Ժողովող գիրք
12
1Եւ քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ Դեռ թշուառութեան օրերը չեկած, Ու այն տարիները չհասած, Որոնց մէջ պիտի ըսես թէ Անոնց չեմ հաւնիր. 2Արևը, լոյսը, լուսինը ու աստղերը չխաւարած, Ու անձրևին ետևէն ամպերը չդարձած. 3Այն օրը որ տանը պահապանները պիտի դողան, Ու զօրաւոր մարդիկը պիտի ծռին, Եւ աղացողները քիչ մնալնուն համար պիտի դադարին, Ու պատուհաններէն նայողները պիտի մթննան. 4Ու երբ աղօրիքին ձայնը տկարանայ, Փողոցներուն մէջ դռները պիտի գոցուին, Եւ թռչունի ձայնով պիտի ելլեն, Ու բոլոր երգեցող աղջիկները նկուն պիտի ըլլան. 5Եւ բարձրէն պիտի վախնան, Ու ճամբուն մէջ վախկոտ պիտի ըլլան. Եւ նշենին պիտի ծաղկի, Ու մարախը ծանրութիւն պիտի սեպուի. Եւ ախորժակը պիտի դադարի. Վասն զի մարդ իր յաւիտենական տունը կ’երթայ, Ու լացողները փողոցներուն մէջ պիտի շրջին. 6Դեռ արծաթէ թելը չփրթած, Ու ոսկիէ բաժակը չկոտրած, Եւ սափորը աղբիւրին քով չփշրած, Ու ջրհորին վրայի անիւը չկոտրած: 7Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս. Ու հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ՝ որ զանիկա տուաւ։ 8Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը, Ամէն բան ունայնութիւն է։
Ազդարարութիւն
9Եւ որչափ որ Ժողովողը իմաստուն էր, Այնչափ ալ ժողովուրդին գիտութիւն սորվեցուց. Եւ խորհելով ու քննելով Շատ առակներ շարադրեց։ 10Ժողովողը փնտռեց որ ախորժելի խօսքեր գտնէ. Ու գրուածը ուղիղ և ճշմարիտ խօսքեր են։ 11Իմաստուններուն խօսքերը խթաններու պէս են, Ու ժողովներու տէրերէն գամուած բևեռներու պէս՝ մէկ հովիւէ տրուած։ 12Վերջապէս, որդեակ իմ, անոնցմէ խրատ առ. Շատ գիրք շինելը ծայր չունի, Ու շատ կարդալը մարմինը կը յոգնեցնէ։ 13Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք. Աստուծմէ վախցիր ու անոր պատուիրանքները պահէ, Վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։ 14Քանզի Աստուած ամէն գործը, Ամէն ծածուկ բաներու հետ, Թէ՛ բարին և թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ։