Ժողովող գիրք

6

1Արևուն տակ տեսայ որ չարիք մը կայ, Ու անիկա մարդոց մէջ շատ կը գտնուի. 2Մարդ մը՝ որու հարստութիւն և ստացուածք և կու տայ, Այնպէս որ իր հոգիին ցանկացած բաներէն պակսութիւն մը չունենար. Բայց Աստուած անոր իշխանութիւն չտար անկէ ուտելու, Հապա զանիկա օտար մարդ կ’ուտէ։ Այս ալ ունայնութիւն ու գէշ ցաւ մըն է։ 3Եթե մարդ հարիւր զաւակ ծնանի, Ու շատ տարիներ ապրի, Եւ անոր տարիներուն օրերը շատ ըլլան, Ու անոր հոգին բարութենէ չկշտանայ, Եւ անիկա ալ չունենայ, Կ’ըսեմ որ վիժածը անկէ աղէկ է. 4Վասն զի ասիկա ունայնութեամբ կու գայ, ու խաւարով կ’երթայ, Եւ անունը խաւարի մէջ կը ծածկուի. 5Արևն ալ չտեսաւ ու բան մը չգիտցաւ. Ասիկա միւսէն աւելի հանգիստ է։ 6Իսկ անիկա թէև երկու հազար տարի ապրի, Ու աղէկութիւն չտեսնէ, Միթէ ամէնը մէկ տեղ չե՞ն երթար։ 7Մարդուն բոլոր աշխատութիւնը իր բերնին համար է, Սակայն անոր հոգին չկշտանար։ 8Քանզի իմաստունը անմիտէն աւելի ի՞նչ բան ունի. Կենդանիներուն մէջ քալել գիտցող աղքատը ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։ 9Աչքերով տեսնելը հոգիով փափաքելէն աղէկ է։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։ 10Ինչ որ եղաւ, արդէն անոր դրուած է, Եւ յայտնի է թէ մարդն է. Ու անիկա իրմէ Զօրաւորին հետ վիճելու կարող չէ: 11Որովհետև ունայնութիւն շատցնող շատ բաներ կան, Մարդուն ի՞նչ կը մնայ։ 12Քանզի ո՞վ գիտէ թէ ո՛ր բանը աղէկ է կենդանի մարդուն՝ Ստուերի պէս անցուցած իր ունայն կեանքին բոլոր օրերուն մէջ. Վասն զի մարդուն ո՞վ պիտի յայտնէ, Թէ իրմէ ետքը արևուն տակ ի՛նչ պիտի ըլլայ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981