Ժողովող գիրք
9
1Վասն զի այս ամէնը իմ սրտիս մէջ դրի, Որ այս ամէնը քննեմ, Որ արդարները և իմաստունները ու անոնց գործերը Աստուծոյ ձեռքին մէջ են. Մարդ չգիտեր թէ՛ սէրը և թէ՛ ատելութիւնը. Ամէն բան անոնց առջև է։ 2Ամէն բան ամէնուն հաւասարապէս կը պատահի. Արդարին ու ամբարշտին, Բարի մարդուն, մաքուրին ու անմաքուրին, Զոհ ընողին ու զոհ չընողին Պատահած դիպուածը մէկ է. Ինչպէս է բարի մարդը, մեղաւորն ալ այնպէս է. Երդում ընողը երդումէ վախցողին պէս է։ 3Արևուն տակ եղած բոլոր գործերուն մէջ գէշ բանը այս է, Որ ամէնուն պատահած դիպուածը մէկ է. Ու նաև մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութեամբ լեցուած ըլլալով՝ Իրենց կենդանութեան ատենը իրենց սրտին մէջ խենթութիւն կայ, Ու ետքը մեռելներուն կ ’իջնեն: 4Քանզի բոլոր կենդանիներուն ընկերացած մարդէն յոյս կայ. Վասն զի ողջ շունը մեռած առիւծէն աղէկ է։ 5Որովհետև կենդանիները գիտեն որ պիտի մեռնին. Բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր. Ու ալ վարձք մը չեն առներ. Վասն անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։ 6Թէ՛ անոնց սէրը, թէ՛ ատելութիւնը Եւ թէ՛ նախանձը արդէն կորսուեցաւ, Ու անոնք արևուն տակ եղող բաներուն մէջ՝ Ալ յաւիտեան բաժին մը չունին։ 7Գնա հացդ ուրախութեամբ կեր, Ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ, Վասն զի արդէն Աստուած քու գործերուդ հաւնեցաւ։ 8Հանդերձներդ ամէն ատեն ճերմակ ըլլան, Ու գլխուդ վրայէն իւղը պակաս չըլլայ։ 9Քու սիրած կնոջդ հետ կեանք վայելէ Քու ունայնութեան կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ, Զոր Աստուած քեզի տուաւ արևուն տակ Քու ունայնութեանդ բոլոր օրերուն մէջ. Վասն զի այս կեանքին մէջ քու բաժինդ անիկա է՝ Արևուն տակ քաշած աշխատանքէդ։ 10Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, Բոլոր ուժովդ ըրէ. Քանզի այն քու երթալու գերեզմանիդ մէջ Գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ։ 11Դարձայ ու արևուն տակ տեսայ, Որ ճամբան վազողներուն չէ, Ու պատերազմը զօրաւորներուն չէ, Ու նաև հացը իմաստուններուն չէ, Եւ հարստութիւնն ալ հանճարեղներուն չէ, Ու նաև շնորհքը գիտուններուն չէ. Հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահի ամէնուն. 12Վասն զի մարդ իր ատենը անգամ չգիտեր. Ինչպէս ձուկերը չար ուռկանով կը բռնուին, Եւ թռչունները ծուղակի մէջ կը բռնուին, Նոյնպէս մարդոց որդիներն ալ որոգայթի մէջ կ’իյնան, Երբ չար ժամանակը յանկարծ անոնց վրայ կու գայ։
Իմաստութեան և յիմարութեան վրայ խորհրդածութիւն
13Արևուն տակ այս իմաստութիւնն ալ տեսայ, Ու անիկա ինծի մեծ երևցաւ. 14Պզտիկ քաղաք մը՝ ու մէջն ալ քիչ մարդ կար, Եւ անոր վրայ մեծ թագաւոր մը եկաւ ու զանիկա պաշարեց, Եւ անոր դէմ մեծ պատնէշներ շինեց. 15Ու անոր մէջ աղքատ իմաստուն մը գտնուեցաւ, Եւ անիկա իր իմաստութիւնովը քաղաքը ազատեց. Բայց այս աղքատ մարդը բնաւ յիշող մը չեղաւ։ 16Այն ատեն ըսի թէ Իմաստութիւնը ուժէն աղէկ է, Թէև աղքատին իմաստութիւնը կ’անարգեն, Ու անոր խօսքերը մտիկ չեն ըներ։ 17Իմաստուններուն մեղմ խօսքերը Յիմարներուն մէջ իշխան եղողին աղաղակէն աղէկ կը լսուին։ 18Իմաստութիւնը պատերազմական զէնքերէն աղէկ է. Բայց մէկ մեղաւորը շատ բարութիւններու կորուստին պատճառ կ’ըլլայ։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981