Ժողովող գիրք
5
Անխոհեմ խոստումներ մի՛ ըներ
1Երբ Աստուծոյ տունը կ’երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ. Եւ աւելի մտիկ ընելու մօտեցիր, Քան թէ անմիտներու զոհ մատուցանելու. Վասն զի անոնք չեն գիտեր թէ չարութիւն կ’ընեն։ 2Բերնովդ մի աճապարեր, Եւ քու սիրտդ Աստուծոյ առջև խօսք հանելու չարտորայ. Քանզի Աստուած երկինքն է, ու դուն երկրի վրայ ես, Անոր համար քու խօսքերդ քիչ ըլլան։ 3Վասն զի երազը շատ զբաղմունքէն յառաջ կու գայ, Ու հիմարին ձայնը՝ շատ խօսքերէն։ 4Երբ Աստուծոյ ուխտ կ’ընես, Զանիկա կատարելը մի ուշացներ. Քանզի Աստուած անմիտներուն չհաճիր. Ըրած ուխտդ կատարէ։ 5Աղէկ է որ ուխտ չընես, Քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես։ 6Թող մի տար որ քու բերանդ մարմնիդ մեղք գործել տայ, Եւ հրեշտակին առջև մի ըսեր թէ Սխալանք եղաւ. Ինչո՞ւ Աստուած քու խօսքիդ համար բարկանայ, Ու ձեռքերուդ գործը աւրէ։ 7Վասն զի երազներուն շատութեանը մէջ Եւ խօսքերուն շատութեանը մէջ Ունայնութիւններ ալ կան. Բայց դուն Աստուծմէ վախցիր։
Կեանքը անօգուտ է
8Եթէ գաւառի մէջ աղքատին եղած զրկանքը Ու իրաւունքի և արդարութեան ծռուիլը տեսնես, Այս բանին վրայ մի զարմանար. Վասն զի բարձրերուն վրայ Բարձր եղողը կը դիտէ. Եւ ասոնցմէ Բարձրը կայ։ 9Երկիր ամէնուն ալ օգտակար է. Թագաւորին անգամ արտէն ծառայութիւն կ’ըլլայ։ 10Արծաթ սիրողը արծաթէն չկշտանար, Ոչ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն: Ասիկա ալ ունայնութիւն է։ 11Երբ բարիքը կը շատնայ, Ուտողներն ալ կը շատնան. Ուրեմն զանիկա ունեցողներուն՝ Աչքով տեսնելէն զատ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ։ 12Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ Թէ՛ շատ և թէ՛ քիչ ուտէ. Բայց հարուստին կուշտ ըլլալը* Չթողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ։ 13Արևուն տակ տեսայ որ գէշ ցաւ մը կայ, Այսինքն այն հարստութիւնը որ իր տէրոջը ձախորդութեանը համար պահուած է. 14Եւ այն հարստութիւնը ձախորդ դիպուածով մը կը կորսուի. Ու ինք տղայ կը ծնանի, և անոր ձեռքը բան մը չկայ։ 15Ինչպէս իր մօրը որովայնէն ելաւ, Այնպէս մերկ կը դառնայ. Ինչպէս եկաւ,այնպէս կ’երթայ, Ու իր աշխատութենէն բան մը չառներ զոր իրեն հետ տանի։ 16Այս ալ գէշ ցաւ մըն է, Որ ինչպէս եկաւ, ճիշդ այնպէս կ’երթայ. Եւ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ անոր Որ հովի համար կ’աշխատի։ 17Անիկա իր բոլոր օրերը խաւարի մէջ կ’ուտէ Մեծ տրտմութեամբ, հիւանդութեամբ և սրտմտութեամբ։ 18Ահա այս աղէկութիւնը տեսայ, Որ վայելուչ է ուտել ու խմել, Եւ Աստուծոյ՝ մէկուն տուած կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Արևուն տակ իր քաշած բոլոր աշխատանքին բարիքը վայելել, Վասն զի անոր բաժինը ասիկա է։ 19Եւ ո՛ր մարդուն որ Աստուած հարըստութիւն ու ստացուածք կու տայ, Ու անկէ ուտելու և բաժինը առնելու Ու իր աշխատանքէն ուրախանալու իշխանութիւն կու տայ, Ասիկա Աստուծոյ պարգևն է։ 20Քանզի անիկա իր կեանքին օրերը շատ չյիշեր. Վասն զի Աստուած անոր սրտին ուրախութիւնովը անոր պատասխան կու տայ։