Ժողովող գիրք

11

Ի՞նչ կ’ընէ իմաստունը

1Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ, Վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես։ 2Եօթնին և ութին ալ բաժին տուր, Վասն զի չես գիտեր թէ երկրի վրայ ի՛նչ պատուհաս պիտի ըլլայ։ 3Եթէ ամպերը լեցուն ըլլան, Երկրի վրայ անձրև կը թափեն. Ու երբ ծառ մը դէպ ի հարաւ կամ դէպ ի հիւսիս իյնայ, Այն ծառը ինկած տեղը կը մնայ։ 4Հովը դիտողը չկրնար ցանել, Եւ ամպերուն նայողը չկրնար հնձել։ 5Ինչպէս դուն հովին ճամբան ո՛րն ըլլալը, Ու յղիին որովայնին մէջ ոսկորներուն ի՛նչպէս կազմուիլը չես գիտեր, Նոյնպէս ամենաստեղծ Աստուծոյն գործը չես գիտեր։ 6Առտուանց քու սերմդ ցանէ, Եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի թողուր. Վասն զի չես գիտեր թէ ո՛րը օգտակար պիտի ըլլայ, ա՞յս թէ այն, Կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան: 7Իրաւ որ լոյսը քաղցր է, Ու արևը տեսնելը աչքերու ախորժելի է. 8Բայց թէև մարդ մը շատ տարի ապրի, Ու անոնց ամէնուն մէջ ուրախանայ, Խաւարի օրերն ալ յիշելու է, Վասն զի անոնք շատ պիտի ըլլան. Բոլոր գալիքը ունայնութիւն է։

Խրատ երիտասարդին

9Ով երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր, Ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ. Եւ քու սրտիդ ճամբաներովը Ու աչքերուդ նայուածքովը քալէ. Բայց գիտցիր որ ասոնց ամէնուն համար քեզ դատաստանի պիտի բերէ։ 10Եւ քու սրտէդ տրտմութիւնը վերցուր, Ու մարմինէդ չարութիւնը հեռացուր, Վասն զի մանկութիւնը ու երիտասարդութիւնը ունայնութիւն են։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)