Ժողովող գիրք
8
1Իմաստունին պէս ո՞վ կայ. Ու խօսքի մեկնութիւնը ո՞վ գիտէ. Մարդուն իմաստութիւնը անոր երեսը կը փայլեցնէ, Ու երեսին պնդութիւնը կը փոխուի։
Թագաւորին հնազանդիլ
2Ես կ’ըսեմ որ Թագաւորին հրամանը պահէ. Մանաւանդ Աստուծոյ երդումին պատճառաւ։ 3Անոր առջևէն ելլելու մի արտորար. Չար գործի մէջ մի կենար, Վասն զի անիկա ինչ որ ուզէ՝ կ’ընէ։ 4Ուր որ թագաւորին խօսքը կայ, հոն իշխանութիւն կայ. Ու ո՞վ կրնայ անոր ըսել թէ Ի՞նչ կ’ընես։ 5Պատուիրանքը պահողը չարիքի չհանդիպիր. Եւ իմաստունին սիրտը ժամանակը ու յարմարութիւնը կը ճանչնայ։ 6Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն իր ժամանակը ու յարմարութիւնը ունի, Քանզի մարդուն վրայ շատ նեղութիւն կու գայ։ 7Վասն զի անիկա ըլլալու բանը չգիտեր. Եւ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր թէ ի՛նչպէս պիտի ըլլայ։ 8Հոգիին վրայ իշխող մարդ չկայ, որ հոգին արգիլէ, Ու մահուան օրուանը վրայ տիրող չկայ. Եւ այն պատերազմին մէջ արձակում չկայ. Ու ամբարշտութիւնը իրեն հետևողները չազատեր։ 9Ասոնց ամէնը տեսայ, Ու արևուն տակ եղող ամէն գործին իմ սիրտս տուի։ Ատեն կայ որ մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ Իրեն թշուառութեանը համար։ 10Եւ ասոր հետ տեսայ ամբարիշտները Որոնք թաղուեցան գացին ու սուրբ տեղէն ելան, Եւ մոռցուեցան այն քաղաքին մեջ՝ ուր այսպէս ըրին։ Այս ալ ունայնութիւն է։ 11Որովհետև գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չկատարուիր, Այս պատճառաւ մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է։ 12Թէև մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէ, Ու անոր կեանքը երկննայ ալ, Այսու ամենայնիւ ստոյգ գիտեմ որ բարութիւնը Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն, պիտի ըլլայ։ 13Բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ. Ու անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ. Վասն զի Աստուծոյ երեսէն չվախնար։ 14Ունայնութիւն մը կայ, որ աշխարհիս վրայ կ’ըլլայ. Այսինքն արդարներ կան, որոնց ամբարիշտներուն գործին պէս կը պատահի, Ու ամբարիշտներ ալ կան, որոնց արդարներուն գործին պէս կը պատահի։ Ըսի որ Այս ալ ունայնութիւն է։ 15Ու ես ուրախութիւնը գովեցի, Վասն զի մարդ արևուն տակ՝ Ուտելէ, խմելէ և ուրախութիւն ընելէ զատ Աղէկ բան մը չունի. Վասն զի արևուն տակ Աստուծոյ անոր տուած կեանքին օրերուն մէջ Իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ անոր։ 16Երբ ես իմ սիրտս տուի իմաստութիւնը գիտնալու, Ու երկրի վրայ եղած զբաղմունքը տեսնելու, (Վասն զի թէ՛ ցորեկ և թէ՛ գիշեր Իր աչքը քուն չտեսնող մարդ կայ,) 17Այն ատեն Աստուծոյ բոլոր գործերէն հասկցայ, Որ մարդ չկրնար գտնել այն գործը՝ որ արևուն տակ կ’ըլլայ. Վասն զի մարդ կ’աշխատի փնտռելու, բայց չգտներ, Ու թէև իմաստունն ալ Գիտնամ ըսէ, գտնելու կարող չըլլար։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981