Ժողովող գիրք

2

1Ես իմ սրտիս մէջ ըսի, Եկուր հիմա ուրախութեան միջոցով քեզ փորձեմ. Ուստի բարիքներ վայելէ. Եւ ահա ասիկա ալ ունայնութիւն է։ 2Ծիծաղին համար ըսի թէ Յիմար է, Եւ ուրախութեանը համար՝ թէ Ասոր ըրածը ի՞նչ է։ 3Սրտիս մէջ խորհեցայ որ մարմինս գինիով զուարթացնեմ, Եւ իմաստութեան առաջնորդութիւնովը անմտութիւնը ճանչնամ, Որպէս զի տեսնեմ թէ ի՛նչ է մարդոց որդիներուն բարին, Զոր կրնան ընել երկինքի տակ Իրենց կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։ 4Մեծ գործեր ըրի. Ինծի տուներ շինեցի, ու ինծի այգիներ տնկեցի. 5Ինծի պարտէզներ և դրախտներ շինեցի, Ու անոնց մէջ ամէն տեսակ բերող տնկեցի. 6Ինծի ջուրի աւազաններ շինեցի, Որպէս զի անոնցմէ ծառ բուսցնող անտառը ոռոգուի. 7Ծառաներ ու աղախիններ ստացայ, Եւ իմ տանս մէջ ծնած ծառաներ ունեցայ. Ու շատ արջառներ և հօտեր ունեցայ Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներուն ամէնէն աւելի։ 8Նաև ինծի արծաթ ու Եւ թագաւորներու ու գաւառներու գանձեր դիզեցի. Ինծի այր և երգեցողներ ստացայ, Ու մարդոց որդիներուն զուարճութիւնները և ամէն տեսակ շքեղութիւն*։ 9Եւ ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներուն Ամէնէն մեծ եղայ ու բարգաւաճեցայ. Իմաստութիւնս ալ իմ քովս կը կենար։ 10Եւ իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւնը անոնցմէ չարգիլեցի, Ու իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի. Հապա իմ սիրտս իմ բոլոր աշխատութիւններէս ուրախացաւ. Եւ իմ բոլոր աշխատութիւններէս բաժինս ասիկա էր։ 11Ու ես իմ ձեռքերուս ըրած ամէն գործերուն, Ու ընելու համար իմ քաշած ամէն աշխատանքիս նայեցայ, Եւ ահա ամէնը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին, Ու արևուն տակ օգուտ չկար։ 12Եւ ես դարձայ իմաստութիւնը տեսնելու, Նաև յիմարութիւնը ու անմտութիւնը. Վասն զի թագաւորին ետևէն եկող մարդը ի՞նչ կրնայ ընել. Ինչ որ արդէն ըրած են: 13Ուստի տեսայ որ իմաստութիւնը անմտութենէն օգտակար է, Ինչպէս լոյսը խաւարէն օգտակար է: 14Իմաստունին աչքերը իր գլխուն վրայ են, Իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ. Բայց ես հասկցայ որ Անոնց ամէնուն պատահած դիպուածը մէկ է: 15Այն ատեն իմ սրտիս մէջ ըսի, Որովհետև անմիտին պատահածը ինծի ալ պիտի պատահի, Ուրեմն ես ինչո՞ւ համար աւելի իմաստուն եղայ. Այս պատճառաւ իմ սրտիս մէջ ըսի որ այս ալ ունայնութիւն է: 16Վասն զի ինչպէս անմիտին՝ նմանապէս իմաստունին Յաւիտեան յիշատակը չկայ. Վասն զի հիմա եղած բաներուն ամէնը Ապագայ ժամանակին մէջ պիտի մոռցուին. Ու իմաստունը ի՞նչպէս կը մեռնի. Անմիտին պէս։ 17Անոր համար այս կեանքէն զզուեցայ, Վասն զի արևուն տակ եղած գործերը ինծի գէշ երևցան, Քանզի ամէնը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են։ 18Եւ ես արևուն տակ քաշած բոլոր աշխատութենէս զզուեցայ, Քանզի ինծմէ ետքը գալու մարդուն պիտի թողում զանիկա. 19Եւ ո՞վ գիտէ թէ անիկա իմաստո՛ւն պիտի ըլլայ թէ անմիտ. Բայց պիտի տիրէ իմ բոլոր աշխատութիւններուս վրայ, Զորոնք արևուն տակ աշխատեցայ, Ու անոնց մէջ իմաստութիւն ցուցուցի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։ 20Եւ ես դարձայ, որպէս զի արևուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքիս վրայով Իմ սրտէս յոյսս կտրեմ։ 21Վասն զի մարդ կայ որուն աշխատութիւնը Իմաստութեամբ, գիտութեամբ և յաջողութեամբ կ’ըլլայ, Բայց անոր մէջ չաշխատող մարդուն իբրև բաժին կու տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու մեծ չարիք մըն է։ 22Վասն զի մարդ արևուն տակ քաշած իր բոլոր աշխատանքէն Ու սրտին տանջանքէն ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։ 23Քանզի անոր բոլոր օրերը վիշտերով, Ու գործը տրտմութեամբ լեցուն են. Անոր սիրտը գիշերը անգամ հանգըստութիւն չգտներ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է: 24Մարդս ուտելէն ու խմելէն Եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէն զատ աղէկութիւն մը չունի։ Ես ասիկա ալ տեսայ որ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ։ 25Վասն զի ինծմէ զատ* ո՞վ կրնայ ուտել, Եւ ո՞վ կրնայ զուարճանալ։ 26Քանզի իր առջև հաճելի եղող մարդուն Իմաստութիւն, գիտութիւն և ուրախութիւն կու տայ. Բայց մեղաւորին զբաղմունք կու տայ, Որպէս զի անիկա ստացուածք ժողվէ ու դիզէ, Որպէս զի Աստուծոյ առջև հաճելի եղողին տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981