ, Որպէս զի անով զբաղին։ 14Արևուն տակ բոլոր գործուած գործերը տեսայ, Եւ ահա ամէնն ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք* են։ 15Այն որ ծուռ է, չկրնար շիտկուիլ, Ու այն որ պակաս է, չկրնար համրուիլ։ 16Ես իմ սրտիս մէջ խօսեցայ ու ըսի, Ահա ես մեծցայ, ու իմաստութիւն ստացայ Երուսաղէմի մէջ ինծմէ առաջ եղողներուն ամէնէն աւելի. Եւ իմ սիրտս շատ իմաստութիւն ու գիտութիւն տեսաւ։ 17Եւ իմ սիրտս իմաստութիւնը ճանչնալու, Ու խենդութիւնը և յիմարութիւնը գիտնալու տուի. Հասկցայ որ ասիկա ալ հոգիի տանջանք է։ 18Վասն զի շատ իմաստութեան մէջ շատ տրտմութիւն կայ. Ու իր գիտութիւնը աւելցնողը իր վիշտը կ’աւելցնէ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981